կարևոր
2569 դիտում, 1 տարի առաջ - 2022-11-23 15:46
Քաղաքական

Դաշնակցութեան համար անընդունելի եւ արհեստական է ազգն ու պետութիւնը իրար հակադրելը․ Կիրօ Մանոյեան

Դաշնակցութեան համար անընդունելի եւ արհեստական է ազգն ու պետութիւնը իրար հակադրելը․ Կիրօ Մանոյեան

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանի խօսքը Սուրիոյ Գամիշլի նահանգին մէջ Երեքշաբթի, 22 Նոյեմբերին տեղի ունեցած ՀՅԴ 132-ամեակի պաշտօնական հանդիսութեան առիթով.

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրը տարեկան հաշուետուութեան օր է. հաշուետուութիւն՝ կատարածի, չկատարածի եւ կատարելիքի շուրջ։ Հաշուետուութիւն՝ սեփական ժողովուրդին, որ Դաշնակցութեան նպատակներուն եւ միջոցներուն միակ աղբիւրն է։

Տարեկան հաշուետուութեան օրը չի կրնար շրջանցել կուսակցութեան անցած ամբողջ ուղին, մանաւանդ երբ այդ կուսակցութիւնը ունի 132-ամեայ պատմութիւն։ Պատմութիւն՝ որ անբաժանելի մասն է սեփական ժողովուրդին եւ սեփական երկրին պատմութեան։ Պատմութիւն՝ որ լեցուն է տասնեակ հազարաւոր նուիրեալներու անձնազոհութեան դրուագներով, քաղաքական ու քարոզչական նախաձեռնութիւններով։

132 տարի Դաշնակցութիւնը ոչ միայն եղած է հայ ժողովուրդին պատմութեան ամենակարեւոր դրուագներուն ականատեսը, եղած է ոչ միայն մասնակիցը, այլ շատ անգամ՝ եղած է նաեւ առաջնորդը, գաղափարական, մարտական, քաղաքական ճակատներու վրայ՝ առաջին դիրքերուն վրայ մարտնչողը։ Դաշնակցութեան կատարած դերը ճիշդ գնահատելու համար բաւարար է Հայոց պատմութեան վերջին 132 տարիներուն մասին հարց տալ. ի՞նչ բաներ տարբեր պիտի ըլլային այդ պատմութեան մէջ, եթէ եղած չըլլար Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը։

Հայութեան տնտեսական ու քաղաքական ազատութեան համար պայքարը Դաշնակցութիւնը տարաւ բոլոր ճակատներու վրայ, ընկերվարութիւնը որդեգրելով որպէս գաղափարախօսութիւն։ Դեռ 1906-ի իր Կովկասեան գործունէութեան Նախագիծին մէջ, Դաշնակցութիւնը առանց սեռի խտրութեան՝ բոլոր կովկասցիներուն համար քուէարկութեան իրաւունք կը պահանջէր. կը պահանջէր օրական ութ ժամեայ աշխատանքի իրաւունք. կը պահանջէր անձի անձեռնմխելիութիւն։ Իր այս բոլոր պահանջները իրականացնելու կարելիութիւն Դաշնակցութիւնը ունեցաւ, երբ ստանձնեց 28 Մայիսի 1918-ին հռչակուած Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկը։ Եւ Դաշնակցութիւնը սկսաւ մէկ առ մէկ իրականացնել իր այդ պահանջները։

132-ամեայ Դաշնակցութեան մեծագոյն նուաճումներէն մէկը, անառարկելիօրէն, հայոց պետականութեան վերականգնումին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան եւ կերտման մէջ իր ստանձնած առաջնորդող դերակատարութիւնն է։ Անուրանալի փաստ է, որ եթէ 1918-ին չհիմնադրուէր Հայաստանի Հանրապետութիւնը, մենք չէինք ունենար ո՛չ Խորհրդային Հայաստան եւ ոչ ալ՝ 1991-ին վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութիւն։ Մենք երբեք չենք հաւակնած, թէ մեր քայլերուն մէջ սխալներ չեն եղած։ Բայց մենք ամենայն պատասխանատուութեամբ յայտարարած ենք ու կը յայտարարենք, որ անխարդախ է եղած Դաշնակցութեան եւ դաշանակցականներու նուիրուածութիւնը հայոց պետականութեան կերտման նպատակին։ Պետութիւն՝ որ առաջին օրուընէ ինքզինք հռչակեց համայն հայութեան հայրենիք, իսկ 28 Մայիսի 1919-ին՝ միացեա՛լ Հայաստան։

Ազգի պահպանման ու զարգացման գործին մէջ պետութեան կարեւորագոյն դերի գնահատման վկայութիւն է Դաշնակցութեան 2 Դեկտեմբեր 1920 թուականի որոշումը, որուն համաձայն՝ նախընտրելի էր, որ «պետութիւնը ըլլար կարմիր, քան՝ մեռած»։

Սփիւռքեան իր գործունէութեան շրջանին եւս, Դաշնակցութիւնը իր համակիր զանգուածներուն վարակեց անկախ Հայաստանի գաղափարով, միաժամանակ ճիշդ գնահատելով Խորհրդային Հայաստանի դերակատարութիւնն ու արժէքը։ Միշտ բարձր պահեց Եռագոյնով խորհրդանշուող այդ գաղափարը, մինչեւ որ այդ Եռագոյնը ծածանեցաւ իր իսկական հողին՝ հայրենի հողին վրայ։
Երեսուներկու տարի առաջ, Դաշնակցութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց այն ժամանակ դեռ Խորհրդային Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իր կազմակերպական վերընձիւղման մասին։ Ճիշդ է, այդ մասին որոշումը առնուած էր 1988-ին, իսկ աշխատանքները սկսած էին 1989-ին, բայց կազմակերպական ներկայութեան մասին պաշտօնական յայտարարութիւնը կատարուեցաւ 8 Օգոստոս 1990-ին։

Անցնող երեսուներկու տարիներուն, Դաշնակցութեան գործը Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ անցաւ շարք մը փուլերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը նոր փորձառութիւն կուտակեց կուսակցութեան համար։ Սկիզբը, որպէս կազմակերպութիւն հայրենադարձող Դաշնակցութեան միակ սեւեռակէտը Արցախի ազատագրումն էր։ Եւ այդ գործը աւելի դժուար կ՚ըլլար, եթէ չըլլային այն հարիւրաւոր, հազարաւոր նուիրեալները, որոնք այդ օրերուն միացան Դաշնակցութեան շարքերուն եւ կամ անոր առաջնորդած պայքարին։ Ճիշդ այնպէս ինչպէս 132 տարի առաջ, Դաշնակցութեան հիմնադրութեան օրերուն, այնպէս ալ հայրենի հողին վրայ մօտ վաթսուն տարուան ակամայ բացակայութենէն վերջ՝ վերընձիւղման ժամանակ, արդէն գաղափարապէս եւ կազմակերպականօրէն ձեւաւորուած դաշնակցականներ կային, երբ տակաւին չկար դաշնակցական կազմակերպութիւն։ Անոնցմէ շատերու կեանքին գինով է, որ հայրենի հողին մէջ Դաշնակցութեան ցանած սերմերու աճը եղաւ շատ արագ եւ Արցախի մէջ ժողովուրդը արդէն 1991-ին իր վստահութեան քուէն տուաւ Դաշնակցութեան եւ ՀՅԴ-ն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ դարձաւ իշխանութիւն։ Այդ շրջանին, Դաշնակցութիւնը չկրցաւ բաւարար չափով մասնակցիլ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ պետականաշինութեան աշխատանքներուն։

1998-ի իշխանափոխութիւնը Դաշնակցութեան համար Հայրենիքի մէջ գործելու նոր կարելիութիւններ տուաւ։ 1999-ին, Դաշնակցութիւնը առաջին անգամ ըլլալով որպէս կուսակցութիւն մասնակցեցաւ արդէն ութ տարի առաջ վերանկախացած Հայրենիքին մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններուն։

Այնուհետեւ, երկրին սպառնացող ներքին ու արտաքին վտանգները միասնաբար դիմագրաւելու առաջադրանքով, Դաշնակցութիւնը տարբեր ժամանակներ, տարբեր ձեւաչափերով մաս կազմեց իշխանութեան։
Քաղաքական կոալիսիայէն դուրս գալու մասին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի 27 Ապրիլի 2009-ի յայտարարութեամբ աւարտեցաւ տարբեր ձեւաչափերով իշխանութեան մաս կազմելու` Դաշնակցութեան շուրջ 10-ամեայ ժամանակահատուածը: Կուսակցութիւնը աւելի քան եօթ տարի գործեց այլ պայմաններու մէջ` հանդէս գալով ընդդիմադիր դիրքերէ: 2016-ին, դարձեալ մաս կազմեցինք քաղաքական համաձայնական (coalition) կառավարութեան։

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ որպէս ընդդիմադիր թէ որպէս համախոհական կառավարութեան մաս կուսակցութիւն, Հայ Դատի բոլոր ուղղութիւններով աշխատանքներուն զուգահեռ, Դաշնակցութեան համար առաջնահերթութիւնները մնացին նոյնը։

Դաշնակցութիւնը յաջողեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական գլխաւոր հարցը դարձնել սահմանադրական նոր բարեփոխումները, որոնց արդիւնքը եղաւ պետութիւնը օժտել խորհրդարանական կառավարման համակարգով, ուր ընտրական համակարգը կ՚ըլլայ ազատ եւ արդար, եւ ժողովուրդը կարելիութիւն կ՚ունենայ իր կամքը ընտրութեան միջոցով արտայայտելու։

Դաշնակցութիւնը պետական կառավարման այդ համակարգին ջատագովը եղած էր միշտ։ Սակայն, մէկ բան է թուղթի վրայ փոփոխութիւն կատարելը, ուրիշ բան՝ այդ փոփոխութիւնները կեանքի կոչելը։ Պիտի ընդունինք, որ առաջին օրէն իսկ, իշխող մեծամասնութիւն հանդիսացող կուսակցութիւնները ջանացին հնարաւորինս ձեւափոխել կառավարման համակարգը, այն պահելով մէկ անձի անմիջական ղեկավարութեան ենթակայ։ Իսկ ներկայ իշխանութիւնը ընդհանրապէս աղճատեց այդ համակարգը, ուր այսօր խորհրդարանի մեծամասնութիւնը կը ղեկավարուի մենատիրական մօտեցումով, իսկ երկիրը՝ ամբողջատիրական, ուր ճիգ կայ գործադիր իշխանութեան կողմէ ղեկավարելու պետական կառավարման համակարգի օրէնսդիր եւ դատական իշխանութիւնները։

Անցնող տասնամեակներուն եղան բազմաթիւ զարգացումներ, որոնք վկայեցին այն մասին, որ Դաշնակցութեան իրական կշիռը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական իրականութեան մէջ չէ սահմանափակուած Ազգային Ժողովին մէջ իր ունեցած տեղերով։ Դաշնակցութեան իրական կշիռը շատ աւելին է, որովեհետեւ Դաշնակցութիւնը միակ քաղաքական ուժն է, որ կառոյց ունի նաե՛ւ Սփիւռքի տարածքին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութենէն դուրս՝ հայրենի հողի այլ հատուածներուն վրայ, ներառեալ՝ Արցախի Հանրապետութեան։

