կարևոր
3265 դիտում, 1 տարի առաջ - 2022-11-15 12:00
Քաղաքական

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի այցը Շուէտ

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի այցը Շուէտ

ՀՅԴ ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Շուէտ այցելութեան ընթացքին՝ շաբաթ 12 նոյեմբեր 2022ին, Հիւսիսեան կոմիտեութեան եւ Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցան շարք մը քաղաքական հանդիպումներ, յատկապես Սոցիալ Դեմոկրատ կուսակցութեան երեսփոխաններու եւ քաղաքական ներկայացուցիչներու հետ:

Այս կապակցութեամբ շաբաթ առաւոտեան տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Սթոքհոլմի քաղաքապետարանին ներս՝ փոխ քաղաքապետ Անդրես Օստերբերգի եւ խորհրդարնի պատգամավոր Մաթիաս Վեպսօի հետ: Հանդիպման ներկայ էին Հիւսիսեան կոմիտէութեան ներկայացուցիչ ընկեր Սիմոն Տէր Սահակեան, Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Արամ Յանիքեան եւ ընկ Շահե Խաչերեան:

Ապա հանդիպում մը տեղի ունեցաւ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի փոխնախագահ, նախկին արդարադատութեան նախարար՝ պրն. Մօրգեն Ջոհանսսօնի հետ: Իսկ կեսօրէ ետք հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Սոտերթալիէ քաղաքի քաղաքապետարնին մէջ՝ քաղաքապետ Բոել Գոդների հետ:

Հանդիպումներու ընթացքին յատկապես քննարկուեցաւ երկու քոյր կուսակցութիւններու փոխյարաբերութիւնները եւ զանոնք ընդլայնելու հնարաւորութիւնները:

Բիւրոյի ներկայացուցիչը մանրամասն ներկայացուց Հայաստանի ներկայ քաղաքական վիճակը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային բարդ իրավիճակը, մեր երկրի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներն ու խնդիրները, զանոնք լուծելու միջոցները:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան յատկապէս խնդրեց, որ Շուէտի մեր բարեկամները քաջալերեն ու բարձր մակարդակի հասցնեն Հայաստան-Շուետ փոխյարաբերութիւնները:

Այդ առումով կարելի է դէպի Հայաստան գործնական այցելութիւն մը կազմակերպել, որպէսզի հնարաւոր դառնայ գետնի վրայ ծանօթանալ տիրող կացութեան եւ ապահովել լուծման յարմարագոյն միջոցները:

Խօսուեցաւ նաեւ Սթոքհոլմ եւ Սոտերթալիէ քաղաքներու հայկական քաղաքներու հետ եղբայրացման հնարաւոր միջոցներու մասին:

Պատերազմի հետեւանքներու վերացման եւ այդ առումով թշնամական պետութիւններու բանեցուցած ճնշումներու կասեցման ի խնդիր միջոցներ ձեռնարկել դատապարտելով Ազրպէյճանի զաւթողական քաղաքականութիւնը ուղուած մեր ազգի ու երկրի հանդէպ, ամէն ճիգ ի գործ դնել ճանչնալու Արցախի ինքնորոշման իրաւունքն ու այնտեղ բնակող մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքները:

Մարտահրաւէրներու շարքին նշուեցաւ նաեւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ սահմաններու սահմանազատման ու սահմանագծման խնդիրը, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւններու կծիկը: