կարևոր
2122 դիտում, 11 ամիս առաջ - 2023-04-06 14:42
Քաղաքական

Երբ (ան)մարդկային արդարութիւնը ղեկի վրայ է…

Երբ (ան)մարդկային արդարութիւնը ղեկի վրայ է…

«Ո՛վ մարդկային արդարութիւն, դու ոչինչ ես… թո՛ղ ես թքնեմ քու ճակատիդ…»

Սիամանթօ («Պարը»)

Այստեղ, Ազգային Ժողովի սրահին մէջ, կամ այնտեղ՝ Քասքատի անցքին, պէտք չէ ըլլար հայորդիին սեւեռման կէտը։

Ո՛չ այդտեղ, ո՛չ ալ այնտեղ, այլ պարզ ու մեկին. ՏԵՂ գիւղն ու Արցախի նորօրինակ շրջափակումը պէտք էր ըլլային անխտիր՝ մեր բոլորի հայեացքներուն կիզակէտը:

Հեռու-հեռաւոր ափերուն ապրող սփիւռքահայը արդեօք շատ աւելի՞ կը տագնապի Սիւնիքի այդ սահմանամերձ գիւղին շուրջ պատահածներով, քան Հիւսիսային Պողոտային վրայ ճեմող եւ պարտադրեալ անտարբերութեան մատնուած երեւանցին, որ մինչեւ իսկ «խապար» չունի, թէ հոն՝ Սիւնիքի մէջ ի՛նչ կը պատահի, թէ՝ թշնամին որքա՜ն յառաջացած է, մուտք գործած է սահմանամերձ գիւղի հողերը։ Պաշտօնական Երեւանը եւ զինք շեփորահարող լրատու աղբիւրները չե՜ն ուզեր մտահոգիչ եւ տագնապալի լուրեր տարածել Հայաստանի մէջ… տօնական օրերու նախօրեակին: «Ի՞նչ պէտք ունիք ասանկ տխուր բաներ իմանալու», կը հանդարտեցնեն անոնք: Չէ՞ որ նոյնինքն վարչապետը աւելի քան երկու տարի առաջ յայտարարած էր, որ Տեղէն անդին Ատրպէյճան է, իսկ հիմա կը հաւաստէ, թէ եղածը համաձայնաբար տրուած որոշումի մը կիրարկումն է: «Ի՜նչ Հայաստան, ի՜նչ Արցախ… Ինչո՞ւ կը կառչիք դժբախտ ու տժգոյն սեփականութիւններու: Ալիեւ «արխատաշ»-ն ալ այդպէս կը մտածէ», կ’ըսեն ՔՊ-ականները…

Վերջին զարգացումները պահ մը անշքացուցին ազերիական այլ յառաջխաղացքներ, որոնք տեղի ունեցան Շուշիի մօտակայ՝ հայկական ուժերու հսկողութեան տակ գտնուող, պաշարուած եւ կղզիացած չորս գիւղերու ուղղութեամբ։

Ազերիական հին ու նոր «նուաճումները» ազերիներուն հետ խաղաղութեան համաձայնագիր հետապնդող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան ու համակիրներուն համար միշտ ալ կը մնան երկրորդական եւ ո՛չ մտահոգիչ մանաւանդ, որ դիւրութեամբ կարելի է հինցած եւ խարխլած «հիներուն կատարածն էր» հաստատումով ծածկել իրենց տկարութիւնն ու անկարողութիւնը։

ՔՊ-ական իշխանաւորները, ամբոխահաճ արարքներով եւ նախաձեռնութիւններով, շարունակ կը փորձեն հանրութեան ուշադրութիւնը շեղել իսկական տագնապէն եւ ժողովուրդը զբաղեցնել տեղայնական հարցերու շուրջ նոր գրգռութիւններ ստեղծելով։ Օրինակները բազմաթիւ են եւ կը «ծաղկին» իւրաքանչիւր արեւածագի հետ: Արձանագրենք նորագոյններէն մէկ քանին:

Սուրբ Յարութեան տօնը կանխող՝ Ծաղկազարդի նախօրեակին, Ուրբաթ, 31 Մարտին , Հ․Հ․ Ազգային ժողովի յանձնաժողովի մէկ նիստին, նախագահող Վլատիմիր Վարդանեան արհամարհական եւ յոխորտալի վերաբերմունք ունեցած էր ընդդիմադիր պատգամաւորներու հանդէպ, եւ երբ Հ․Յ․Դ․-ի անդամ Մհեր Սահակեան փորձած էր կարգի հրաւիրել զայն, Վարդանեան աւելի խորացուցած էր անարգանքը՝ նոյնիսկ տեղէն ելլելով եւ յառաջանալով Սահակեանի ուղղութեամբ: Վերջինը, կռահելով «քայլ»-ականին բեմադրելիք սենարիօն, ինքնապաշտպանութեան փորձով մը՝ բռունցքի հարուած մը հասցուցած էր Վարդանեանի ճակտին։

Եւ… հսկայական «պայթում» եւ շէյքսփիրեան «բազում աղմուկ…»: Ոստիկաններ ներխուժեցին շէնք, Սահակեան ձերբակալուեցաւ, երեք օր կալանքի տակ պահուեցաւ, դիմում ալ պիտի կատարուի՝ զայն զրկելու պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն, եւ այս բոլորը՝ «Ժողովրդավարութեան պասթիոն» Հայաստանի մէջ։ Շաբաթասկիզբին, ան ազատ արձակուեցաւ: Այդ դէպքին ստեղծած աղմկալի ալիքները չէին հանդարտած, երբ Կիրակի, 2 Ապրիլին, ծաղկազարդեան առաւօտուն, Հ․Հ․ Ազգային Ժողովի ամբոխահաճ նախագահ Ալէն Սիմոնեան, չդիմանալով զինք «դաւաճան» անուանած անցորդի մը խարանումին, օգնութեան կանչեց իրեն ընկերացող ոստիկաները, որոնց թիւը ԱՅԴՏԵՂ հաւանաբար տասնեակներով կը գերազանցէր ՏԵՂ գիւղի սահմաններուն մօտ գտնուող հայոց բանակի թիւը։ Եւ ի՞նչ ըրին այդ «ապահովական ուժեր»-ը։ Գետին փռեցին ճշմարտութիւնը Սիմոնեանի երեսին շպրտած հայորդին՝ Կարէն Մկրտիչեանը (նշենք, որ կարեւոր չէ անոր դաշնակցական ըլլալը կամ որեւէ այլ կուսակցութեան պատկանիլը, որովհետեւ ոեւէ ճշմարտասէր եւ հայրենապաշտպան հայ պիտի ընէր նոյնը) եւ, փոխանակ սովորականին նման բռնի ուժով բանտարկելու, այլ «համեմ»-ով մը աւարտեցին սենարիօն։ Այս անգամ Ազգային Ժողովի նախագահը, մաֆիաներու պետերու վայել ժեսթով մը, յաղթականօրէն մօտեցաւ «ասֆալթին փռուած»ին եւ ամենայն (ան)մարդկային արդարութեամբ թքնեց «չէզոքացուած» թշնամիին երեսին, աղաւաղելով հայոց բանաստեղծին մէկ տպաւորիչ խօսքը։ Մինչեւ իսկ այս իշխանաւորներուն «կնքահայրը»՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեան չէ դիմացած Սիմոնեանի թուքին եւ սուր քննադատութեան ենթարկած է զայն. արդեօք ա՞յս ալ մաս կը կազմէ ուշադրութիւնները շեղելու «ճարպիկութեանց»…

Նոյն «հերոսը»՝ Ալէն Սիմոնեան, աւելի ուշ լուրեր տարածեց, թէ վարչապետին զաւակը յարձակման ենթարկուած է, երկու օր ետք, ենթադրեալ զոհը բացայայտեց, թէ Սիմոնեան ստած է (ինչո՞ւ ոչ, երբ իր «պոս»-ը՝ Փաշինեան սուտերու ամբողջ աշտարակ մը կառուցած է): Եւ, ի՜նչ զարմանք. Սիմոնեան լզեց իր ա՛յդ թքածը եւ կայքէջէն հեռացուց Փաշինեան կրտսերին մասին իր տարածած ստապատիր (yellow journalism-ի «թաւշեայ» ոճ մը) լուրը:

Ակնարկները ազերիական թափանցումներէ շեղելու միտող ՔՊ-ականներու արարքներու շղթային վրայ օղակ մըն ալ աւելցաւ 4 Ապրիլին, երբ անոնք խայտառակութեան նորագոյն արարը բեմադրեցին Մարդու իրաւանց պաշտպան մը ընտրելու՝ Ազգային ժողով համապատասխան յանձնախումբին նիստը: Պիտի զարմանա՞ք, եթէ վաղը-միւս օր նորեր աւելնան շղթային վրայ…

Դեռ որքա՜ն կարելի է ձեռնածալ մնալ, դեռ որքա՜ն կարելի է կոյր ու խուլ ձեւանալ, երբ ՔՊ-ական վարչախումբը ամէ՛ն օր կը շարունակէ երկրին կործանումը, պարելով ազերիական մուղամներու կշռոյթին համաձայն։

Հոգեխռով է Սիամանթոյի «Պարը» բանաստեղծութիւնն ու մեր ժողովուրդին պոռթկումը արտայայտող տողերը վերյիշելը՝ Սուրբ Զատկուան օրերուն։ Շրջափակուած պար մը, որ սուգ, թախիծ ու ողբ կը սփռէ Հայաստանի ու Արցախի, եւ ո՛չ միայն ՏԵՂի շրջանին մէջ։ Այդ ողբը կը հնչէ ամէն ՏԵՂ, նաեւ Սփիւռքի տարածքին:

Ուստի, ժամանակն է՝ ա՛նմարդկային արդարութեան, այս ոչնչութեա՛նց դէմ պայքարելու եւ գործի անցնելու, չբաւականանալով կրկնելով բանաստեղծին «Թո՛ղ ես թքնեմ քու ճակատիդ» խօսքերը:

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական