|
Փոխարժեքներ
13 11 2025
|
||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 382.28 |
| EUR | ⚊ | € 443.94 |
| RUB | ⚊ | ₽ 4.7553 |
| GBP | ⚊ | £ 502.81 |
| GEL | ⚊ | ₾ 141.32 |
Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, չորեքշաբթի, 13 ապրիլ 2023-ի երեկոյեան, Ազդակի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընկերական հանդիպում մը Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ:
Հանդիպումին մասնակցեցան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւորԴաւիթ Իշխանեան, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Նախկին Բիւրոյի եւ ԿԿ-ի ընկերներ, Լիբանանի բոլոր կոմիտէներու կազմերը, ԼԵՄ-ի կեդրոնական վարչութեան, ԶՈՄ-ի վարչութեան եւ պատանեկան միութիւններու ԸՎՄ կազմերը, ԿԿ-ի մարմիններու եւ յանձնախումբերու անդամները, «Ազդակ»ի խմբագիրները եւ համայնքի կառոյցներուն եւ ուղեկից միութիւններու մէջ պատասխանատութիւն ստանձնած ընկերներ եւ ընկերուհիներ:
Շուրջ երեք ժամ տեւած հանդիպումին, ընկեր Յակոբ Տէր Խաչատուրեան անդրադարձաւ Հայաստանեան եւ Արցախեան ներկայ հիմնախնդիրներուն եւ կուսակցութեան կազմակերպական օրակարգերուն: Ընկերոջ զեկոյցէն ետք տեղի ունեցաւ զրոյց-քննարկում: