Փոխարժեքներ
12 06 2025
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 384.44 |
EUR | ⚊ | € 434.11 |
RUB | ⚊ | ₽ 4.8278 |
GBP | ⚊ | £ 515.15 |
GEL | ⚊ | ₾ 140.51 |
Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը ընդունել է Լիբանանում Ղազախստանի դեսպանին․
«Երկուշաբթի, 9 Յունիս 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մայրավանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանան Հանրապետութեան մօտ Ղազախիստան Հանրապետութեան դեսպան Ռասուլ Ճումալիի. անոր կ՚ընկերանար դեսպանատան քաղաքական հարցերու պատասխանատուն:
Այցելութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, անոր կառոյցին ու առաքելութեան, ինչպէս նաեւ խորհրդակցիլ Վեհափառ Հայրապետին հետ Ղազախիստանի մէջ կայանալիք միջ-կրօնական երկխօսութեան նուիրուած համագումարին շուրջ:
Վեհափառ Հայրապետը դեսպանին ընդհանուր գիծերով ներկայացուց մեր Սուրբ Աթոռին վարչակազմակերպչական կառոյցն ու առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր միջազգային յարաբերութիւնները: Միջ-կրօնական գործակցութեան գծով, Նորին Սրբութիւնը, տարիներու ընթացքին ունեցած փորձառութեան լոյսին տակ, անհրաժեշտ լուսաբանութիւններն ու պատկերացումները յայտնեց դեսպանին:
Դեսպանը փափաք յայտնեց, որ Ղազախիստանի պետութեան եւ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ գործակցութիւնը շարունակուի, յատկապէս միջ-կրօնական ծիրին մէջ»։