կարևոր
3097 դիտում, 10 ամիս առաջ - 2023-05-01 15:45
Հասարակություն

Խմբագրական. Մայիս Մէկի Այլափոխումը Կամ Ժողովուրդներու Զգայազրկումը

Խմբագրական. Մայիս Մէկի Այլափոխումը Կամ Ժողովուրդներու Զգայազրկումը

Լիբանանի մէջ ամբողջ ժողովրդային խաւի մը ցնցոտիացման պայմաններուն մէջ կը նշուի աշխատաւորական տօնը: Արժեզրկուող աշխատավարձեր, գործազրկութիւն, կենսաթոշակի փոշիացում, հիւանդանոցային բուժման կարելիութիւններէ ամբողջական զրկում եւ նուազագոյն կենսական առումով պետական ծառայութիւններու ի սպառ բացակայութիւն:

Լիբանանի դէմ կիրարկուող տնտեսական պաշարումի քաղաքականութենէն կը տուժէ հիմնականին մէջ քաղաքացին, ծայրայեղ աղքատութեան իրավիճակի խորերը ներքաշուելով:

Խնդիրը այս բոլորին զանգուածային ձեւով չհակազդելու իրականութեան մէջ կը կայանայ: Նախապէս, ամբողջ աշխարհը ականատես կը դառնար աշխատաւորական համադաշնակցութիւններու շարժումներու, որոնց հետ հաշուի կը նստէր գործող կառավարութիւնը: Աշխատաւորական համադաշնակցութիւնները ունէին հակակշիռ գործողութիւն իրականացնելու գործառոյթ եւ թոյլ չէին տար, որ միակողմանի, աշխատաւորներու իրաւունքները շրջանցող որոշումներ կեանքի կոչուին: Մինչեւ անգամ գործադիր իշխանութիւնը հրաժարական կու տար ի տես համադաշնակցութիւններու սանձազերծած բողոքի զանգուածային գործողութիւններուն: Պահանջներ, բանակցութիւններ, որոշումներու վերանայումներ, չեղարկումներ կամ առնուազն միջին լուծումներ` արդիւնք էին այդ համադաշնակցութիւններու ձեռնարկած շարժումներուն:

Աշխարհը ականատես դարձաւ աշխատաւորական համադաշնակցութիւններու հետզհետէ չէզոքացման: Ֆրանսայի մէջ էր, որ վերջերս վերազարթնում ապրեցան անոնք` թոշակի տարիքի բարձրացման օրինագիծին դիմաց: Դասական ձախը ընդհանրապէս իբրեւ գաղափարախօսութիւն կը հովանաւորէր, կը հետեւէր, կը զօրակցէր աշխատաւորական համադաշնակցութիւններուն: Ֆրանսական վերազարթնումը անպայմայն չէր նախանշեր դասական ձախի վերակայացումը: Եւ այստե՛ղ է խնդիրը: Երբ կ՛արձանագրուի հասարակութիւններու ապագաղափարացումը, համադաշնակցային համակարգերը յանկարծակի կը յայտնուին, մագլցում կ՛արձանագրեն եւ կը վերադառնան ի շրջանս իւր` ծառայած ըլլալով այս կամ այն քաղաքական ուժի առաջադրանքին, այս պարագային ընդդիմութեան ձեռնարկած իշխանափոխութեան փորձին:

Ներկայ հասկացողութեամբ ամէն ինչի քաղաքացիականացումը կ՛ապագաղափարացնէ հասարակարգերը: Համադաշնակցութիւնները կը վերածուին քաղաքացիական շարժումներու, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու, որոնք մարդկային իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան, հակափտածութեան պայքարի կարգախօսերով կը վերափոխեն հասարակական շարժումներու էութիւնը, բովանդակութիւնն ու ուղղուածութիւնը:

Այս գործընթացներով է, որ աշխատաւորական շարժումները կը վերափոխուին այսօրուան քաղաքացիական շարժումներու կամ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու:

Վերադառնանք լիբանանեան իրականութեան: Հարցումը ճնշիչ է: Ինչո՞ւ չեն աշխուժանար աշխատաւորական համադաշնակցութիւնները, ի տես ժողովուրդի ծայրայեղ աղքատացումին, իրաւազրկումներուն, մարդկային կենսական ապրելակերպի կամ նուազագոյն զամբիւղի անհասանելիութեան հանգամանքներով ստեղծուած ահագնացող ճգնաժամին:

Անոնք իրենց տեղը զիջած են քաղաքացիական շարժումներուն եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն, որոնք կը գործեն, կ՛աշխուժանան, երբ քաղաքական պահը հասուննայ, երբ ահազանգը հնչէ: Այդ զանգին կոճակը յայտնաբար լիբանանեան տարածքներէ դուրս է: Այս երկիրը ոչ միայն պետական-քաղաքական առումով կը հեռակառավարուի, այլ նաեւ հասարակական մակարդակով:

Կա՛յ տեսակէտ, որ առաւելաբար ազգային խնդիրները չեն, որ շարժիչ գործօնի դեր կ՛ունենան ժողովուրդներու բողոքարկման զանգուածայնացման մէջ: Ժողովուրդները կը շարժին, երբ ընկերային գետնի վրայ կ՛իրաւազրկուին, տնտեսապէս կը հարուածուին եւ ուղղակի խնդիր կ՛ունենան հանապազօրեայ հաց վաստակելու:

Ընկերատնտեսական այս կարմիր գիծերը վաղուց հատուած են Լիբանանի մէջ: Ժողովուրդը շարժելու տրամադրութեան մէջ չէ: Պարագայական բողոքներ, ցասումի առանձնակի երեւոյթներ, անյուսալի վիճակի մասին տարբեր առիթներով կատարուող բարձրաձայնումներ: Այդ սահմաններէն դուրս չի գար հասարակութիւնը: Հակազդելու զգայնութիւնը կը թուի, որ կորսուած է, եւ ձեւաւորուած զգայազուրկ հասարակութիւն մը:

Համաշխարհային գործընթացները որոշ միջավայրերու մէջ զգայազրկած են հասարակութիւնները եւ միայն յարմար դատուած պահուն արտաքին ներարկումներով ոտքի կը հանեն ժողովուրդները:

Արժէքային համակարգի փոփոխութիւններու ներկայ ժամանակներուն մէջ մայիսմէկեան խորհուրդը եւս չի ներկայացներ նախկին նշանակութիւնը:

Երկրին վերականգնումը կը սկսի կրթութենէն: Կրթութիւնը կ՛ենթադրէ առաջին հերթին արժանապատիւ կենսակերպի համար պայքարող, ինչպէս նաեւ աշխատաւորական, քաղաքացիական եւ մարդկային իրաւունքներուն տէր կանգնող անհատի պատրաստութիւն: Մայիս մէկը ա՛յս հրամայականներուն յուշարարն է:

 

aztagdaily.com