|
Փոխարժեքներ
11 03 2026
|
||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 377.41 |
| EUR | ⚊ | € 439.27 |
| RUB | ⚊ | ₽ 4.7901 |
| GBP | ⚊ | £ 507.62 |
| GEL | ⚊ | ₾ 137.62 |
Աղբյուրը՝ aztagdaily
1 նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Սէուտական Արաբիոյ իշխանութեան ներկայացուցիչ եւ Վիեննայի մէջ հաստատուած Ապտալլա Բ. թագաւորի անուան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Ֆէյսալ Պըն Մուամմար` ընկերակցութեամբ ութ անձերէ բաղկացած բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը: Նշենք, որ դոկտ. Մուամմար նախապէս դիւանապետն էր Ապտալլա Բ. թագաւորին եւ ապա նշանակուեցաւ Վիեննայի մէջ թագաւորին կողմէ հինգ տարիներ առաջ հաստատուած կրօններու, մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան միջազգային կեդրոնին:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան առնչուած այժմէական հարցեր եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ կրօնական ղեկավարներու միջեւ երկխօսութեան ու գործակցութեան հոլովոյթներ ստեղծելու կարելիութիւնները: Դոկտ. Մուամմար, որ մօտէն ծանօթ է վեհափառ հայրապետին, բարձր գնահատեց անոր բերած նպաստը շրջանին մէջ համակեցութիւնը ամրապնդող աշխատանքներուն: Արամ Ա. կաթողիկոս, իր կարգին, դրուատեց կրօններու եւ մշակոյթներու միջեւ խաղաղ գոյակցութիւնը ամրապնդելու ձգտող կեդրոնին նախաձեռնութիւնները: