կարևոր
3097 դիտում, 1 տարի առաջ - 2022-12-15 13:12
Քաղաքական

Բագրատունի Այցելեց Արտաքին Գործոց Նախարարի Պաշտօնակատարին

Բագրատունի Այցելեց Արտաքին Գործոց Նախարարի Պաշտօնակատարին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարին արտասահման այցելութիւնները եւ արծարծուած հարցերը, ինչպէս նաեւ շրջանային հարցերը:

Նախարարի պաշտօնակատար Պու Հապիպի ուշադրութեան յանձնուեցաւ Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի անցքի փակումի ու անոր ունեցած վատ անդրադարձը Արցախի հայութեան վրայ:

Երեսփոխան Բագրատունի նախարարի պաշտօնակատարին հետ քննարկեց Ազրպէյճանի կողմէ գերեվարուած Վիգէն Իւլճեքեանի խնդիրը` պահանջելով, որ նախարարութիւնը արագ եւ անմիջական միջամտութիւն կատարէ թրքական եւ ազրպէյճանական կառավարութեանց մօտ` ապահովելու համար անոր ազատ արձակումը: