կարևոր
3853 դիտում, 1 տարի առաջ - 2022-11-03 21:02
Աշխարհ Քաղաքական

ՀՅԴ Պատանեկան Միութիւններու Վարչութիւններու Առցանց Հաւաք

ՀՅԴ Պատանեկան Միութիւններու Վարչութիւններու Առցանց Հաւաք

Կիրակի, 30 Հոկտեմբեր 2022-ին Հ.Յ.Դ. Բ.-ի Երիտասարդական Գրասենեակը հանդիպում ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմիններու եւ վարիչ կազմերու դիւաններուն հետ:

Հանդիպումին կը մասնակցէին տասը շրջաններ, Գրասենեակին կողմէ ներկայացուեցան Գրասենեակի աշխատանքները,Պատանեկան Միութիւններու Ուղեցոյցը եւ պատանեկան հարցերու յանձնախումբի յառաջիկայ վեցամսեայի ծրագիրները: Նախատեսուած ծրագիրներուն մէջ առանձնացուեցան հետեւեալ գլխաւոր երեք նախաձեռնութիւնները, որոնց մասին մանրամասնութիւններ փոխանցուեցան.

.ա.-ՎԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԱՌՑԱՆՑ Բ. ԴԱՍԸՆԹՆԱՑՔ.- Առաջին դասընթացքը կազմակերպուած էր անցեալ տարի եւ տարբեր տարածաշրջաններէ անոր մասնակցած էին 70 վարիչներ: Այս դասընթացքները կ՛ընդգրկեն դաստիարակչական ու մանկավարժական գիտելիքներ, որոնց քննարկման ընթացքին մասնակցող միութիւններուն միջեւ փորձառութիւններու փոխանակում տեղի կ՛ունենայ:

բ.-«ՊԱՏԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆ» ծրագիրը.- Մրցակցութիւնն ու խրախուսանքը դաստիարակութեան մարզէն ներս լաւագոյն միջոցներէն համարելով, տարբեր ոլորտներու մէջ առցանց մրցաշարքեր պիտի կազմակերպուին:

գ.-«ՊԱՏԱՆԻԻ ԱՇԽԱՐՀԸ» ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹ.- որ կը միտի պատանիներուն ստեղծագործական կարողութիւնները խրախուսել, գրականութեան թէ արուեստի զանազան ոլորտներու մէջ անոնց արտայայտչական կարողութիւնները զարգացնել եւ ազատ խօսքի գաղափարը ընդհանրացնել, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր Վարիչ մարմիններու եւ վարիչներու մակարդակին միտքերու ու փորձառութիւններու փոխանակման հանդէս դառնալ:

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակ