կարևոր
0 դիտում, 11 տարի առաջ - 2014-07-21 18:19
Հասարակություն

Շատ կարևոր է, որ երիտասարդները չարտագաղթեն. Մաթիաս Վիլքես

Շատ կարևոր է, որ երիտասարդները չարտագաղթեն. Մաթիաս Վիլքես

Գերմանիոյ Պերկշթրասէ շրջանի կառավարիչ Մաթիաս Վիլքես եւ Գերմանիոյ Հեսըն նահանգին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս դոկտ. Սթիվըն Պրայըն Ֆերա անձնական նախաձեռնութեամբ մը այցելեցին Լիբանան: Այս մասին հայտնում է Aztagdaily-ն:

Հայ համայնքի ընդհանուր կեանքին ծանօթանալու նպատակով անոնք հանդիպում ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի, ուժանիւթի նախարար Արթիւր Նազարեանի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի հետ, ինչպէս նաեւ այցելեցին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, ԼՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոն, Գարակէօզեան կեդրոն, «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայան, Համազգայինի «Վահէ Սեթեան» հրատարակչատուն ու Այնճար: Հայ ժողովուրդի գերմանացի բարեկամները իրենց ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին զրուցեցին որոշ համագործակցութեան կարելիութեանց մասին:

 

Վերոնշեալ այցելութիւններու աւարտին անոնք այցելեցին նաեւ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրատուն, ուր անոնց հետ ունեցանք հանդիպում մը, որ առիթ մը եղաւ ծանօթանալու դէպի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն անոնց կատարած այցելութեան մանրամասնութիւններուն, Հայաստանի մէջ սուրիահայերու հարցով տարած աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Պերկշթրասէ շրջանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով նախատեսուած քայլերուն:

 

Գերմանիոյ իշխող Քրիստոնեայ-ժողովրդավար միութիւն կուսակցութեան անդամ պաշտօնատարները նաեւ խօսեցան Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու իրավիճակին եւ լիբանանահայութեան վերաբերեալ իրենց կազմած տպաւորութեան մասին:

 

Պերկշթրասէի կառավարիչ Վիլքես յայտնեց. «Անցեալ տարի, առաջին անգամ ըլլալով, այցելեցինք Լեռնային Ղարաբաղ եւ մեծապէս տպաւորուեցանք տեղւոյն բնակչութեամբ, որ կը պայքարի ազատութեան ու արդարութեան համար, որոնք հիմնական հարցեր են այդ երկրին համար: Շրջանը մէկ հոյակապ մասն է Հայաստանի»: Ան նշեց, որ Ղարաբաղի մէջ կը գտնուի աշխարհի ամէնէն հին վանքը, աւելցնելով, որ այդ երկիրը մաս կը կազմէ եւրոպական արժէքներուն, «եւ իբրեւ այդպիսին` ինծի համար առաջին հարցը այն է, որ ի՞նչ կրնանք ընել, որպէսզի քրիստոնէական ու համամարդկային հասարակաց արժէքներու հիմամբ` Թուրքիայէն առաջ Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը առնենք Եւրոպական Միութեան մէջ: Հայաստան աշխարհի ամէնէն հին քրիստոնեայ պետութիւնն է. Եւրոպայի եւ Հայաստանի միջեւ քրիստոնէական արժէքներու հասարակաց ենթահող մը գոյութիւն ունի»:

 

Վիլքես նշեց, որ ինք մեծապէս տպաւորուած ու զգացուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական համալսարանի մուտքին տեսնելով լուսանկարները բազմաթիւ երիտասարդ ուսանողներու, որոնք իրենց կեանքերը զոհած են իրենց հայրենիքին, անոր ազատութեան եւ խաղաղութեամբ ապրելու իրաւունքին համար: «Այն տպաւորութիւնը ունեցայ, որ այդտեղի ամբողջ բնակչութիւնը մեր նոյն զգացումներն ու արժէքներն ունին: Աշխարհի վրայ միակ տեղն է, որ այդ փորձառութիւնը ունեցայ: Դուք պէտք է հպարտ ըլլաք իրենցմով: Այդտեղ ապրիլը դիւրին չէ. անոնք օդակայան չունին եւ լեռներուն վրայէն մէկ ճամբայ զիրենք կը կապէ Երեւանին», ըսաւ ան:

 

Հայ ժողովուրդի գերմանացի բարեկամները համալսարանի տնօրէնին մօտ հետաքրքրուած են, թէ կրնա՞ն որեւէ ձեւով օգտակար ըլլալ: «Շատ կարեւոր է, որ երիտասարդները այդտեղ մնան եւ չգաղթեն, սակայն պէտք է եւրոպական լեզուներ սորվին, որպէսզի դէպի Եւրոպական Միութեան հետ ապագայ տանող կամուրջ մը ըլլան», ըսաւ Վիլքես: Ան խոստացած է գերմաներէն լեզուի ուսուցման համար նոր գրադարան մը տրամադրել համալսարանին: Պերկշթրասէի կառավարիչը այս հարցով կապ հաստատած է «Կէօթէ» հիմնարկի նախկին տնօրէնին հետ եւ ձեռք ձգած` այդ նպատակին համար լաւագոյն գիրքերը, որոնք հոկտեմբերին իրեն հետ պիտի տանի Արցախ:

 

Կառավարիչ Վիլքես նշեց, որ անցեալ տարուան Լեռնային Ղարաբաղ երկօրեայ այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահին, վարչապետին եւ արտաքին գործոց ու գիւղատնտեսութեան նախարարներուն հետ: Լեռնային Ղարաբաղ գտնուելու ընթացքին Պերկշթրասէի մէջ Վիլքեսի գրասենեակը զինք տեղեակ պահած է, թէ Պերլինի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանը կապ հաստատած է գրասենեակին հետ եւ իր այցելութեան նպատակին մասին բազմաթիւ հարցումներ հարցուցած եւ նշած է, որ Վիլքես այդտեղ այցելելու իրաւունք չունի, որմէ ետք ալ ազրպէյճանական իշխանութիւնները զիրենք առած են Ազրպէյճան մուտքը արգիլուած անձերու «Սեւ ցուցակ»¬ին վրայ:

 

«Ազրպէյճան ժողովրդավար երկիր մը չէ, իսլամական երկիր մըն է` քարիւղով ու կազով հարուստ, սակայն` ոչ այն արժէքներով, որոնց կը հաւատան Լեռնային Ղարաբաղն ու Հայաստանը: Մենք կ’ուզենք այդ արժէքներուն աջակցիլ եւ այդ պատճառով ալ մենք Լեռնային Ղարաբաղի բարեկամներն ենք», ընդգծեց Պերկշթրասէի կառավարիչը` աւելցնելով. «Այդ է պատճառը, որ նաեւ հոս ենք եւ Լեռնային Ղարաբաղի պատկերը այստեղ կը տեսնենք Այնճարի մէջ, որ կանաչ կղզի մըն է: Այս զոյգ այցելութեանց իբրեւ արդիւնք` հայ ժողովուրդի հասարակաց արժէքներն ու աշխատանքը նշմարեցինք»:

 

Դոկտ. Սթիվըն Պրայըն Ֆերա իր կարգին խօսելով Այնճարի մասին` նշեց, որ անիկա այնպիսի ընկերութիւն մըն է, որուն նմանները աւելի պէտք է ըլլան ամբողջ աշխարհի տարածքին: «Շատ լաւ կազմակերպուած, ժողովրդավար, տնտեսապէս բարգաւաճ ու ապրելու լաւ վայր մըն է, որ ուրիշներու համար կրնայ օրինակ ըլլալ», ըսաւ դոկտ. Ֆերա:

 

«Այնճարը Լիբանանի մէջ դրախտի պէս է», իր կարգին ըսաւ Վիլքես` աւելցնելով, որ իրենք նշմարած են, որ գիւղի բնակչութիւնը այդ մէկը իրագործելու համար ժրաջան աշխատանք կը տանի: Դոկտ. Ֆերա յայտնեց, որ Ղարաբաղ այցելութեան ընթացքին նշմարած են, որ անիկա «լաւապէս կազմակերպուած ու ժողովրդավար պետութիւն մըն է» եւ յարմար դատած են, որ երկիրը Եւրոպայի հետ իր կապերը ամրապնդէ` միջոցով գերմաներէն գիրքերու գրադարանին, որուն բացումը պիտի կատարուի հոկտեմբերին եւ Ղարաբաղի զօրակցութեան խորհրդանիշ մը պիտի ըլլայ:

 

Նշենք, որ Վիլքես ստանձնած է տրամադրումը այն գիրքերուն, որոնք ընդհանուր պատկերացում մը պիտի տան գերմանական գրականութեան մասին, իսկ նիւթական ծախսերը (աւելի քան մէկ միլիոն դրամ) հոգացած է դոկտ. Ֆերա: Անոնք առիթը ունեցած են նաեւ Հայաստանի մէջ այցելելու դպրոց մը, որուն տնօրէնը Հալէպի մէջ հայկական վարժարանի մը տնօրէնն է, ուսուցիչները սուրիահայեր են եւ յատկացուած է սուրիահայ գաղթականներու: Այդ առթիւ «Ազդակ»¬ի գերմանացի հիւրերը Հայաստանի մէջ սուրիահայ գաղթականներուն սննդական օժանդակութիւն տրամադրած են: Զրոյցի ընթացքին Վիլքես յայտնեց, որ իր կառավարած շրջանին մէջ ծրագրած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով` 24 ապրիլ 2015¬ին մեծաշուք ընդունելութիւն մը, որուն պիտի մասնակցին գերմանացի բարձրաստիճան քաղաքական դէմքեր, ինչպէս նաեւ գոյութիւն ունի Գերմանիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան առաջին յուշակոթողը կանգնեցնելու դոկտ. Ֆերայի նախաձեռնած ծրագիրը: Վերջինս գոհունակութիւն յայտնեց, որ Լիբանան իրենց այցելութեան ընթացքին առիթը ունեցած են տեսնելու եւ հասկնալու այն կացութիւնը, որուն մէջ կը գտնուի լիբանանահայութիւնը: Ան նշեց, որ այդ կացութիւնը շատ տարբեր է, քան այն, որ իրենք կը կարդան եւրոպական մամուլին մէջ, որոնք վերջին տարիներու ընթացքին շատ չեն անդրադառնար Լիբանանին. իրողութիւն մը, որուն պատճառով ալ եւրոպական հասարակական կարծիքը կրնայ այն տպաւորութիւնը ունենալ, թէ այստեղ ամէն բան հեզասահ կ’ընթանայ: «Շատ ապշեցայ, երբ իմացայ, թէ ձեր երկրին մէջ 1.5 միլիոն գաղթականներ ունիք. այդ թիւը Եւրոպայի մէջ ծանօթ չէ», ըսաւ ան եւ մեծ գնահատանքով արտայայտուեցաւ լիբանանահայութեան կողմէ սուրիահայութեան ցուցաբերուած ընդունելութեան նկատմամբ: «Ես տեսայ ձեր դարմանատունը (ԼՕԽ¬ի «Ա.») եւ ինչպէս այդտեղ կ’օժանդակէք բոլորին` առանց համայնքային խտրականութեան, ինչ որ շատ տպաւորիչ էր», ըսաւ Ֆերա:

 

Վիլքես իր կարգին ըսաւ. «Մենք առիթը ունեցանք ձեր համայնքին հոյակապ անդամներուն ծանօթանալու: Ինծի համար ամէնէն տպաւորիչը (ԼՕԽ¬ի) ընկերաբժշկական կեդրոնի հոյակապ անձնակազմն էր, որուն անդամները ամբողջ օրը եւ տարիներով կ’աշխատին իբրեւ կամաւորներ, սակայն` արհեստավարժներու նման: Անոնց արձանագրած ձեռքբերումը տեսնելը հոյակապ էր»: Դոկտ. Ֆերա ըսաւ. «Լիբանանի մէջ մեր կատարած այցելութիւններուն լոյսին տակ հասկցանք, որ ձեր կեանքի պայմանները դիւրին չեն, եւ մեր փափաքն է, որ դուք յաւելեալ աջակցութիւն ունենաք: Անշուշտ մենք նաեւ մտահոգուած ենք` տեսնելով, թէ Միջին Արեւելքի մէջ կացութիւնը որքան դժուար է հայերու եւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ փոքրամասնութեան համար»: Հայ ժողովուրդի վերոնշեալ ընկերային ու համեստ երկու բարեկամներուն հետ հանդիպումին ընթացքին նաեւ առիթը ունեցայ ծանօթանալու Պերկշթրասէի կառավարման համակարգին, ինչ որ հասարակաց հետաքրքրութեան եւ հայկական թեմաներու շուրջ հաճելի զրոյցը դարձուց աւելի շահեկան ու հետաքրքրական: