|
Փոխարժեքներ
05 11 2026
|
||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 360.12 |
| EUR | ⚊ | € 405.03 |
| RUB | ⚊ | ₽ 4.3947 |
| GBP | ⚊ | £ 485.41 |
| GEL | ⚊ | ₾ 138.61 |
Այս առաւօտ՝ Երկուշաբթի, 1 Յունիս 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հաjրապետը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցան: Վեհափառ Հայրապետը շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց Վարչապետին ու իր ընտանիքին եւ մօտէն հետաքրքրուեցաւ ընդհանրապէս Հայաստանի ներկայ կացութեան ու յատկապէս համաճարակին յառաջացուցած դժուարութիւններուն գծով:
Վարչապետ Փաշինեան անհրաժեշտ բացատրութիւնները տուաւ Նորին Սրբութեան «քորոնավիրուս»ի տարածման ու առաջքը առնելու աշխատանքներուն մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարեց Հայաստանի ներքին տնտեսական կացութեան շուրջ: Միաժամանակ ան մօտէն հետաքրքրուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու մասնաւորաբար Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւններու նկատմամբ: Այս ուղղութեամբ Հայրապետը, իր կարգին, ընդհանուր գծերով պարզեց թեմերուն ու յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ տագնապը։