կարևոր
451 դիտում, 45 րոպե առաջ - 2026-09-10 18:09
Հասարակություն

Սփյուռքի զորաշարժ և վերաշխուժացում՝ հանուն համազգային նպատակների

Սփյուռքի զորաշարժ և վերաշխուժացում՝ հանուն համազգային նպատակների

Ներածական

Սփիւռքի Զօրաշարժի Խորհրդաժողովին (Փարիզ, Ապրիլ 11-12) ընթացքին տեղի ունեցած չորս կլոր սեղաններու քննարկումներուն ամփոփումը առաջիկայ օրերուն փուլ առ փուլ կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն։ Այս համառոտագիրները կ՚անդրադառնան Սփիւռքի դերակատարութեան, ազգային ինքնութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն եւ համազգային կազմակերպման հիմնական մարտահրաւէրներուն ու հեռանկարներուն։  

Անոնք միայն քննարկումներու արձանագրութիւններ չեն, այլ նաեւ փորձ մը՝ համակարգելու Սփիւռքի առջեւ ծառացած հիմնական խնդիրները եւ նախանշելու ապագայի ռազմավարական, քաղաքական, կրթական ու կազմակերպչական ուղենիշները։ Քննարկումներուն մէջ հնչած գաղափարներն ու առաջարկները կոչուած են նպաստելու համահայկական քննարկումին, երկխօսութեան եւ նոր նախաձեռնութիւններու ձեւաւորման։

Խորհրդաժողովին, կլոր սեղաններու մասնակիցներուն եւ քննարկուած նիւթերուն մասին լրացուցիչ տեղեկութիւններ կարելի է գտնել Խորհրդաժողովի պաշտօնական կայքէջին մէջ:

 

Սփիւռքի Զօրաշարժի Խորհրդաժողով

Ապրիլ 11, 12 Փարիզ

Սփիւռքի զօրաշարժ եւ վերաշխուժացում յանուն համազգային նպատակներու

 

Սփիւռքի դերակատարութիւնը պէտք է դուրս բերուի բարեսիրական կամ մշակութային սահմանափակ շրջանակներէն եւ զայն տեղաւորել միջազգային իրաւունքի ու քաղաքական ազդեցութեան դաշտին մէջ։ Այս մօտեցումը սփիւռքը կը դիտէ որպէս ռազմավարական դերակատար։

Հայկական պետութեան զուգահեռ դիւանագիտութեան գաղափարը տեսականօրէն գրաւիչ է, բայց գործնականօրէն կախեալ կը մնայ այն պետութիւններու քաղաքական կամքէն, որոնցմէ միջամտութիւն կ՚ակնկալուի։ Միջազգային իրաւունքը յաճախ կը գործէ ուժային քաղաքականութեան սահմաններուն մէջ, եւ ոչ միշտ՝ իրաւական սկզբունքներու մաքուր կիրառութեամբ։

«Սփիւռքներու իրաւունք» հասկացութիւնը հետաքրքրական եւ նորարար գաղափար մըն է, սակայն ներկայիս միջազգային համակարգը տակաւին հիմնուած է ինքնիշխան պետութեան վրայ։ Հետեւաբար այս գաղափարը աւելի շատ երկարաժամկէտ տեսլական է, քան մօտ ապագային իրագործելի քաղաքական ծրագիր։

Ռազմավարական առաջարկ՝ Ստեղծել Համաշխարհային Հայկական Իրաւական եւ Դիւանագիտական Ցանց

Սփիւռքի ազդեցութիւնը համակարգուած եւ երկարաժամկէտ դարձնելու համար անհրաժեշտ է ստեղծել համաշխարհային մշտական ցանց մը, որ պիտի համախմբէ՝                      

  • Միջազգային իրաւաբաններ
  • Դիւանագէտներ
  • Ակադեմականներ
  • Քաղաքական վերլուծաբաններ
  • Մարդու իրաւունքներու մասնագէտներ
  • Սփիւռքեան կազմակերպութիւններ

Այս կառոյցին հիմնական առաքելութիւնը պիտի ըլլայ.

  1. Արցախի վերադարձի իրաւունքի պաշտպանութիւնը։
  2. Հայ գերիներու հարցի միջազգայինօրէն առաջ մղումը։
  3. Հայոց Ցեղասպանութեան եւ փոխհատուցման հարցերու իրաւական զարգացումը։
  4. Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ ժողովրդավարութեան վերաբերող հարցերու մշտադիտարկումը։
  5. «Սփիւռքներու իրաւունք» գաղափարին տեսական եւ գործնական զարգացում։

Ցեղասպանութիւնը շարունակուող գործընթաց

Հայ ժողովուրդին դէմ իրականացուող ցեղասպանութիւնը պէտք չէ դիտարկել որպէս 1915 թուականի պատմական իրադարձութիւն, այլ որպէս շարունակական, կազմակերպուած եւ փուլ առ փուլ զարգացող գործընթաց։

Ռազմավարական առաջարկ՝ Ստեղծել Հայկական Անվտանգութեան Համաշխարհային Յանձնախումբ Հիմնական գաղափարէն կը բխի այն, որ հայ ժողովուրդը պէտք ունի մշտական կառոյցի մը, որ ցեղասպանական սպառնալիքները դիտարկէ ոչ միայն որպէս պատմական կամ իրաւական խնդիր, այլ որպէս ազգային անվտանգութեան հարց։

Համաշխարհային Հայկական Կրթական Վերածնունդ 2040

Պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդի գոյատեւման հիմնական գաղտնիքը եղած է ոչ թէ միայն պետականութիւնը կամ ռազմական յաղթանակները, այլ մշակոյթի, լեզուի եւ կրթութեան վրայ հիմնուած ազգային ինքնութեան ստեղծումը։ Այս մօտեցումը կը միտի խնդիրը դիտել 50-100 տարուան հեռանկարով՝ կեդրոնանալով այն գործօններուն վրայ, որոնք կ’որոշեն ազգի գոյատեւումը իրերայաջորդ սերնդափոխութեան ընթացքին։

Ազգային ինքնութիւնը կը պահպանուի հաստատութիւններով։ Պատմական օրինակները ցոյց կու տան, որ հայութեան ամէնէն մեծ յաջողութիւնները կրթական եւ մշակութային ներդրումներու արդիւնք եղած են։ Ժողովրդագրական եւ մշակութային վտանգներու սթափ գնահատականը, մասնաւորաբար ներկայացուած դպրոցական վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան, որ ներկայ համակարգը երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ անբաւարար է։

Ուստի կ՚առաջարկուի ստեղծել «Համաշխարհային Հայկական Կրթական Վերածնունդ 2040» նախաձեռնութիւնը, որուն նպատակները պիտի ըլլան․

  1. Սփիւռքի հայկական դպրոցներու ընդգրկումը 15 տարուան ընթացքին բարձրացնել 30-40 տոկոսի։
  2. Տարբեր երկիրներու մէջ ստեղծել charter school, immersion school եւ bilingual education մոտելներ։
  3. Հիմնել համաշխարհային «Հայկական Կրթական Ինկուբատոր»՝ նոր դպրոցներու եւ կրթական ծրագիրներու ստեղծման աջակցութեան համար։
  4. Զարգացնել առցանց եւ արհեստագիտական կրթական հարթակներ, որոնք կը հասնին այն ընտանիքներուն, որոնց զաւակները հայկական դպրոցներ չեն յաճախեր։
  5. Ստեղծել հայկական ինքնութեան, լեզուի եւ պատմութեան փոխանցման միջազգային միասնական ռազմավարութիւն։

Սփիւռքի կազմակերպական, նիւթական եւ քաղաքական հզօրացում

Միւս կարեւոր ուղղութիւնը հիմնականօրէն կեդրոնացած է սփիւռքի կազմակերպական, նիւթական եւ քաղաքական հզօրացման գործնական պայմաններուն վրայ՝ զբաղելով կառավարման, կազմակերպման եւ ազդեցութեան մեքանիզմներով։

Այս մօտեցման հիմնական արժէքը անոր գործնական եւ իրատեսական բնոյթն է, քանի որ սփիւռքի մեծամասնութիւնը անմիջականօրէն ներգրաւուած չէ ազգային գործունէութեան մէջ, եւ անհրաժեշտ է հասնիլ այդ լայն շրջանակներուն։ Առանձնապէս կարեւոր է նիւթական անկախութեան վրայ դրուած շեշտը, քանի որ տնտեսական ենթակառոյցները անհրաժեշտ են երկարաժամկէտ ազդեցութեան համար։ Կարեւոր է նաեւ պետութեան եւ կառավարութեան տարբերակման գաղափարը, որպէսզի քաղաքական տարակարծութիւնները չվերածուին պետական շահերու նկատմամբ անտարբերութեան։

Ուստի կ՚առաջարկուի ստեղծել «Համաշխարհային Սփիւռքեան Զարգացման եւ Հիմնադրամ», որուն հիմնական նպատակները պիտի ըլլան․

  1. Ապահովել սփիւռքեան կառոյցներու երկարաժամկէտ ֆինանսաւորում։
  2. Աջակցիլ նոր սերունդի առաջնորդական եւ կազմակերպչական ծրագիրներուն։
  3. Զարգացնել թուային հաղորդակցութեան եւ համահայկական տեղեկատուական հարթակներ։
  4. Ֆինանսաւորել համայնքային եւ քաղաքական ազդեցութեան ծրագիրներ։
  5. Ուսումնասիրել եւ մշակել Հայաստանի պետական համակարգին մէջ սփիւռքի ներկայացուցչութեան օրէնսդրական մոտելներ։