Փոխարժեքներ
26 06 2025
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 385.29 |
EUR | ⚊ | € 447.17 |
RUB | ⚊ | ₽ 4.915 |
GBP | ⚊ | £ 524.23 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.47 |
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան այցելեցին հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապի:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ Տիապի կառավարութեան անցնող ժամանակի գործունէութեան վերագնահատումի` յստակացնելով այդ գործունէութեան դրական կողմերն ու բացթողումները:
Վարչապետ Տիապ իր պատկերացումը ներկայացուց ներկայ փուլին մասին` շեշտելով, որ անհրաժեշտ կը նկատէ ամէնէն արագ միջոցին նոր վարչապետի նշանակումը եւ կառավարութեան կազմութիւնը:
Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ իր կառավարութեան նկատմամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅ Դաշնակցութեան ցուցաբերած զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ այն ճիգին եւ կեցուածքներուն, որ նախարար Օհանեան-Գէորգեան ունեցած է կառավարութեան մէջ:
aztagdaily.com