կարևոր
2455 դիտում, 11 ամիս առաջ - 2023-04-26 11:42
Հասարակություն

Ապրիլեան Ցեղասպանութեան ոգեկոչում եւ Ծաղկեպսակի Զետեղում Եղեռնի 100 ամեակին նուիրուած Խաչքարին դիմաց

Ապրիլեան Ցեղասպանութեան ոգեկոչում եւ Ծաղկեպսակի Զետեղում Եղեռնի 100 ամեակին նուիրուած Խաչքարին դիմաց

Երկուշաբթի 24 Ապրիլ 2023-ին երեկոյան ժամը 7:30-ին կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէին , շրջանիս երեք հայ յարանուանութիւններուն հետ միատեղ, աւանդաբար՝ տեղի ունեցաւ Ապրիլեան Ցեղասպանութեան ոգեկոչում եւ Ծաղկեպսակի Զետեղում Աբրահամ Աշճեան փողոցի վրայ տեղադրուած Ապրիլեան Եղեռնի 100 ամեակին նուիրուած Խաչքարին դիմաց, մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ Պուրճ համուտի Սկաուտներուն, շեփորախումբին, շրջանիս ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին եւ «Ռոստոմ» պատանեկան միութեան։

Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկեր Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ լիբանանի կեդրոնական կոմիտէն, ներկայ եւ նախկին երեսփոխաններ եւ նախարարներ,Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան,ՀՄԸՄ-ի, ԼՕԽ-ի, շրջանիս հայ երեք յարանուանութիւններու, թաղական խորհուրդներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները:

Կոմիտէս իր խօսքին մէջ շէշտը դրաւ յատկապէս այսօրուան մարտահրաւէրներուն վրայ ըսելով որ մենք այսօր կը գտնուինք նոր սպառնալիքներու առջեւ: Կորսնցուցած ենք Արցախի մեծ մասը եւ մնացեալ մասը ու այնտեղ ապրող 120 000 մարդոց գոյութիւնը վտանգի տակ է: Այնտեղ գոյութենական պայքար կը մղուի:

Ցեղասպան Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն շարունակելու եւ գործադրելու իրենց հայաթափման քաղաքականութիւնը:

Մենք որպէս յանձնառու հայեր, ոչ կ’ըսենք այս քաղաքականութեան եւ Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք եռամիասնութեամբ, նոր կորովով ու թափով կը պայքարինք հակահայ որեւէ քաղաքականութեան դէմ: