կարևոր
2683 դիտում, 1 տարի առաջ - 2022-11-23 10:21
Հասարակություն

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան այցելեց Գամիշլիի ազգային վարժարաններ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան այցելեց Գամիշլիի ազգային վարժարաններ

Սուրիահայութիւնը յետեղեռնեան տարիներուն եկեղեցւոյ կողքին միշտ կառուցեց հայկական վարժարաններ՝ պահելու հայ սերունդներու ազգային ոգին ու դիմագիծը։ Սուրիոյ բոլոր նահանգներու հայկական վարժարանները մեծ դեր ունեցած են եւ կը շարունակեն ունենալ հայապահպանման ճիգերուն մէջ:

Գամիշլիի ազգային վարժարաններու աշակերտները այսօր վայելեցին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի ներկայութիւնը, որ Գամիշլի այցելութեան շրջագիղէն ներս, Երեքշաբթի, 22 Նոյեմբեր 2022-ի առաւօտեան այցելեց նախ Գամիշլիի Ազգային մանկապարտէզ, ապա նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական վաժարաններ։ Մանոյեանին կ՛ընկերակցէին շրջանի պատասխանատու ազգայիններ։

Վարժարաններու հոգաբարձութիւնը, տնօրէնները, տեսուչները ջերմ ընդունելութեամբ դիմաւորեցին մեծարգոյ հիւրն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը։ Հոգաբարձութիւնն ու տնօրէնները զեկոյցով մը ներկայացուցին վարժարաններու ներկայ իրավիճակը, անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ ապագայ ծրագիրները։

Մանոյեան գնահատեց ազգային վարժարաններուն աշխատանքը՝ մանաւանդ քաղաքական եւ տնտեսական ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ , վեր առնելով հայ մշակներուն նուիրեալ ծառայութիւնն ու անխոնջ աշխատանքը: Ապա Մանոյեան յարատեւ վերելքի եւ նորանոր յաջողութիւններու մաղթանքով հրաժեշտ տուաւ բոլորին։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն