կարևոր
568 դիտում, 1 ժամ առաջ - 2026-08-07 12:31
Քաղաքական

Երուսաղեմի պատրիարքությունը կոչ է անում հարգել Սահմանադրությամբ երաշխավորված ՀԱԵ ինքնավարությունը

Երուսաղեմի պատրիարքությունը կոչ է անում հարգել Սահմանադրությամբ երաշխավորված ՀԱԵ ինքնավարությունը

Երուսաղեմի Հայոց Պատրիարքության Դիվանատունը տարածել է հայտարարություն․

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը վրդովումով եւ խստագոյն դատապարտումով կը հետեւի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ, անոր նուիրապետական բարձրագոյն իշխանութեան եւ բարձրաստիճան հոգեւոր սպասաւորներուն դէմ շարունակուող դատական հետապնդումներուն։

2026 թուականի Օգոստոս 7-ին նախատեսուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի վեց անդամներու դատական նիստը աննախընթաց, խորապէս մտահոգիչ եւ անընդունելի իրադարձութիւն մըն է մեր ազգային-եկեղեցական պատմութեան մէջ։

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին հասարակական շարքային կազմակերպութիւն մը չէ։ Ան դարեր շարունակ եղած է հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքի, ազգային ինքնութեան, մշակոյթի, պատմական յիշողութեան եւ պետականութեան պահպանման հիմնասիւներէն մին։ Եկեղեցւոյ ներքին կանոնական, վարչական եւ կարգապահական հարցերուն նկատմամբ պետական մարմիններու միջամտութիւնը կը հակասէ Եկեղեցւոյ ինքնավարութեան սկզբունքին եւ վտանգաւոր նախադէպ կը ստեղծէ պետութիւն-Եկեղեցի յարաբերութիւններուն մէջ։

Առաւել եւս անընդունելի է, որ դատական գործընթացի թիրախ դարձած է Ամենայն Հայոց Հայրապետը՝ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ընդհանրական հոգեւոր պետը, եւ անոր հետ՝ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամ բարձրաստիճան եկեղեցականներ։ Այս իրողութիւնը չի կրնար ընկալուիլ իբրեւ զուտ իրաւական ընթացակարգ, երբ ան տեղի կ՚ունենայ Եկեղեցւոյ դէմ շարունակական ճնշումներու, հրապարակային վիրաւորանքներու, նուիրապետական կարգը խաթարելու եւ հոգեւոր իշխանութեան հեղինակութիւնը նսեմացնելու փորձերու մթնոլորտին մէջ։

Առանձնապէս մտահոգիչ է այն վտանգաւոր նախադէպը, որ կը ստեղծուի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը դատարան ներկայանալու պարտադրանքին ենթարկելով։ Ամենայն Հայոց Հայրապետը միայն Հայաստանի մէջ գործող կրօնական հաստատութեան ղեկավար մը չէ։ Ան Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ընդհանրական հոգեւոր պետն է, որուն հովուական առաքելութիւնն ու նուիրապետական հեղինակութիւնը կը տարածուին աշխարհասփիւռ հայութեան, Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներուն եւ թեմերուն վրայ։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին անձին եւ հանգամանքին նկատմամբ Հայաստանի պետական իշխանութիւններու ցուցաբերած վերաբերմունքը անխուսափելիօրէն պիտի անդրադառնայ նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ միւս նուիրապետական աթոռներու եւ անոնց հոգեւոր պետերու դիրքին վրայ։

Հայաստանի իշխանութիւնները պարտաւոր են գիտակցիլ, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին նկատմամբ իրենց վերաբերմունքը ներքին քաղաքական հարց մը չէ միայն։ Ան միջազգային անդրադարձ ունեցող համազգային եւ համաեկեղեցական խնդիր մըն է, որ կրնայ թուլացնել Հայ Եկեղեցւոյ բոլոր նուիրապետական աթոռներուն բարոյական եւ իրաւական դիրքը աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ։

Հետեւաբար, նման քայլեր կը վտանգեն ոչ միայն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հեղինակութիւնը, այլեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Երուսաղէմի եւ Կ. Պոլսոյ նուիրապետական աթոռներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ թեմերուն ազատ գործունէութիւնը։

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը վճռականօրէն կը դատապարտէ եկեղեցական ներքին հարցերը քրէական հետապնդման եւ դատական ճնշումներու միջոցաւ լուծելու որեւէ փորձ եւ կը պահանջէ դադրեցնել Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամներուն նկատմամբ քաղաքական ազդեցութեան եւ ընտրովի արդարադատութեան տպաւորութիւն ստեղծող դատական հետապնդումը։

Հայաստանի Հանրապետութեան պատկան մարմիններուն կոչ կ՚ուղղենք՝ յարգելու Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեամբ երաշխաւորուած կրօնական ազատութիւնը, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ինքնավարութիւնը, անոր ներքին կանոնական կարգն ու նուիրապետական արժանապատուութիւնը եւ զերծ մնալու այնպիսի քայլերէ, որոնք կրնան խորացնել ազգային պառակտումը եւ անդառնալի վնաս հասցնել Հայ Եկեղեցւոյ եւ պետութեան փոխյարաբերութիւններուն։

Դատական իշխանութիւնը պարտաւոր է գործել բացառապէս օրէնքի, արդարութեան, անաչառութեան եւ անկախութեան սկզբունքներով՝ առանց քաղաքական ճնշումի, ընտրովի վերաբերմունքի կամ Եկեղեցւոյ ձայնը լռեցնելու որեւէ նպատակի։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը իր աներկբայ զօրակցութիւնը կը յայտնէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին, Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամներուն եւ դատական հետապնդման ենթարկուած բոլոր հոգեւորականներուն։

Կոչ կ՚ուղղենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, Հայաստանի պետական եւ հասարակական շրջանակներուն, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի ազգային-եկեղեցական կառոյցներուն՝ պաշտպան կանգնելու Հայոց Եկեղեցւոյ ազատութեան, միասնականութեան, ինքնավարութեան եւ արժանապատուութեան։

Ամենայն Հայոց Հայրապետին նուիրապետական հեղինակութեան նսեմացումը հարուած է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ամբողջական կառոյցին։ Իսկ Հայոց Եկեղեցւոյ դէմ ուղղուած որեւէ հարուած հարուած է համայն հայ ժողովուրդի հոգեւոր միասնութեան, ազգային ինքնութեան եւ պետականութեան հիմքերուն։