կարևոր
2794 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-02-02 14:04
Քաղաքական

Բերձորի միջանցքի շրջափակումը կրնայ միջազգային ճանաչման ենթահողի վերածուիլ

Բերձորի միջանցքի շրջափակումը կրնայ միջազգային ճանաչման ենթահողի վերածուիլ

Բերձորի միջանցքի շրջափակումին հետեւանքով հայկական կողմին ջանքերը՝ միջազգային ընտանիքին դիմաց մերկացնելու Ատրպէյճանի Արցախը հայաթափելու իսկական նպատակը, սկսան արձագանգ գտնել:

Եւրոխորհրդարանի մէջ Ատրպէյճանի քայլերը քողազերծող վերջին ելոյթները, նոյնպէս Լահայի մարդու իրաւունքներու միջազգային դատարանին մէջ հնչող հակաատրպէյճանական ելոյթներն ու ատրպէյճանական անհիմն ինքնապաշտպանական փորձերը առիթ հանդիսացան Արցախի ոչ միայն մարդկային վիճակի միջազգայնացման, այլեւ քաղաքական կարգավիճակին շուրջ տարիներու պայքարի օրինականութեան յստակեցման:

Նպատակային էր հայկական ե՛ւ պետական, ե՛ւ սփիւռքահայ կողմերու, յատկապէս Հայ Դատի գրասենեակներու դիւանաքարոզչական աշխատանքներուն մէջ հետեւեալ հարցերուն շեշտադրումը.

-Արցախի շրջափակումը նախ եւ առաջ մարդկային կեանքին սպառնալիք է, ցեղային ոչնչացման, իմա՝ Արցախի հայաթափման միտող քայլ, ինչ որ կը հաստատէ, թէ Արցախը, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, այլ երկիրներու անկախացման ձգտումին համահաւասար իրաւունքով արտայայտած ու հանրաքուէով օրինականացուցած է անկախ ապրելու իր իրաւունքը, ուստի ան երբեք չի կրնար միանալ Ատրպէյճանի կազմին:

– Յաճախ խաղաղութեան լեզուով հանդէս եկող Ատրպէյճան կրկին հաստատած է ուժի սպառնալիքին դիմելու իր վարքագիծը, ժողովուրդ մը ամբողջ մատնելով սովի, երիտասարդներն ու մանուկները զրկելով իրենց ծնողներէն, ուսումնակրթական կեանքէն եւ վերջապէս առողջապահական ոլորտի ճգնաժամ ստեղծելով:

-Հակառակ միջազգային տարբեր կողմերու, ԱՄՆ-ի, Եւրոպայի, Ռուսիոյ, կրօնական միջազգային դէմքերու կոչերուն, Ատրպէյճան անտեսած է միջազգային ընտանիքը ու կը շարունակէ շրջափակման մէջ պահել Արցախի բնիկ ժողովուրդը:

Արցախի եւ Հայաստանի աշխարհաքաղաքական դիրքն ու գերպետութիւններու Հարաւային Կովկաս թափանցելու ճիգերը Արցախի շրջափակման հարցին կու տան շատ աւելի օրակարգային կարեւորութիւն, ինչ որ կրնայ, հայկական կողմին ճիգերուն բազմապատկումին պարագային, Ատրպէյճանը ստիպել շարք մը զիջումներու:

Պատահական չէ, որ Ատրպէյճանի նախագահը կը դիմէ եւրոպական երկիրները կազի իր պաշարներով շլացնելու քայլին, երբ Հունգարիա իր այցելութեան առիթով օրեր առաջ կը յայտարարէ, թէ Ատրպէյճան բաւականաչափ կազ ունի բաւարարելու Եւրոպայի կարիքները՝ որպէս վստահելի մատակարար յառաջիկայ հարիւր տարուան ընթացքին։ Դար մը ամբողջ Եւրոպան մատակարարելու խոստումը արդէն ինքնին թէական կը թուի, եթէ նկատի ունենանք որ խօսքը բնութեան պաշարներու մասին է եւ ոչ թէ նիւթական շօշափելի հարստութեան:

Ատրպէյճանի սպառնալիքները չեն երաշխաւորեր տարածաշրջանի խաղաղութեան հաստատումը, ինչ որ բխրուն կը դարձնէ անգամ Ատրպէյճանի տարածքներէն արտածումները տարածաշրջանի լարուածութեան սրման պարագային:

Արցախի ժողովուրդին դիմադրողականութիւնը սկսած է արդիւնաւորուիլ: Կը մնայ տոկալ, կառչած մնալ հողին, որովհետեւ հողն ու հայրենիքը միայն երկարաշունչ պայքարով կարելի է պահել:

Եթէ մեր ժողովուրդը յաջողի կառչած մնալ հողին, կը ձախողին Ատրպէյճանի բնապահպանման եւ այլ կեղծ ծրագիրները բնականաբար, ու Արցախի հարցի միջազգային արծարծման նշաձողերը կրնան ուղղուիլ Արցախի միջազգային ճանաչման:
44-օրեայ պատերազմով Ատրպէյճան ջանաց հայաթափել ամբողջ Արցախը, սակայն չյաջողեցաւ՝ ունենալով մէկտեղ զինուորական անսահման աջակցութիւնը Թուրքիոյ: Ատրպէյճանի շարունակուող յարձակողապաշտութիւնը կը բախի արցախահայութեան անկոտրում կամքին:

Ուստի Արցախի դիմացկուն ժողովուրդին տարբեր միջոցներով աջակցութիւնը համայն հայութեան ազգային պարտքը կը համարուի այս օրերուն:

Խմբագրական «Գանձասար»-ի