կարևոր
4327 դիտում, 1 տարի առաջ - 2022-11-11 17:12
Սփյուռք

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րիտ. ­Միու­թեան ան­դամ­ներ բո­ղո­քե­ցին ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան դէմ

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րիտ. ­Միու­թեան ան­դամ­ներ բո­ղո­քե­ցին ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան դէմ

Ար­ցա­խի 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տի երկ­րորդ տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով, ­Չո­րեք­շաբ­թի, 9 ­Նո­յեմ­բեր 2022-ին, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ­Կեդր. վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ե­րի­տա­սարդ­նե­րու խումբ մը լուռ բո­ղո­քի հա­ւաք մը կազ­մա­կեր­պեց ­Նէա Զ­միռ­նիի ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շա­կո­թո­ղին առ­ջեւ, յա­ջոր­դա­բար մեծ պաս­տա­ռով մը անոնք շրջե­ցան քա­ղա­քի կեդ­րո­նա­կան մա­սե­րը եւ զայն զե­տե­ղե­ցին կեդ­րո­նա­կան կա­մուրջ­նե­րուն վրայ, ուր­կէ մեծ թի­ւով քա­ղա­քա­ցի­ներ դի­տե­ցին մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րու բո­ղո­քի հա­ւա­քը եւ ի­րա­զեկ դար­ձան Ար­ցա­խի ճա­նաչ­ման ու ինք­նո­րոշ­ման հա­մար ի­րենց պա­հան­ջին։

Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. ­Միու­թեան կող­մէ հրա­պա­րա­կո­ւած յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ ը­սո­ւած է.-

«9 ­Նո­յեմ­բեր 2022։

­Կը պա­հան­ջենք Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մը։

Եր­կու տա­րի ա­ռաջ, կանգ ա­ռաւ Ատր­պէյ­ճա­նի սան­ձա­զեր­ծած պա­տե­րազ­մը ընդ­դէմ Ար­ցա­խի ան­կախ ­Հան­րա­պե­տու­թեան, որ ծայր ա­ռաւ հա­մա­վա­րա­կի ըն­թաց­քին, բա­ցա­յայ­տօ­րէն նե­ցուկ ու­նե­նա­լով ­Թուր­քիան, մաս­նակ­ցու­թեամբ հա­զա­րա­ւոր վարձ­կան­նե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քի ան­տար­բեր կե­ցո­ւած­քին տակ։ 44 օ­րե­րու ա­րիւ­նա­լի բա­խում­նե­րէ ետք, ան­հա­ւա­սար պա­տե­րազ­մը կանգ ա­ռաւ, ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ ծանր հա­մա­ձայ­նա­գի­րի մը ստո­րագ­րու­մով։

Անց­նող եր­կու տա­րո­ւան ըն­թաց­քին, Ատր­պէյ­ճան ոչ միայն չի յար­գեր զի­նա­դա­դա­րը, այլ ա­մէն օր կը խախ­տէ զայն, ու ան­տե­սե­լով մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քը, յար­ձա­կում­ներ կը գոր­ծէ այս ան­գամ մի­ջազ­գայ­նօ­րէն ճանց­նո­ւած եւ հաս­տա­տո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան սահ­ման­նե­րէն ներս։ Որ­քան մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քը լուռ կը մնայ, այն­քան ­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի յա­ր­ձա­կո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ խոր­տա­կել ժո­ղովր­դա­վարւ­թեան, խա­ղա­ղու­թեան, մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու ար­ժէք­նե­րը։

­Մենք պի­տի շա­րու­նա­կենք պայ­քա­րիլ մին­չեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ի­րա­ւունք­նե­րու ամ­բող­ջա­կան վե­րա­կանգ­նու­մը։ ­Կը պա­հան­ջենք Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մը, ատր­պէյ­ճա­նա­կան զօր­քե­րու ­Հա­յաս­տա­նի տա­րածք­նե­րէն դուրս բե­րու­մը, ինչ­պէս նաեւ հայ ռազ­մա­գե­րի­նե­րու ան­մի­ջա­կան վե­րա­դար­ձը, ո­րոնք գե­րե­վա­րո­ւած կը մնան Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ։

Ար­ցա­խը հայ­կա­կան է ու պի­տի մնայ հայ­կա­կան»։