կարևոր
3526 դիտում, 11 ամիս առաջ - 2023-04-16 14:48
Աշխարհ

Համազգայինի Հալէպի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի աշուղական երեկոն ջերմ մթնոլորտ ստեղծեց

Համազգայինի Հալէպի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի աշուղական երեկոն ջերմ մթնոլորտ ստեղծեց

Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղի աշուղական համերգները մեծ ընդունելութիւն կը գտնեն հալէպահայ հանդիսատեսին մօտ։

Շաբաթ, 15 Ապրիլի երեկոյեան աշուղական անսամպլը կրկին բեմ բարձրացաւ, մասնակցութեամբ «Սարդարապատ» պարախումբին, գեղ. ղեկավարութեամբ դոկտ. Ռաֆֆի Ապէճեանի եւ պարուսոյց Սարին Պոյաճեանի։

Համերգը կը վայելէր ներկայութիւնը օրերս Հալէպ գտնուող ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի, Լիբանանի հայկական երեսփոխանական պլոկի պատասխանատու, Լիբանանի ՀՅԴ Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, Հայաստանի, Արցախի եւ Միջին Արեւելքի ՀՅԴ մարմիններու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադոսեանի, ՀՀ մարդասիրական խումբի գնդապետ Արկատի Տօնոյեանի, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններու, հալէպահայ համայնքապետներու, կազմակերպութիւններու, միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հոծ բազմութեան։

Արաբերէն եւ հայերէն բացման խօսքերով Սամիկ Տիգրանեան եւ Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսըզեան ներկայացուցին հայ մշակոյթի ու արուեստի կարեւոր դերը երիտասարդ սերունդներու գեղարուեստական ճաշակի մշակման ու հայապահպանման մէջ, շեշտելով որ Համազգայինը մշակութային տարբեր ոլորտներու մէջ գործունէութիւն ծաւալելով հայ երիտասարդութիւնը կը համախմբէ մեր ազգային արժէքներուն շուրջ։

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ աշուղական անսամպլը հրամցնելով հայ աշուղներու ընտիր ստեղծագործութիւններ։
Մենակատարները, նուագախումբն ու պարախումբը ներդաշնակ կատարումով աշուղական արուեստը վերապրեցուցին «Գ. Եսայեան» սրահի բեմահարթակին վրայ։

Հնչեցին աշուղ Զիւանիի, Սայեաթ Նովայի եւ այլ գուսաններու երգեր, ջերմացուցին սրտեր։

Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւող համերգը փակուեցաւ «Աղջի հոռոմ» հարսանեկան, զաւեշտական պարերգով։