կարևոր
3574 դիտում, 11 ամիս առաջ - 2023-04-16 15:00
Աշխարհ Հասարակություն

ՀՅԴ աշխարհասփիւռ Երիտասարդական, Ուսանողական եւ Պատանեկան Միութիւններու վարչութեանց առցանց հանդիպում

ՀՅԴ աշխարհասփիւռ Երիտասարդական, Ուսանողական եւ Պատանեկան Միութիւններու վարչութեանց առցանց հանդիպում

15 Ապրիլին, տեղի ունեցաւ առցանց հաւաք մը մասնակցութեամբ Պատանեկան, Ուսանողապան եւ Երիտասարդական 30 միութիւններու, 14 երկիրներէ 50-ի հասնող ներկայացուցիչներու։

Ժողովին յատուկ զեկուցոգմներ տրուեցան Արցախի Երիտասարդական Միութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ Երիտասարդական Գրասենեակի յառաջիկայ աշխատանքներուն եւ միասնական գործունէութեանց շուրջ, ի մասնաւորի ռազմավարական յատուկ նշանակութիւն ունեցող ծրագիրները, մեր զոյգ հանրապետութիւններուն դիմագրաւած ներկայ հանգրուանին։

«Դէպի Սիւնիք» եւ «Յանուն Արցախ» համապարփակ ծրագրերէն, մինչեւ Կիպեր անվտանգութիւն, շարքերու ընդլայնում եւ յեղափոխական ու մարտունակ երիտասարդութեան պատրաստութիւն։

Հաւաքը կրկին անգամ հաստատեց ՀՅԴ Երիտասարդականին միասնակամ դիրքաւորումը՝ դիմադրութեան եւ պայքարի պատնէշին։