կարևոր
3001 դիտում, 1 տարի առաջ - 2022-11-09 11:41
Քաղաքական

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի այցը Փարիզ

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի այցը Փարիզ

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան անցնող շաբաթավերջին աշխատանքային այցելութեամբ գտնուեցաւ Փարիզ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ փարիզեանի շրջանի կուսակցական շարքերուն հետ: Քննարկուեցան Հայաստանի եւ Արցախի իրավիճակը՝ շրջանային վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ՝ կազմակերպական օրակարգեր: Ժողովականներու տարաբնոյթ ու բազմաթիւ հարցադրումներուն, ներկայացուցիչ ընկերը տուաւ սպառիչ լուսաբանութիւններ:

Շաբաթ, 5 նոյեմբերին, «Այբ Էֆ Էմ» ռատիոկայանի հարցազրոյցով, ապա «Տիամանթէր»-ի մէջ տեղի ունեցած հանդիպում-ընթրիքի երեկոյին, մասնակցութեամբ համակիր ու բարեկամ շրջանակներու, Բիւրոյի ներկայացուցիչը հանգամանօրէն նախ ներկայացուց Հայաստանի ու Արցախի իրավիճակը, պարզեց Դաշնակցութեան անելիքն ու առաջադրանքները, ինչպէս նաեւ զեկուցեց կուսակցութեան ու Հայ Դատի վերջին տարիներու գործունէութեան մասին: Այս առիթով եղան նաեւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, որոնց ընդհանուր գումարը կազմեց 102000 եւրօ:

Յաջորդ օր, Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Փարիզէն մեկնեցաւ Պրիւքսէլ: