կարևոր
1651 դիտում, 3 ժամ առաջ - 2025-11-05 23:15
Աշխարհ

Պետք է խուսափել ընդհարումներից, ներդաշնակ գործակցել․ Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետի ուղերձը

Պետք է խուսափել ընդհարումներից, ներդաշնակ գործակցել․ Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետի ուղերձը

Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ու զրույց է ունեցել Կալիֆորնիայի քույր կազմակերպությունների ու միությունների հետ, հայտնում են Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսությունից․

«Երկուշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում-զրոյց ունեցաւ Քալիֆորնիոյ մէջ գործող քոյր կազմակերպութիւններուն հետ, ազգային առաջնորդարանի սրահին մէջ։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ արեւմտեան եւ Գանատայի թեմերու առաջնորդ սրբազանները, միաբան հայրեր, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետներ եւ առաջնորդարանի ազգային իշխանութեան անդամներ։

Առաջնորդ սրբազան հայրը Վեհափառ Հայրապետին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան բարի գալուստ մաղթելով՝ ներկայացուց Քալիֆորնիոյ մէջ գործող քոյր կազմակերպութիւններուն գործունէութիւնը՝ հակիրճ ու համապարփակ տեղեկութիւններ պարզելով իւրաքանչուրին մասին։ Ապա, հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը, որպէսզի ուղղէ իր հայրապետական օէհնութեան խօսքը։

Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց, թէ բոլոր կազմակերպութիւնները մաս կը կազմեն գաղութի կեանքին։ Ճիշդ է, թէեւ անոնք առանձին կանոնագրութիւններ ու առաջնահերթութիւններ ունին, սակայն համադրուած ու ներդաշնակ գործակցութիւնը հրամայական է։

Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ շեշտեց հետեւեալ կէտերը.-

ա) Անհրաժեշտ է, որ իւրաքանչիւր կառոյց իր առաջնահերթութիւնները ճշդէ` խուսափելու համար կրկնութիւններէ ու ընդհանրացումներէ։

բ) Անհրաժեշտ է, որ կառոյցներու գործունէութիւնը համապատասխանէ իրենց շրջանի մեր համայնքի կարիքներուն ու սպասումներուն։

գ) Անհրաժեշտ է, որ խաչաձեւումներէ խուսափելու համար ներդաշնակ գործակցութիւն մը ըլլայ քոյր կազմակերպութիւններու մինչեւ։

դ) Անհրաժեշտ է, որ կազմակերպութիւնները զօրակցին ազգային առաջնորդարանին եւ անոր ծուխերու պատասխանատուներուն հետ։

Վեհափառ Հայրապետը լայն բացատրութիւններ տուաւ յիշեալ կէտերուն շուրջ, ապա պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն»։