կարևոր
1891 դիտում, 10 ամիս առաջ - 2023-06-08 12:44
Քաղաքական

Հայաստանի Եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Տարբերութիւնը

Հայաստանի Եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Տարբերութիւնը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Նիկոլ Փաշինեան պարբերաբար իր վարած բանակցութիւններուն մասին նպատակային գաղափարներ կը յայտնէ: Այսպէս, մեր վերջին անկախութիւնները նպատակ ունեցած են Հայաստանի Հանրապետութեան ընդարձակումը: Ինք կը մտածէ, որ անկախութեան նպատակը պէտք է ըլլայ երկրի բարգաւաճումը եւ աւելի լաւ ապրելու ձգտումը: Երկիրը ընդարձակելու ձգտումը պատճառ դարձած է, որ մեր ապրած երկրին մէջ չունենանք կատասդրի (կալուածաթուղթի) վկայական: Ինք այդ վկայականը պիտի ապահովէ 29.800 քառ. քմ. տարածքի մը վրայ, որ վերջնական կերպով Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք պիտի ընդունուի: Փաշինեան յայտարարեց, որ 29.800 քառ. քմ.-էն դուրս հայութիւնը ոչ մէկ հողային պահանջ չունի եւ… ապագային ալ պիտի չունենայ:

Սփիւռքի գործերու յանձնակատարը իր կողմէն կը յայտարարէ, որ աւարտած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը:

Կը վերադառնանք համայնավարութեան դիրքորոշման: Հայկական հարց գոյութիւն չունի, Խորհրդային Հայաստանի ստեղծումով լուծուած էին բոլոր տեսակի պահանջները, միշտ ի հաշիւ Խորհրդային Հայաստանին, եւ հայ ժողովուրդը իր դրացիներուն հետ եղբայրական յարաբերութիւններ ունի ու հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւնը հաստատուած է: Տեսանք, որ ի՛նչ ձեւի խաղաղութիւն հաստատուած էր, ու կը շարունակենք վկայել հեռու եւ մօտ դրացիներու եղբայրական վերաբերումին մասին:

Հայերու ցեղասպանութիւն եղած է, բայց արդէն հեռաւոր անցեալին: Ի՞նչ իմաստ ունի արծարծումը պատմական դէպքի մը: Ալ չենք խօսիր պահանջատիրութեան մասին, հայ ժողովուրդին հատուցում կատարելու մասին:

Ես կ՛ընդունիմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւնը ընտրուած է եւ Ազգային ժողովին մէջ բացարձակ մեծամասնութիւն ունի: Թէ ինչ խոստումներ շռայլելով կրցեր է ապահովել ընտրողներու վստահութիւնը, ուրիշ հարց է: Երբ խոստումներուն տրամագծօրէն հակառակը կ՛ընէ, իր օրինաւորութիւնը կորսնցուցած չըլլար:

Հայաստանի ամենաբարձր լեռը Արարա՞տն է, թէ՞ Արագածը: Նիկոլ Փաշինեան կամաւոր կերպով կը շփոթէ Հայաստանը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Հայաստանի այս կամ այն բաժնին մէջ, մենք անցեալին ունեցած ենք երբեմն անկախ եւ աւելի շատ կիսանկախ պետութիւններ: Բոլորն ալ Հայաստան աշխարհի այս կամ այն բաժնին մէջ: Կիլիկիոյ թագաւորները կը նկատուէին հայոց թագաւորներ: Իսկ հայոց կը նշանակէ Հայքերու: Մեր պատմութիւնը կոչուած է հայոց (այսինքն` հայքերու) պատմութիւն: Մենք բնաւ մտահան չենք ըրած հայկական բարձրաւանդակի ամբողջականութիւնը: Եթէ այդ բարձրաւանդակի մէկ մասին վրայ պետութիւն կրցեր ենք ստեղծել, զայն պաշտպանելու համար միջոցներ որդեգրեր ենք, բայց չենք մոռցած մնացեալը, որ մերն է:

Կարելի է հասկնալ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ստեղծուած պայմաններուն մէջ յայտարարէ, որ հողային պահանջներ չունի: Բանակցութիւններուն ընթացքին, պարտուած կողմէն պահանջուած զիջումին համամտութիւն յայտնելու մարտավարական քայլ մը, հերթական զիջումն է: Սակայն, խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն ապահովելով եւ ժողովրդավարութիւն վկայակոչելով Փաշինեան չի կրնար յայտարարել, որ ապագային եւս Հայաստանի Հանրապետութիւնը հողային որեւէ պահանջ պիտի չունենայ:

Արարատը Հայաստանի բարձրագոյն լեռն է, իսկ Արագածը` Հայաստանի Հանրապետութեան: Զգացական իրողութիւն մը չենք վկայակոչել, կը յիշեցնենք հայոց պատմութեան դարերէն եկող սկզբունքային դիրքորոշումը:

Ամէն անգամ, որ այս եւ նմանատիպ հարցեր հրապարակ կը նետուին, անպայման նման, ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող հարցեր պէտք է քննարկուին, ահա կը պատահի աննշան դէպք մը, որ լուսարձակները իր վրայ կը կեդրոնացնէ: Փորձուած միջոց է. վկայ` Փաշինեանի տղուն առեւանգման փորձը… կնոջ կը կողմէ:

Ինչպէ՞ս պիտի ազատինք այս աղէտէն: Մայիս 28-ի օրերուն, ոմանք վկայակոչեցին Արամ Մանուկեան, որ յաջողեցաւ ոտքի հանել Արարատեան դաշտի հայութիւնը: Ասիկա ըսողները կը մոռնան, որ Արամ Մանուկեան Հայոց ազգային խորհուրդի անդամ էր եւ ղրկուած էր Երեւան, զօրացնելու համար Երեւանի Ազգային խորհուրդը: Երեւանի Ազգային խորհուրդը Արամ Մանուկեանը օժտած էր բացարձակ իշխանութեամբ: Արամ Մանուկեան իրողական ղեկավարն էր Արարատեան դաշտի հայութեան: Արամ Մանուկեան հրապարակ գալով ինքզինք ղեկավար չէր հռչակած:

Այժմ մեր իրողական ղեկավարը Նիկոլ Փաշինեանն է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի ապագային նկատմամբ տեսիլք չունի: Տեսիլք չունեցող ղեկավարը պէտք է փոխուի: Որպէսզի Արամ Մանուկեան մը ունենանք:

aztagdaily.com