կարևոր
406 դիտում, 1 ժամ առաջ - 2026-01-24 11:31
Հասարակություն

«Բարենորոգիչները» պառակտվե՞լ են. Հովնան Սրբազանը ևս մասնակցելու է Վեհափառի հրավիրած ժողովներին

«Բարենորոգիչները» պառակտվե՞լ են. Հովնան Սրբազանը ևս մասնակցելու է Վեհափառի հրավիրած ժողովներին

Այսու կը ծանուցենք սիրեցեալ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, թէ՝ յընդառաջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հրաւէրին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան Փետրուար ամսուայ 16-19 օրերուն Աւստրիոյ Սանկտ Փյոլթըն քաղաքին մէջ կը մասնակցի Եպիսկոպոսաց ժողովին։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այնուհետեւ կը մասնակցի նաեւ նոյն քաղաքին մէջ կայանալիք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի ժողովներուն, Փետրուար 20-21-ի օրերուն։

Կը խնդրենք հաւատացեալ մեր ժողովուրդի զաւակներէն աղօթքով յիշել այս կարեւոր ժողովները, որպէսզի Աստուծոյ առաջնորդութեամբ անոնք ըլլան օրհնաբեր եւ պտղաբեր՝ ի բարօրութիւն ու բարգաւաճում մեր Հայրենիքին եւ ի շինութիւն ու պայծառութիւն մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ։

Դիւան Առաջնորդարանի

Յունուար 23, 2026