|
Փոխարժեքներ
28 10 2025
|
||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 382.78 |
| EUR | ⚊ | € 446.44 |
| RUB | ⚊ | ₽ 4.7824 |
| GBP | ⚊ | £ 509.98 |
| GEL | ⚊ | ₾ 140.95 |
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ. Բաց նամակ՝ ՔՊ-ական կլանին
(նամակները փոխանցուած են Ֆրանսայի, Հոլանտայի եւ Պելճիքայի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւններուն)
Խոր մտահոգութեամբ, անձկութեամբ եւ ընդվզումով կը հետեւինք Հայրենիքէն ներս կատարուող տարատեսակ իրադարձութիւններուն: Ազգը պառակտած, սեւի ու սպիտակի բաժանած, պատերազմ պարտուած, բանակը բարոյալքած ու կազմաքանդած, Արցախը թշնամիին յանձնած, ՀՀ տարածքներ զիջած, Հայոց Պատմութիւնը խեղաթիւրած, ազգային մեր արժէքները ձաղկած, ազգային պահանջատիրութիւնը, Արարատը՛ ուրացած, անգա՛մ Ցեղասպանութեան դէմ մեղանչած, երկրին արտաքին պարտքը եռապատկած քպ-ական ձեր քլանը, նիկոլ փաշինեանի մենատիրութեամբ, հայրենաքանդ ու ազգաքանդ ձեր «առաքելութիւնը» յամառօրէն կը շարունակէք: Ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներ, հեղինակաւոր հոգեւորականներ, ժողովուրդին կողմէ ընտրուած դէմքեր, հանրածանօթ գործարարներ անհիմն ամբաստանութիւններով, ապօրինի ձերբակալութիւններով, քաղբանտարկեալներ բազմապատկելով, ժողովրդավարութիւնը, խօսքի ազատութիւնը ոտնահարելով, բռնապետական-ոստիկանական ռեժիմ հաստատելով կը տքնիք իշխանութիւն պահելու:
Հերթը հիմա հասած է Հայ Եկեղեցւոյ, որուն դէմ ձեր արշաւը ունի միայն մէկ բացատրութիւն՝ հերետիկոսութիւն: Ազգային հենասիւները քանդելու ձեր ճիգը, սակայն, պիտի չկարենաք հասցնել իր աւարտին, պարզապէս որովհետեւ մեր ժողովուրդը ձեր կարծեցեալ հլու-հնազանդ ստրուկը չէ եւ որքան ալ թմրած է ատենէ մը ի վեր, որքան ալ խաբուած-օրօրուած է ստապատիր ձեր սին քարոզներով, սթափած է արդէն իսկ եւ պատրաստ՝ իր մեծատառ ՈՉ-ը շպրտելու ձեր անինքնասէր երեսին: Արտաքին ուժերու կողմէ պատրաստուած-ձեւուած, եւ ձեր կողմէ հարազատօրէն որդեգրուած այսպէս կոչուած «խաղաղութեան» կեղծ ու սուտ դիմակին ետեւ պահուըտած ու հասարակութեան հրամցուած թրքահաճոյ ու թրքահպատակ ձեր ընթացքը մենք ոչ միայն կը մերժենք, այլեւ ընդհակառակն, կը շարունակենք Հայ Դատի մեր պայքարը, առաւել թափով ու համոզումով, ի հեճուկս ձեզի ու ձեր նմաններուն: Դուք ոչ մէկ լիազօրութիւն ունիք, իրաւական թէ բարոյական, որեւէ համաձայնագիր ստորագրելու հայ ժողովուրդի անունով: Այդ ձեր ստորագրածը թուղթի կտոր մըն է պարզապէս: Հայ Դատը, հակաթուրք պայքարը, պահանջատիրութեան մեր թղթածրարը կը վերաբերի ու կը պատկանի բովանդակ հայութեան եւ ոչ միայն Հայաստանի իշխանութեան, առ այդ՝ կը կարօտի համահայկական որոշումի, իսկ հայ ժողովուրդը, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, մեծամասնութեամբ կը մերժէ ձեր մրոտած պարտուողական բոլոր թուղթի կտորները:
Հետեւաբար մենք պիտի շարունակենք, ոգի ի բռին, թուրքիան եւ ազրպէյճանը նկատել եւ կոչել-յայտարարել թշնամի, մինչեւ արդարութեան լիարժէք հաստատում, մինչեւ մեր իրաւունքներու ամբողջակա՛ն վերականգնում: Պիտի շարունակենք ապրիլ ու արարել ազգային եւ հոգեւոր մեր դարաւոր արժէքներով: Սփիւռքի մէջ յաջորդական սերունդներ ամբողջ, ի գին ծով ու անասելի զոհողութիւններու, հոսանքն ի վեր մարտնչած ու թիավարած են՝ պահպանելու ազգային մեր արժէքները, սրբութիւնները, աւանդութիւնները, մեր լեզուն, մեր մշակոյթը, հայու ինքնուրոյն դիմագիծը, անկորնչելի մեր Դատը: Այսօր տարբեր չէ երէկէն: Այսօր ալ որոշած ենք կառչած մնալ մեր արմատներուն, շարունակել նորերը դաստիարակել-կազմաւորել միեւնոյն ուղիով, միաժամանակ մերժելով ապազգային ձեր ուղին, ձեր տեսակը, ձեր արժեհամակարգը, ամենուրէք ընդդիմանալով անոր եւ բարձրաձայն մերկացնելով զայն: Որոշած ենք նաեւ մեզի փոխանցուած ջահը մեր կարգին փոխանցել նոր սերունդին, որ վստահաբար պիտի շարունակէ ազգային միեւնոյն ուղիով, միեւնոյն խորքով, քաղաքական-գաղափարական միեւնոյն մտածողութեամբ, միեւնոյն համոզումով ու վճռականութեամբ: Ձեր յորջորջած «իրական» Հայաստան եզրը գոյութիւն չունի մեր բառարանին մէջ: Մենք կը ճանչնանք միայն մէ՛կ Հայաստան. կուռ ազգային, պահանջատէր, ինքնիշխան, ժողովրդավար, բարգաւաճ, անկախ, հզօր Հայաստան, որ կորիզն է մեր դաւանած վաղուան Ազատ, Անկախ, Միացեալ Հայաստանին:
Եւ վերջապէս, մենք՝ Ֆրանսայի, Հոլանտայի եւ Պելճիքայի շարքերը, երիտասարդական միաւորներով, ուղեկից միութիւններով եւ համակիրներու լայն փաղանգով կը շարունակենք անվերապահօրէն զօրակցիլ եւ սատարել մեր պետութեան, որովհետեւ պետութիւնն ու պետականութիւնն են բացարձակ արժէքը ու մնայունը, եւ ոչ թէ իշխանութիւնները, որոնք գնայուն են, մանաւանդ՝ թիւրիմացաբար ստացուած ձեր չակերտեալ «իշխանութիւնը», որուն հեռացման համար ի սպաս կը դնենք անխտիր մեր բոլո՛ր հնարաւորութիւնները:
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ
Փարիզ
27/10/2025