Արցախի նկատմամբ Դաշնակցութեան ծրագրային, ռազմավարական եւ գործնական կեցուածքները Դաշնակցութեան համար եղած են վճռորոշ` ընդհանրապէս հայ քաղաքական իրականութենէն ներս, բայց յատկապէս` Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական դաշտին մէջ իր կեցուածքներուն համար:

Դաշնակցութիւնը ոչ միայն ձեռնարկեց եւ զարկ տուաւ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչում ապահովելու գործին, այլ նաեւ ազատագրուած տարածքներուն՝ իրաւապէս Արցախի Հանրապետութեան միացնելու եւ այդ տարածքները վերաբնակեցնելու գործին։ Երկու ուղղութիւններով իր աշխատանքներուն մէջ, Դաշնակցութիւնը յաճախ հանդիպեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրուան իշխանութիւններու դժկամութեան, իսկ վերջերս նաեւ՝ ներկայ իշխանութիւններու բացայայտ դաւադրութեան եւ թշնամանքին։ Անոնց՝ «Արցախը տանք, որպէսզի Հայաստանի մէջ հանգիստ ապրինք» մօտեցումն ու այդ ուղղութեամբ գործունէութիւնը իրականութեան մէջ նոր պատերազմներու եւ նոր պարտութիւններու ամենակարճ ճանապարհն է։ Մենք ամենաշատը կը գիտակցինք խաղաղութեան կարեւորութեան՝ բայց այդ խաղաղութիւնը պէտք է ըլլայ արժանապատիւ խաղաղութիւն, որուն միակ գրաւականը մեր բանակի հզօրութիւնն է։

Թուարկեմ վերջին 30-35 տարիներուն ՀՅԴ-ի նախաձեռնութիւնները, որոնց առաջնահերթ նպատակը այդ պայքարի ճանապարհին նոր գաղափարներու եւ աշխատանքի սերմեր ցանելը եղած է։

– Ջաւախքի հայութեան խնդիրներու եւ իրաւունքներու գլխաւոր արծարծողը եղաւ Դաշնակցութիւնը։ 20-25 տարի առաջ, երբ Սփիւռքի մէջ այդքան ալ տեղեակ չէին Ջաւախքի մասին, Դաշնակցութիւնը նախ գիրք ու քարտէս տպեց մեր պատմական հայրենիքի այդ հատուածի եւ այնտեղ ապրող հայութեան տարատեսակ խնդիրներու մասին։ ՀՅԴ-ն էր, որ աջակցեցաւ, որպէսզի այդ խնդիրները հասցուին նաեւ Վրաստանի բարօրութեամբ շահագրգռուած պետութիւններու ուշադրութեան, դառնան անոնց օրակարգի մաս։ Պէտք է ընդունիլ, որ Ջաւախքի հայութեան խնդիրները այսօր համահայկական օրակարգի մաս կը կազմեն։ Ջաւախքի հայկական ինքնութեան պահապանումը դաշնակցային կառոյցով Վրաստանի կազմին մէջ, կը բխին ոչ միայն Ջաւախքի հայութեան շահերէն, ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան հրամայականներէն, այլ նաեւ Հայաստան-Վրաստան եւ հայ-վրացական յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ խորացնելու անհրաժեշտութենէն։

– ՀՅԴ-ի միւս նախաձեռնութիւնը, որ նոյնպէս վարակիչ դաձաւ շատերու համար եւ այսօր մաս կը կազմէ համահայկական օրակարգին՝ Արեւմտահայաստանի, Կիլիկիոյ եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ մէջ ապրող թաքուն, գաղտնի հայերու, յաճախ նաեւ հայկականութեան ինչ որ շառաւիղ ունեցողներու նկատմամբ հայ ժողովուրդին մօտ հետաքրքրութեան ստեղծումն է։ Մէկ կողմէ դաւանափոխ հայերու շրջանակներուն մէջ առաջացած ինքնութեան փնտռտուքը, միւս կողմէ՝ այդ շրջանակներուն նկատմամբ հայութեան արդէն աճած հետաքրքրութիւնը ստեղծած են պարարտ հող, բոլորին համար, վերադառնալու իրենց ակունքներուն. ոմանք՝ դէպի հայութիւն, ուրիշներ՝ դէպի Արեւմտահայաստան։

