կարևոր
6169 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-02-24 20:18
Աշխարհ Քաղաքական

Այն, ինչ որ Թուրքիան հասկցած է, իսկ ՀՀ քաղաքական ընտրանին՝ ոչ

Այն, ինչ որ Թուրքիան հասկցած է, իսկ ՀՀ քաղաքական ընտրանին՝ ոչ

1.- Հայ-թրքական դարաւոր կնճիռը (յետայսու՝ Կնճիռ) ցարդ մնացած է անլոյծ։

2.- Նոյն Կնճիռը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ Հայահաւաք-Հողահաւաք, Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացում, կամ Միացեալ, Ազատ ու Անկախ Հայաստանի ստեղծում՝ Սեւրով ու Ուիլսընեան իրաւարար վճիռի սահմաններով։ Ասոնք նոյն այս Կնճիռի լուծման տարբեր բանաձեւումներն են։

3.- Արցախի ազատագրումը (90ականներուն) ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ այս Կնճիռի արդար լուծման ուղղութեամբ առնուած քայլ։

4.- Արեւմուտքը, մեծ հաշուով ու ներկայ տուեալներով, համամիտ չէ այս լուծումին, որովհետեւ ի՛նք եւս ունի պատասխանատուութիւն Հայաստանի կենսունակ ապագային նկատմամբ (ի շարս այլ պատճառներու)։ Հոս կը նոյնանան Թուրքիա-Ատրպէյճան-Արեւմուտք եռանկիւնին շահերը։

5.- Նոյն այս եռանկիւնն էր, որ տարբեր ժամանակներու ընթացքին՝ տարբեր դերակատարութիւններով, փորձեց խափանել այս Կնճիռին արդար լուծումը։

ա.- Հայաստանի մէջ ԼՏՊի միջոցով Հ.Յ.Դաշնակցութեան դէմ հալածանքներով (92էն սկսեալ),

բ.- 1996ին նոյն ԼՏՊի «յաղթանակ»ին զօրակցելով,

գ.- Հոկտեմբեր 27 կազմակերպելով՝ տեղական իր գործիքներուն միջոցով,

դ.- Մարտի 1ով եւ ապա 2016ին ՊՊԾի գունդին գրաւման քայլերով, եւ վերջապէս՝

ե.- 2018ի իշխանազաւթումը կազմակերպելով։

6.- Զուգահեռաբար, 2016էն սկսեալ, Հ.Յ.Դաշնակցութեան դէմ սաստկացող քարոզչութեամբ ու այդ ուղղութեամբ գործնական քայլերով, որոնք դրսեւորուեցան Քալիֆորնիոյ մէջ «ներքին» խնդիրներով, նպատակ ունենալով տկարացնել այն գլխաւոր ուժը, որ կրնայ դիմադրել Կնճիռի թրքանպաստ, հետեւաբար նաեւ՝ անարդար լուծման դէմ։

7.- ՀՀ ուժային կեդրոնները (ոստիկանութիւն, բանակ, ԱԱԾ) արդէն իսկ հլու-հնազանդ կարելի է համարել, վերոնշեալ եռանկիւնին վարած քաղաքականութեան տեսանկիւնէն։

8.- Կնճիռի թրքանպաստ լուծումը խորքին մէջ հայ ժողովուրդի, Հայաստանի ու մեր Ազգի անէացումն է իբրեւ քաղաքական ազդակ. եթէ հարկ ըլլայ նաեւ՝ իբրեւ ֆիզիքական գոյութիւն։

9.- Այս մեծ պատկերին մէջ, նիկոլենք «հրաշալի» գործիք են։ Իրենց միակ պայմանը իշխանութեան մնալու երաշխիքներն են։

10.- Բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ Թուրքիա-Ատրպէյճան-Արեւմուտք եռանկիւնը թիւ 9-ի լիակատար երաշխիքները տուած է նիկոլենց։

ՀԵՏԵՒԱԲԱՐ,

Հայ քաղաքական ընտրանին (նիկոլենք բնականաբար ասոր մէջ չկան) ծանրակշիռ որոշում տալու հրամայականին դիմաց կանգնած է այսօր։ Այս որոշումը կ՚առնչուի հայութեան լինելիութեան, նոյնիսկ ֆիիզիքական գոյութեան։ Ինչքան շուտ՝ այնքան լաւ։

Մնացած հեքիաթներով մի՛ զբաղիք։

Վաչէ Բրուտեան

Հրապարակագիր