Փոխարժեքներ
03 09 2025
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 384.03 |
EUR | ⚊ | € 443.29 |
RUB | ⚊ | ₽ 4.795 |
GBP | ⚊ | £ 510.11 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.29 |
֊ Մեծ խաղին մէջ մենք ընելիք չունինք։
֊ Արցախի հարցը փակուած է։
֊ Հողային պահանջք չունինք Թուրքիայէն ու Ազրպէյճանէն։
֊ Կարեւորը այսօրուան Հայաստանը պահենք ու զարգացնենք։
֊ Մոռցէ'ք դատը եւ ձեր քէֆին նայեցէ'ք։
֊ Շուշին ազատագրելը երազ է։
֊ Վերադարձ չկայ, եւ պէտք չէ ժողովուրդին կեղծ լօզունքներով գինովցնել։
Եւ այսպէս, ամէն վայրկեան, ներսէն ու դուրսէն յանձնուողական ու զիջողական կոչեր, պարտուողական եւ ոչ հայու վայել զրոյցներ, հաշտուողական մօտեցումներ, անկարութեան զգացումներ, յուսախաբութեան մթնոլորտ, ու այս բոլորին դիմաց ազգային մտածողութեան թաղման արարողութիւններ ու գաղափարական տեսլականներուն հանդէպ վարկաբեկիչ եւ երբեմն ալ գռեհիկ վերաբերմունքներ։
Մոռցան հայրենիքը, անարգեցին հազարաւոր նահատակները, քանդեցին ժառանգութիւնը, փճացուցին արմատները եւ սպաննեցին սերունդներու տեսիլքը։
Էրտողանը դարձաւ բարեկամ, Ալիեւը` եղբայր, Նիկոլը` շինարար, իսկ Թրամբն ալ` փրկարար։ Առանց մեղանչումի ներեցին եւ առանց հատուցումի հաշտուեցան։
Դժբախտաբար գինովցած են կերուխումներով, տոլարներով ու խոստումներով, եւ կը հաւատան, որ առանց Արցախի ու վաղն ալ առանց Սիւնիքի հանգիստ պիտի ապրին։ Հայրենիքը ծախողն ու առուծախին մասնակցողը շուտով Երեւանն ալ պիտի ծախէ։ Թուրքին գիրկերուն մէջ հանգիստ չկայ։ Վերածուեցան բարոյազուրկ, ազգազուրկ եւ հոգեզուրկ հաւաքականութեան։
Ժողովուրդին այս տխուր, վիրաւորական ու քայքայիչ պատկերին դիմաց, բարեբախտաբար տակաւին կան հայեր, իսկական հայեր, որոնց մէկ մասը այսօր հրապարակն էր, մէկ մասը բանտերուն մէջ էր, մէկ մասը ահ ու սարսափի հետեւանքով չմիացաւ, մէկ մասն ալ հայրենիքէն հեռու մտովի ներկայ էր։
Քիչ ենք, բայց միշտ ալ փրկարար դեր ունեցած ենք։ Էականը հայերուն մէջ Վերադարձի գաղափարը կենդանի պահելն է։ Կարեւորը մեր սիրտերուն մէջ Արցախի ներկայութիւնն է։ Կարեւորը Արցախի դրօշը բարձր պահելն է։
Ասկէ աւելի վատ պայմաններուն մէջ ազգը վերականգնած է։ Այս ամպերը պիտի երթան։ Խաղին օրէնքներն ալ ուշ կամ կանուխ պիտի փոխուին, որովհետեւ ոչ մէկ բան մնայուն է,։ Կարեւորը Վերադարձի տեսիլքը ապրի։ Պէ'տք է ապրի։
Ինչ ալ ըլլան պայմանները, այո', Վերադարձ կա'յ։ Եթէ մենք չտեսնենք վստահաբար մեր զաւակները կամ թոռները պիտի տեսնեն։ Չմարե'նք ջահը։ Այս է այսօրուան գլխաւոր մարտահրաւէրը, եւ այս առնչութեամբ ընելիք ունինք։
Հաւատացէ'ք։ Անկասկած Արցախ Վերադարձ կա'յ։
Րաֆֆի Դեմիրճյան