կարևոր
2812 դիտում, 1 օր առաջ - 2025-10-17 12:52
Հասարակություն

Եկեղեցու և պետության հարաբերություններն անընդունելի են. ձերբակալություններով, զրպարտությամբ չի կարելի իրավիճակը շրջանցել. Արամ Ա

Եկեղեցու և պետության հարաբերություններն անընդունելի են. ձերբակալություններով, զրպարտությամբ չի կարելի իրավիճակը շրջանցել. Արամ Ա

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Առաջինն անդրադարձել է Հայ առաքելական եկեղեցու դեմ ՀՀ իշխանությունների վերջին օրերին իրականացվող բռնաճնշումներին։ Իր ելույթում նա նշել է.

«Վերջին տարիներուն Հայաստանը դիմագրաւած ներքին թէ արտաքին մարտահրաւէրներու, տագնապներու ու խնդիրներու գծով Մենք Մեր տեսակէտը, որպէս Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, յստակ ու հետեւողական կերպով պարզած ենք, եւ նոյնիսկ առաջարկած անձնապէս Հայաստան երթալու ու մասնակից դառնալու ներքին հարցերու լուծման առաջնորդող կարելիութիւններու քննարկման։

Այս ծիրէն ներս, Մենք պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութեան ներկայ վատառողջ վիճակը եւ անոր առնչուած հոգեւորականներու թէ աշխարհականներու ձերբակալութիւնները դատապարտած ենք եւ նոյնիսկ անուղղակի փորձեր կատարած ենք կացութեան հանդարտեցման ու հարցերու լուծման։ Մենք նաեւ դատապարտած ենք ազգային արժէքներու գծով մօտեցումներու ու արժեչափերու խախտումը եւ ապազգային մթնոլորտի ստեղծումը։ Այս բոլորին մասին խօսած ենք, դատապարտած ենք եւ կոչ ուղղած ենք, որպէսզի մեր բոլորին քայլերը իրենց ուղղութիւնը առնեն` մեկնելով համազգային ընդհանուր շահերէն ու արժէքներէն։ Նոյնը կը կրկնենք այսօր ու միշտ։ Հայ եկեղեցի ու պետութիւն յարաբերութեան ներկայ վիճակը վնասաբեր է ու անընդունելի` մեր Հայրենիքին ու ժողովուրդին համար։

Ձերբակալութիւններով, զրպարտութիւններով կարելի չէ ներկայ կացութիւնը շրջանցել։ Ամէնէն թշնամի երկիրները նոյնիսկ երկխօսութեան ճամբով հարցերը կը քննարկեն։ Հարց կու տանք, երբ հազարաւոր երիտասարդ հայորդիներու արիւն հոսած է, Արցախը գրաւուած է, Արցախի պետական պատասխանատուները ապօրէն կերպով ձերբակալուած են եւ այսօր երկու երկիրները խաղաղութեան ձեռք երկարած են ու իրարու հետ կը խօսին, միթէ կարելի չէ՞ նոյն ազգին ու երկիրին պատկանող կողմերուն միջեւ, եկեղեցւոյ ու պետութեան միջեւ երկխօսութիւն մը ստեղծուի` ի խնդիր Հայաստանի ու մեր ազգի գերագոյն արժէքներուն։ Ո՞ւր պիտի հասնի Հայաստանը այս ընթացքով. դէպի ինքնաքանդո՞ւմ...։ Թոյլ պէտք չէ տանք։ Անձեր, իշխանութիւններ, կառոյցներ գնայուն են. կառչինք մնայունին։ Ա՛յս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ հարկ է գործել։ Հետեւաբար, եկէ՛ք, միասնաբար, երկխօսութեան ճամբով հեռու պահենք Հայաստանը ինքնաքանդումի վտանգէն»։

Վեհափառ Հայրապետին պատգամէն ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, որուն յաջորդեց մտերմիկ սիրոյ սեղան մը, մասնակցութեամբ համայնքի կառոյցներու ներկայացուցիչներուն եւ հոգեւոր դասուն»: