կարևոր
2869 դիտում, 1 տարի առաջ - 2022-09-22 19:28
Աշխարհ Քաղաքական

Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը կը հա­կազ­դէ Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նի ա­նար­գա­կան խօս­քե­րուն

Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը կը հա­կազ­դէ Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նի ա­նար­գա­կան խօս­քե­րուն

Ան­ցեալ ­Կի­րա­կի, 18 ­Սեպ­տեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին կող­մէ Ա­թէն­քի ­Սին­տաղ­մա­յի հրա­պա­րա­կին վրայ կազ­մա­կեր­պո­ւած ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի ցոյ­ցէն ետք, ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րուն վրայ իր ներ­կա­յու­թիւ­նը փոր­ձեց զգա­լի դարձ­նել ­Յու­նաս­տա­նի մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պան Ա­նար ­Հու­սէյ­նով՝ ան­պատ­կառ եւ ա­նըն­դու­նե­լի գրա­ռում մը հրա­պա­րա­կե­լով։

Ա­զե­րի դես­պա­նը, ա­ռանց կա­րո­ղա­նա­լու իր զայ­րոյ­թը պա­հել յու­նա­հա­յու­թեան բարձ­րա­ցու­ցած բո­ղո­քի հա­ւա­քին հա­մար, ո­րուն ներ­կայ ե­ղան եւ խօսք ա­ռին նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր­ներ եւ հա­սա­րակա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, «գուրջ» ա­նո­ւա­նեց բո­լոր մաս­նակ­ից­նե­րը եւ ազ­գա­յին խորհր­դա­նիշ­նե­րը, «հար­ցա­կա­նի տակ» առ­նե­լով նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը Ատր­պէ­ճա­նի կող­մէ սան­ձա­զեր­ծո­ւած վեր­ջին յար­ձա­կում­նե­րուն ըն­թաց­քին։

Ա­զե­րի դես­պա­նը «­Թո­ւի­թըր»-ի իր է­ջին վրայ ը­րած է հե­տե­ւեալ գրա­ռու­մը.- «­Դար­ձեալ ան­ջա­տո­ղա­կան գուր­ջեր կը զար­դա­րեն Ա­թէն­քի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կը։ Այս մէ­կը ամ­բող­ջո­վին կը հա­կա­սէ ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան կե­ցո­ւած­քին, որ վեր­ջերս ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ մեր տա­րա­ծաշրջա­նէն ներս մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի գոր­ծադ­րու­թեան առնչու­թեամբ»։

Ան­մի­ջա­կան ե­ղաւ ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը, որ բաց նա­մակ մը ու­ղար­կեց ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան եւ կ­՚ակնկա­լէ անոր հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը։
­
Նա­մա­կին մէջ մաս­նա­ւո­րա­պէս նշո­ւած է։

«­Կի­րա­կի 18 ­Սեպ­տեմ­բե­րին, Ա­թէն­քի հայ հա­մայն­քի հա­րիւ­րա­ւոր ան­դամ­ներ ի­րա­գոր­ծե­ցին հա­ւաք մը ­Սին­տաղ­մա­յի հրա­պա­րա­կին վրայ, դա­տա­պար­տե­լու հա­մար Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նեալ յար­ձա­կու­մը ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ինք­նիշ­խան տա­րածք­նե­րուն վրայ։ ­Հա­ւա­քին ներ­կայ ե­ղան ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի ե­րես­փո­խան­ներ եւ յու­նա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ո­րոնք ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դին։

Այս ի­րո­ղու­թեան՝ ա­նար­գա­կան ո­րա­կում­նե­րով անդ­րա­դար­ձաւ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նը, որ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու վրայ իր գրա­ռու­մով, գուրջ ա­նո­ւա­նեց ազ­գա­յին խորհր­դա­նիշ­նե­րը, յոյն քա­ղա­քա­ցի­նե­րը եւ ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։

Ատր­պէյ­ճա­նի պաշ­տօ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի ա­նե­րե­սու­թիւնն ու գրգռիչ կե­ցո­ւած­քը կը ցո­լաց­նէ իր երկ­րի բռնու­թեան եւ սպառ­նա­լիք­նե­րու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։ Ա­ռա­ւել, այս կե­ցո­ւած­քը կը հա­տէ օ­տար դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յու­թեան սահ­ման­նե­րը մեր երկ­րէն ներս, բա­ցա­յայ­տօ­րէն յար­ձա­կե­լով յոյն քա­ղա­քա­ցի­նե­րու վրայ։ Ս­պառ­նա­կան եւ գրգռիչ վար­քա­գի­ծը, որ Ատր­պէյ­ճան ցոյց կու տայ ­Յու­նաս­տա­նի դէմ, իր «խորհրդա­տու» ­Թուր­քիոյ կե­ցո­ւած­քին զու­գա­հեր, ա­նըն­դու­նե­լի, ար­տա­ռոց եւ դա­տա­պար­տե­լի է։

­Մենք խնդի­րը կը յանձ­նենք նա­խա­րա­րու­թեան ու­շադ­րու­թեան եւ կը սպա­սենք ա­նոր ան­մի­ջա­կան հա­կազ­դե­ցու­թեան։

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

* * *

Ն­շենք, որ մա­մու­լի եւ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րուն մէջ բազ­մա­թիւ էին յու­նա­կան շրջա­նակ­նե­րու հա­կազ­դե­ցու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք դա­տա­պար­տե­ցին ­Յու­նաս­տա­նի դէմ Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նի ա­նըն­դու­նե­լի խօս­քե­րը, յի­շե­ցու­ցին նա­խա­գահ Ա­լիե­ւի ա­նար­գա­կան կե­ցո­ւած­քը ­Յու­նաս­տա­նի դես­պա­նին հան­դէպ եւ պա­հան­ջե­ցին Ա­նար ­Հու­սէյ­նո­վի ար­տաք­սու­մը ­Յու­նաս­տա­նէն։

azator.gr