|
Փոխարժեքներ
05 11 2026
|
||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 360.12 |
| EUR | ⚊ | € 405.03 |
| RUB | ⚊ | ₽ 4.3947 |
| GBP | ⚊ | £ 485.41 |
| GEL | ⚊ | ₾ 138.61 |
ՍԻՏՆԻ.- Երեքշաբթի, 1 Փետրուար 2022-ին, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի հրաւէրով հանդիպում մը տեղի ունեցաւ ՌԱԿ Աւստրալիոյ Շրջանային վարչութեան եւ ՍԴՀԿ Աւստրալիոյ Վարիչ Մարմնի ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ գաղութս յուզող զանազան հարցեր: Ներկաները խօսեցան նախորդ երկու տարիներուն Քորոնա ժահրի եւ Հայ ժողովուրդի դիմագրաւած զանազան մարտահրաւէրներու ձգած ազդեցութեան եւ այդ առնչութեամբ գաղութի կազմակերպութիւններուն տանելիք աշխատանքներուն մասին: Քննարկումներուն մաս կազմեցին համագաղութային մարմինները, ծրագիրները եւ աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Աւստրալիոյ մասնաճիւղի աշխատանքներու առնչուող հարցեր:
Կողմերը անդրադարձան Հայաստանի ներկայ քաղաքական իրավիճակին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Արցախի ու Ջաւախքի օժանդակութեան աշխատանքներուն եւ այդ առնչութեամբ համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն:
armenia.com.au