կարևոր
286 դիտում, 2 ժամ առաջ - 2025-10-06 11:21
Հասարակություն

Միջագետքի հայ ժողովրդի ինքնության պահպանման գործում՝ Ս. Իգնատիոս Մալոյանի կարևորագույն ավանդը

Միջագետքի հայ ժողովրդի ինքնության պահպանման գործում՝ Ս. Իգնատիոս Մալոյանի կարևորագույն ավանդը

Աղբյուրը՝ vaticannews.va

Ս. Իգնատիոս Մալոյանի ղեկավարութեամբ եւ անխոնջ աշխատանքով եւ Մխիթարեան Հայրերէն` Հ.Պօղոս Վրդ. Գասպարեանի հմուտ աջակցութեամբ` անոնք միասնաբար կարողացան ոչ միայն վերականգնել հայոց լեզուն եւ մշակոյթը, այլեւ հիմքը դրին կրթական այնպիսի համակարգի, որը դարձաւ Մարտինի հայ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման կարեւորագոյն գրաւականներէն մէկը:

Մարտինի հայ ժողովուրդի կրթական մարզը բարելաւելու մէջ անգնահատելի աշխատանք կատարած է` Ս.Իգնատիոս Մալոյեան:

«Բազմավէպ հայագիտական հանդէս»ի թիւ.....մէջ հրապարակուած շնորհակալական նամակը ոչ միայն կը վկայէ անոր նուիրուածութիւնը, այլեւ կը բացայայտէ այն դժուարին ժամանակաշրջանի մանրամասները, երբ հայ ժողովուրդը կը բախուէր բազմաթիւ մարտահրաւէրներու` այնուամենայնիւ Ան զարկ կու տար կրթութեան։

Սոյն նամակը, ըլլալով կրթական բնագաւառին վերաբերող արժէքաւոր փաստաթուղթ, նաեւ կը վկայէ օրուայ իշխանութիւններու կողմէ կատարուած կեղեքումները, եւ Մալոյեանի կողմէ բնակչութեան պահպանման գործին մէջ կատարած ջանքերը:

Մալոյեան` ըլլալով կրթական գործընթացի առանցքային դէմքերէն մէկը` զուգահեռ նուիրուած է մայրենին վերականգնելու աշխատանքին։

Անոր ղեկավարութեամբ եւ անխոնջ աշխատանքով եւ Մխիթարեան Հայրերէն` Հ.Պօղոս Վրդ. Գասպարեանի հմուտ աջակցութեամբ` անոնք միասնաբար կարողացան ոչ միայն վերականգնել հայոց լեզուն եւ մշակոյթը, այլեւ հիմքը դրին կրթական այնպիսի համակարգի, որը դարձաւ Մարտինի հայ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման կարեւորագոյն գրաւականներէն մէկը:

Դժուարին ժամանակներուն, երբ օրուան իշխանութիւնները ճնշումներ կը բանեցնէին հայ ժողովուրդի դէմ, Մալոյեան խիզախութիւն կը ցուցաբերէր իր իմաստուն եւ շրջահայեաց քաղաքականութեամբ։

Ան լաւատեղեակ էր թրքական ծրագրին, ուստի սկիզբը դիւանագիտութեամբ կարողացաւ խափանել ճնշումները, նաեւ զսպել հօտը ապստամբելէ։

Մալոյեանի մեծութիւնը կը կայանայ ծանր պայմաններու մէջ անգամ` առանց ընկրկելու գործել:

Անոր ջանքերը կեդրոնացած էին կրթութեան միջոցաւ` հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը ամրապնդելու գործին:

Ան խորապէս գիտէր, որ կրթութիւնը հայ ժողովուրդի գոյատեւման եւ առաջընթացի բանալին է: Այդ իսկ պատճառով, Անոր ղեկավարութեամբ ստեղծուած դպրոցները, կազմակերպուած կրթական ծրագրերով կը գործէին եւ ամենակարեւորը` այդ վարժարաններուն մէջ հայոց լեզուն, մշակոյթը եւ պատմութիւնը կը սիրցնէին:

Ստորեւ` «Բազմավէպ»; հայագիտական հանդէսի` 1965 Ապրիլ-Յուլիս համարին մէջ հրապարակուած` Ս.Իգնատիոս Մալոյեանի` Մխիթարեան Միաբանութեան հայրերուն յղած նամակը` կ՛արտատպենք՝

-------------------------

Հայ Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսարան

Մարտինու (Միջագետք)

Մարտին, 12 Մայիս 1912

 

Արհիապատիւ Գերապայծառ Տէր

Տէր Իգնատիոս Վրդ. Կիւրեղեան

Աբբահայր Մխիթարեան Միաբանութեան

Ի Վենետիկ

 

Ութ օր է թեմս հասնելուս, եւ իրբ սրբազան պարտք կը համարիմ փութալ յայտնել յանձն Ձեր Արհի. Տէրութեան, համայն Մխիթարեան արդիւնաշատ սիրելի միաբանութեան, իմ սրտագին շնորհակալիքս այն թանկագին եւ գնահատելի ծառայութեանց համար, զոր իմ բացակայութեանս ժամանակամիջոցին, մատոյց իր հայրենեաց եւ իմ Թեմիս Գերյ. Գասպարեան Պօղոս վարդապետ, անձնուէր եւ դրուատելի եղանակաւ, օրինակ բարի հանդիսանալով ամէնուն եւ շահելով համայնից համակրանքը եւ սէրը, իր առագելաջան վաստակով եւ անխոնջ աշխատանքով՝ հոգւոց փռկութեան եւ ուղղափառ կրօնիս պայծառութեան համար:

Քաջ գիտակ ըլլալովս արդէն սոյն առաքինազարդ Հօր վսեմ եւ կրօնասէր սկզբանց, միշտ այդ գաղափարը տածած էի մտքիս մէջ՝ աղաչել Ձեր Արհի. Տէրութիւնը որ թոյլ տայ իրեն մնալ իմ Թեմիս մէջ, որ կարօտ է մեծապէս այսպիսի բարի, ուշիմ եւ կարող անձանց:

Այն զի վառ բաղձանք ունենալով այս ընդարձակ եւ հայերու հոծ բազմութեամբ լի թեմիս մէջ կորսուած հայրերէն լեզուն վերահաստատել, կու գամ ներկայիւս թախանձանօք խնդրել Ձեր Արհի. Տէրութենէն, որ մեծագոյն շնորհք մ'ալ բարեհաճի Թեմիս՝ բանալով հոս Մուրատ- Ռափայէլեան Վարժարանի մասնաճիւղ մը, որ վերակենդանութեան պատճառ պիտի ըլլայ այս թշուառ վիճակիս, ի պարծանս Մխիթարեան սիրելի միաբանութեան, որ Ազգիս մատուցած բազմադիմի այդքան վսեմ ծառայութեանց շարքին մէջ պիտի գրաւէ նաեւ այս պարծանքը՝ կենդանացնելու Մարտինու նահանգին մէջ մեր ազգային ցանկալի լեզուն:

Յայսմ մասին վստահ եղէք գտնալ յիս ամէն տեսակ կարելի բարի տրամադրութիւններ, ինչպէս որ ես ալ կը յուսամ գիտնալ Ձեր կողմանէ՝ բացուելիք մասնաճիւղին պայմանները, եթէ ունիք:

Եւ ահա այս պատճառաւ է յաւէտ որ գրեա թէ բռնի կերպով յետաձգել տուի Գերյ. Գասպարեան Հայր Պօղոս Վարդապետին ճամբորդութիւնը, մանաւանդ որ ներկայ քաղաքական խնդիրներուն բերմամբ՝ ճամբորդութիւնը վտանգաւոր է, զի նոյն իսկ քաղքիս մէջ ընդհանուր ապահովութիւնը խանգարուած է, եւ ամէն գիշեր մէյ մէկ արկած կը հանդիպի. Իսկ Տէրութիւնը բնաւ ո՛չ կը մտածէ եւ ոչ կը հոգայ: Արդ, եթէ քաղքիս մէջ այսպէս, ի¯նչ ակնկալելու է դուրսը:

Յուսալով որ լուրջ նկատողութեան առնելով իմ կրկին աղաչանքս պիտի հաճիք օր առաջ ուրախացնել զիս նպաստաւոր պատասխանեաւ:

Կը կնքեմ գրութիւնս սրտագին շնորհակալութեան հաւաստեօք կանխապէս, եւ մնամ յարգալից մեծարանօք եւ սիրով

Արհի. Տէրութեանդ

խ.ծ.

ԻԳՆԱՏԻՈՍ Վ. ՄԱԼՈՅԵԱՆ

Արքեպիսկոպոս Կաթողիկէ Հայոց

Մամպտոյ եւ Շրջակայից

(Դիւան Ս. Ղազարու, 1912)

 

Ուրեմն նամակէն կարելի է պարզել, որ Մալոյեանի աշխատանքը հանդիսացած է ոգեշնչման աղբիւր բոլոր անոնց, որոնք կը ձգտէին պահպանել հայոց ինքնութիւնը եւ մշակոյթը: Այսօր, երբ փորձենք արժեւորել Մալոյեանի կատարած աշխատանքները, չենք կրնար չհիանալ Անոր նուիրուածութեանն ու խիզախութեանը: Անոր թողած ժառանգութիւնը կը շարունակէ ապրիլ հայ ժողովուրդի սրտերուն եւ մտքերուն մէջ: Մալոյեանի գործը, ըլլալով խորիմաստ եւ ազդեցիկ, կը մնայ որպէս վառ օրինակ բոլոր անոնց, որոնք կը ձգտին ծառայել հայ ժողովուրդի առաջընթացին: Իր նուիրուածութեամբ եւ անձնուիրութեամբ, Ան ոչ միայն ամրապնդեց հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ մշակութային հիմքերը, այլեւ ճանապարհ հարթեց ապագայ սերունդներուն՝ շարունակելու Անոր սկսած նուիրական գործը:

Գերպծ. Հ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան

Պատրիարքական Փոխանորդ

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան

եւ Մեծաւոր Զմմառու Վանքին