– Հայոց Ցեղասպանութեան համար հատուցումներու հարցը եւս կարեւոր չափով բայց ոչ միայն Դաշնակցութեան մէկուկէս տասնամեակի գործունէութեան շնորհիւ է որ այսօր դարձած է համահայկական օրակարգի մաս։ Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցին առիթով, 29 Յունուար 2015-ին հրապարակուած համահայկական հռչակագիրը կը խօսի հատուցման մասին եւ այդ տեսանկիւնէն կ՚արժեւորէ «1920 թուականի Օգոստոսի 10-ի Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրը եւ 1920 թուականի Նոյեմբեր 22-ին` ԱՄՆ-ի Նախագահ Ուուտրօ Ուիլսոնի Իրաւարար վճիռի դերը եւ նշանակութիւնը»։

– Արցախի դէմ սանձազերծուած առաջին պատերազմին, 2016-ի քառօրեայ պատերազմին եւ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին՝ Դաշնակցութիւնը իր կուսակցական եւ համակիր նուիրեալներով՝ անսակարկ նուիրուեցաւ հայրենի հողն ու հայ ժողովուրդին իրաւունքները պաշտպանելու պայքարին, տալով հարիւրաւոր զոհեր։

– Սուրիոյ մէջ, հայութեան անվտանգութիւնը հնարաւորինս ապահովելու նախաձեռնութիւն, որ մէկ կողմէ ըստ արժանւոյն գնահատուեցաւ Սուրիոյ պետութեան կողմէ, միւս կողմէ՝ ծնունդ տուաւ նոր նուիրեալներու՝ որոնք իրենց կեանքը տուին հայութեան իրաւունքներու եւ հայրենի հողին պաշտպանութեան համար՝ Գամիշլիէն մինչեւ Հալէպ, մինչեւ Արցախ։

– Հայաստանի այօրուան իշխանութիւններուն՝ սկիզբը աջակցելու, ապա՝ սանձելու եւ ազգային ճիշդ ուղի վերադարձնելու պայքարը եւս սկսաւ Դաշնակցութիւնը, 2019-ի Մայիսին կազմակերպելով 2018-ի Մայիսեան իշխանափոխութենէն ետք առաջին հանրահաւաքը։

– Այսօր եւս, Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու՝ Արցախը Ատրպէյճանի կազմին վերադարձնելու եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը թուրք-ատրպէյճանական համաթուրանական ծրագիրներու իրականացման առջեւ բանալու քաղաքականութեան դէմ «Ազգային փրկութեան» եւ «Դիմադրութեան» շարժումներուն մէջ առանցքային է Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը։ Այս շարժումներուն նպատակն է կասեցնել Արցախը հայաթափելու եւ Հայաստանը թրքացնելու քաղաքականութիւնը։ Այդ կասեցումը իրականացնելու հիմնական ճանապարհը ներկայ իշխանութիւններուն, յատկապէս վարչապետի պաշտօնը վարողին փոխարինումն է ազգային գաղարախօսութեամբ, տեսլականով ու նպատակներով առաջնորդուող մարդոցմով եւ իշխանութեամբ, անկախ անկէ, որ Դաշնակցութիւնը այդ իշխանութեան մաս կը կազմէ կամ ոչ։

– Այսօր, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ, դաշնակցականներու թիւը 13 է, թիւով երկրորդ քաղաքական կուսակցութիւնը։

Այս բոլորէն անկախ, դեռ չեմ խօսիր Դաշնակցութեան արդէն «սովորական» դարձած աշխատանքներուն մասին. մամուլ ու լրատուամիջոցներէն, մինչեւ Հայ Դատի յանձնախումբեր եւ գրասենեակներ, այլ պետութիւններու քաղաքական կուսակցութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններ, եւ երբեմն նաեւ՝ համագործակցութիւն։

Այս ամբողջը իսկապէս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը վերածեն սոսկ քաղաքական կուսակցութենէն՝ աւելիին։

Դաշնակցութեան այս գործունէութիւնը ոմանք կրնան նկատել որպէս կուսակցութեան մը բնական աշխատանքները։ Սակայն, իրականութեան մէջ, իր համահայկական աշխարհահայեացքով եւ նպատակներով, իր աշխարհասփիւռ կառոյցով Դաշնակցութիւնը աւելին է քան պարզապէս կուսակցութիւն, եւ այս է այն հիմնական տարբերութիւնը, որ կայ ՀՅԴ-ի եւ հայ իրականութեան մէջ գործող մնացած բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններուն միջեւ։

Դաշնակցութեան համար անընդունելի եւ արհեստական մօտեցում է ազգն ու պետութիւնը իրար հակադրելը, անկախ անկէ թէ այդ հակադրութիւնը ո՛ր կողմէն կը կատարուի։ Հայրենի պետութեան կողմէ որեւէ կեցուածք, ազգայի՛ն ուղեգիծով կեցուածք, չի կրնար անտեսել ամբողջ ազգին շահը. իսկ ազգին շահի մասին խօսելու ժամանակ, կարելի չէ անտեսել հայրենի պետութեան գոյութեան կենսական նշանակութիւնը ազգի գոյատեւման համար։ Այլ խօսքով, ազգային շահը՝ նոյն պետական շահն է եւ՝ փոխադարձաբար։

Ահա այս հասկացողութեամբ է, որ Դաշնակցութիւնը հետամուտ է ամրապնդել Սփիւռքի ազգային ինքնութիւնը եւ կազմակերպել անոր քաղաքական դերակատարութիւնը՝ անոր կարողականութիւնները ուղղելու համար դէպի Հայաստանի պետականութեան հզօրացում եւ Հայ Դատի հետապնդում։

Դաշնակցութեան համար Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայրենամերձ համայնքները ունին ռազմավարական կարեւորութիւն, այդ պատճառով ալ Դաշնակցութիւնը միշտ յատուկ հոգածութեան առարկայ դարձուցած է այդ համայնքները։

Այս հոգածութեան արտայայտութիւնն է Դաշնակցութեան կեցուածքը Սուրիոյ հայ համայնքին նկատմամբ։ Դաշնակցութեան համար առաջնահերթ են Սուրիոյ մէջ գտնուող հայութեան անվտանգութեան եւ գոյութեան պահպանումն ու զարգացումը։

***
Աշխարհը կ՚ապրի հաղորդակցական միջոցներու զարգացման հետեւանքով ստեղծուած ընկերային նոր պայմաններու մէջ, որոնք մեծաւ մասամբ կը դրսեւորուին ընկերային ցանցերու վրայ։ Այդ ցանցերուն հասանելիութիւն ունեցող իւրաքանչիւր ոք՝ արտայայտուած կարծիքներու թէ՛ սպառող է եւ թէ՝ հեղինակ։ Ո՛վ ի՛նչ ուզէ կը գրէ այդ ընկերային ցանցերուն վրայ։ Իրա՛ւ, սո՛ւտ՝ անվերահսկելի է։ Բնականաբար, այս երեւոյթները նաեւ առկայ են մեր՝ հայկական իրականութեան մէջ։ Այս պարագային հարցը աւելի խնդրահարոյց, նոյնիսկ վտանգաւոր է, երբ քու հայրենի իշխանութիւնդ գումար կը ծախսէ, կը դիմէ կեղծ, fake օգտատէրերու միջոցով, սխալ ու սուտ լուր տարածելու գործին՝ ազդելու համար հանրային կարծիքին վրայ։ Եւ իրենց նպատակը՝ ժողովուրդին արժեհամակարգը այլասեռել է, ազգային գաղափարէն եւ ուղիէն հեռացնել է, պայքարի ոգին կոտրել է։ Եւ ցաւօք պէտք է ընդունիլ, որ անոնք որոշ չափով հասած են յաջողութեան, մանաւանդ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի ահաւոր պարտութենէն ետք, որ ինքնին յուսահատութեան ալիք բարձրացուց ժողովուրդին մօտ։

***
Մեզի՝ դաշնակցականներուս, Դաշնակցութեան համակիրներուն համար հպարտութիւն է Դաշնակցութեան երկարակեցութիւնը, 132 տարուան գործունեայ գոյութիւնը։ Մեր ազգի պատմութեան անցնող 132 տարիներուն բոլոր կարեւոր իրադարձութիւններուն մասնակից, երբեմն նաեւ առաջնորդ եղած ըլլալը։ Բայց պիտի ընդունինք, որ բոլորին, բոլոր հայերուն համար այդպէս չէ։ Ընդհակառակը, մանաւանդ երբ անցնող տասնամեակին աշխարհի մէջ ալիք առաւ ամբոխահաճութիւնը (populism), որ սկզբնական շրջանին յատկանշուեցաւ կայացած համակարգերու (establishment) դէմ դրսեւորումներով, նա՛խ հայրենիքի, ապա սփիւռքի մէջ նոր տեսակի հակադաշնակցականութիւն առաջ եկաւ։ Նախ հայրենիքի՝ որովհետեւ այնտեղ խորհրդային եօթանասուն տարուան ընթացքին կանգ չէր առած Դաշնակցութեան դէմ պայքարը. վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ այդ պայքարը շարունակուեցաւ օրուան իշխանութիւններուն կողմէ։ Այդ իշխանութիւններուն ապազգային գաղափարախօսութիւնը Դաշնակցութեան նկատմամբ ունեցաւ նոյն համայնավարական, խորհրդային կեցուածքը։ Հետագային ալ, Դաշնակցութեան դէմ կարգ մը քաղաքական ուժեր պայքարը շարունակեցին, ոմանք դեռ եւս կը շարունակեն, աւելի «մեղմ» ձեւով, ցուցադրելով խորհրդային օրերուն պատրաստուած ֆիլմեր։ Սակայն, այսօր գործող իշխանութիւնները այդ գաղափարական պայքարին վրայ աւելցուցին նաեւ քաղաքական պայքարը, նոյնիսկ՝ հալածանքը։ Անոնց համար Դաշնակցութիւնը նախ եւ առաջ քաղաքական մրցակից է ամէն տեղ, երկրէն ներս եւ դուրս, հետեւաբար Դաշնակցութեան հարուածելու, զայն տկարացնելու ամէն միջոց ընդունելի է այս իշխանութիւններուն համար։ Այս ամբողջի հիման վրայ, նաեւ որոշ սփիւռքեան երեւոյթներ դրդապատճառ ունենալով, Սփիւռքի մէջ եւս յառաջացած է հակադաշնակցական պայքարի նոր երեւոյթ մը, որ երբեմն կ՚արտայայտուի կայացած կառոյցներէն դուրս նոր խմբաւորումներ, նոր կազմակերպութիւններ յառաջացնելու անմեղ մօտեցումներով, բայց իրականութեան մէջ կը ջանայ այդ «նորը» ձեւաւորել՝ օգտուելով «հին»ին ստեղծած կարելիութիւններէն։ Այս չի նշանակեր, որ ՀՅԴ-ն ու իր գործունէութիւնը անթերի են, բայց մէկ բան է այդ թերութիւնները սրբագրելու նպատակով կատարուած քննադատութիւնը, այլ բան՝ այդ թերութիւնը որպէս խոցելի կէտ՝ հարուածելով Դաշնակցութիւնը տկարացնելու գործունէութիւնը։

