կարևոր
3121 դիտում, 1 տարի առաջ - 2022-11-22 12:31
Հասարակություն

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի բո­ղո­քին վրայ, ­Կորն­թո­սի քա­ղա­քա­պե­տը չե­ղեալ կը նկա­տէ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի բո­ղո­քին վրայ, ­Կորն­թո­սի քա­ղա­քա­պե­տը չե­ղեալ կը նկա­տէ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը

­Մեր նա­խորդ թի­ւե­րով հա­ղոր­դած էինք, թէ ­Հա­րա­ւա­յին ­Քո­րէա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հնա­մեայ քա­ղաք­նե­րու մա­սին հա­մաշ­խար­հա­յին ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցող ­Կորն­թո­սի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը ատր­պէյ­ճա­նա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան հետ ստո­րագ­րած էր գործակցութեան մտադրութիւն արտայայտող համաձայնագիր մը՝ Արցախի ­Շուշի քաղաքին կա­պակ­ցու­թեամբ, որ 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մէն ետք ան­ցաւ ատրպէյճանական ա­պօ­րի­նի գրաւումին տակ։

Ան­մի­ջա­կան ե­ղաւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի նա­մա­կը, ուղ­ղո­ւած քա­ղա­քա­պե­տին, ­Պե­ղո­պո­նե­զի նա­հան­գա­պե­տին եւ քա­ղա­քա­պե­տու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նա­կան հա­մադ­րող մար­մի­նին, պա­հան­ջե­լով չե­ղեալ նկա­տել ստո­րագ­րո­ւած փաս­տա­թուղ­թը եւ կա­սեց­նել գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ցե­ղաս­պան Ատր­պէյ­ճա­նին հետ։

­Կորն­թո­սի քա­ղա­քա­պետ ­Վա­սի­լիոս ­Նա­նո­փու­լոս ան­մի­ջա­պէս ըն­դա­ռա­ջե­լով ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի դի­մու­մին, պա­տաս­խան նա­մա­կով մը կու գայ յայ­տա­րա­րե­լու, թէ ե­ղած քայ­լը ի զօ­րու չէ եւ չե­ղեալ կը նկա­տէ ո­րե­ւէ հա­մա­ձայ­նա­գիր Ատր­պէյ­ճա­նի հետ։ Ան կը խօ­սի հայ եւ յոյն ան­քակ­տե­լի կա­պե­րուն մա­սին, յայտ­նե­լով իր ա­մե­նա­ջերմ զգա­ցում­նե­րը հայ ժո­ղո­վուր­դին հան­դէպ։

Ս­տո­րեւ քա­ղա­քա­պե­տի նա­մա­կը

 

­Կորն­թոս, 18 ­Նո­յեմ­բեր 2022
Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին

­Սի­րե­լի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­ներ,

Ի պա­տաս­խան ձեր 16 ­Նո­յեմ­բեր 2022 նա­մա­կին, կը խնդրեմ նկա­տի ու­նե­նալ հե­տե­ւեալ­նե­րը։

­Ծան­րա­բեռ­նո­ւած ըլ­լա­լով զա­նա­զան պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րով, չկա­րո­ղա­ցայ ներ­կայ գտնո­ւիլ ­Հա­րա­ւա­յին ­Քո­րէա­յի մէջ կա­յա­ցած պատ­մա­կան քա­ղաք­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին ժո­ղո­վին, ու այս պատ­ճա­ռով զիս ներ­կա­յա­ցուց յա­տուկ գոր­ծա­կիցս, ­Պե­ղո­պո­նե­զի հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս Եոր­ղիոս ­Պա­ղա­քիս։

­Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին, պ. ­Պա­ղա­քիս բազ­մա­թիւ այլ քա­ղա­քա­նե­րու հետ եւս ստո­րագ­րեց գոր­ծակ­ցու­թեան նա­խադ­րու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գիր­ներ, ո­րոնց մէջ դժբախ­տա­բար նե­րառ­նո­ւե­ցաւ նաեւ ­Շու­շի քա­ղա­քը։ Ինչ­պէս դուք եւս կը նշէք, ստո­րագ­րո­ւե­ցաւ մտադ­րու­թեան եւ ոչ՝ գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գիր։

­Յայտ­նի է, որ գոր­ծա­կիցս, հա­կա­ռակ իր հա­մալ­սա­րա­նա­կան դե­րին, ան­բա­ւա­րար տե­ղե­կու­թեանց հե­տե­ւան­քով ճիշդ չգնա­հա­տեց գոր­ծակ­ցու­թեան նա­խադ­րու­թեան ի­մաս­տը ­Շու­շի քա­ղա­քին հետ։
Վս­տա­հօ­րէն ձեզ կը հա­ւաս­տիաց­նեմ, որ չեմ պատ­րաս­տո­ւիր ստո­րագ­րել, կամ նոյ­նիսկ ­Կորն­թո­սի քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դին առ­ջեւ քննարկ­ման դնել ­Շու­շի քա­ղա­քի հետ գոր­ծակ­ցու­թեան պայ­մա­նա­գի­րը:
­Չե­ղեալ կը նկա­տեմ ­Շու­շի քա­ղա­քի հետ գոր­ծակ­ցու­թեան պայ­մա­նա­գի­րի մտադ­րու­թեան մա­սին ստո­րագ­րու­թիւ­նը։

­Հա­յե­րու եւ յոյ­նե­րու մի­ջեւ կա­պե­րը միշտ ե­ղած են ան­քակ­տե­լի եւ անձ­նա­պէս ա­մե­նա­ջերմ զգա­ցում­նե­րը կը տա­ծեմ հայ ժո­ղո­վուր­դին հան­դէպ։

­Բա­րե­կա­մա­կան բա­րեւ­նե­րով,
­Վա­սի­լիոս ­Նա­նո­փու­լոս
­Քա­ղա­քա­պետ

Ն­շենք, որ նա­մա­կը, ըստ կար­գի, ղրկո­ւած է նաեւ ­Պե­ղո­պո­նե­զի նա­հան­գա­պե­տին եւ ­Յու­նաս­տա­նի քա­ղա­քա­պե­տու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նա­կան մար­մի­նին։