|
Փոխարժեքներ
24 10 2025
|
||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 383.05 |
| EUR | ⚊ | € 444.8 |
| RUB | ⚊ | ₽ 4.7296 |
| GBP | ⚊ | £ 510.03 |
| GEL | ⚊ | ₾ 141.19 |
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երեքշաբթի, 18 օգոստոսին այցելեց Արագած, ուր ան ստուգեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած մարդկային եւ նիւթական վնասներ:
Երեսփոխան Բագրատունի` ընկերակցութեամբ «Դրօ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Պօղոս Գազէզեանի, այցելեց այդ շրջանի հայորդիներուն բնակարանները եւ ստուգեց նիւթական վնասներու ենթարկուած ու վիրաւորուած հայորդիներուն բնակարանները: Ան բնակիչներուն հետ մտերմիկ զրոյցներու ընդմէջէն ծանօթացաւ անոնց դիմագրաւած ընկերային-տնտեսական դժուարութիւններուն` շեշտելով, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի հայորդիներուն դժուարութիւնները թեթեւցնելու:
Նշենք, որ շրջանի պատասխանատու ընկերները Արագածէն եւ Նոր Սիսէն սկսան ներկայ փուլի օժանդակութիւնները բաշխելու Ա. հանգրուանը: Օժանդակութիւններու բաշխումը շարունակուեցաւ նաեւ երէկ` Հայաշէնի Սպիտակ Տուներու եւ Էշրեֆիէի շրջաններուն մէջ:
aztagdaily.com