***
44-օրեայ պատերազմի ահաւոր կորուստներէն ետք, յաճախ մտածած եմ դաշնակցական այն սերունդին մասին, որ 1921-ի Ապրիլին ստիպուած եղաւ դուրս գալ իր վերականգնած հայկական պետականութենէն։ Այդ սերունդը կրցաւ Ցեղասպանութենէն ետք հասցուած այդ ծանր հարուածէն ետք դուրս գալ եւ իր առաջնորդութեամբ դուրս բերել նաեւ ժողովուրդը եւ զայն առաջնորդել դէպի նպատակաուղղուած պայքար։

Այսօր իսկապէս, որ շատ են մեր դիմագրաւած վտանգներն ու մարտահրաւէրները։ Անոնք բազմատեսակ են։ Երբեմն նոյնիսկ՝ անյաղթահարելի թուացող։

Այսօր ծանր է, շատ ծանր է Հայրենիքի՝ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու իրավիճակը։ Թշնամիները նոյնն են՝ Թուր¬քիան եւ Ատրպէյճանը եւ երկուքին հետ տարբեր չափերով մեղսակից են այլ պետութիւններ, որոնք բնականաբար կը փորձեն շարժիլ ըստ իրենց ազգային-պետական շահերուն։ Տարբերութիւնն այն է, որ այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները եւս մեղսակից են մեր թշնամիներու ծրագիրներու իրականացման գործընթացներուն։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան օրը ունի նաեւ մէկ այլ, իւրայատուկ խորհուրդ. այսօրուան նշումը մեր ուխտը, դէպի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան հասնելու ուխտը վերանորոգելու առիթ է։ Մենք այդ ուխտի վերանորոգման կարիք ունինք յատկապէս պարտութիւններու ժամանակ։ Այնպիսի պարտութիւններ, որոնց փորձանքէն մենք անցանք վերջերս եւ որոնք կը դիմագրաւենք այսօր եւս։ Յատկապէս դուք՝ որպէս այս երկրի՝ Սուրիոյ քաղաքացիներ ու բնակիչներ, լաւագոյնս կը հասկնաք պարտութիւնները, այդ պարտութիւններու պատճառած հիասթափութիւնն ու յուսախաբութիւնը յաղթահարելու կարեւորութիւնը։ Այդ վիճակը յաղթահարելու երկու միջոց կայ. պայքարիլ եւ այդ պայքարը դարձնել յարատեւ։ Անցնող 132 տարիներու պատմութիւնը վկայ՝ մեր ժողովուրդը շատ աւելի ծանր ու դժուարին օրեր կրցած է յաղթահարել, շատ աւելի նուազ կարելիութիւններով։

Հակառակ այսօրուան ծանր պայմաններուն, մենք պէտք է շարունակենք պայքարը, հաւատարիմ մնալով Քրիստափոր Միքայէլեանի այս պատգամին.

«Յարատեւ կռիւ, — յաճախ եւ երկար ժամանակ, գուցէ անյաջող, չնայած երբեմն նոյնիսկ իր լայն ծաւալին, — ահա թէ ուր է մեր փրկութեան բանալին։ Պահպանե՛նք, շարունակե՛նք կռիւը, որպէսզի լայնանայ, ընդարձակուի եւ ընդարձակուելով յարատեւի, ահա դէպի մեր նպատակը տանող միակ ճանապարհը։ Չշեղուենք այդ ճանապարհից, որ սփռուած է յուսատու ապագայի գրաւիչ ծաղիկներով»։

Ահա այս մօտեցումով է, որ այսօրուան մեր կարելիութիւնները, մեր բոլոր թերութիւններով եւ վտանգներով հանդերձ, մեզի կու տան հիմք, որ եթէ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր մասնակցութիւնը բերէ հայութեան իղձերու իրականացման պայքարին՝ անպայման կը հասնինք մեր նպատակին։ Անպայման կը հասնինք Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանին. Մենք չտեսնենք մեր յաջորդները կը տեսնեն: