կարևոր
778 դիտում, 1 ժամ առաջ - 2025-12-31 15:07
Աշխարհ

Հ. Յ.Դ. Բյուրոյի անդամ Յակոբ Բագրատունի այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Հ. Յ.Դ. Բյուրոյի անդամ Յակոբ Բագրատունի այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Այս առաւօտ՝ Չորեքշաբթի, 31 Դեկտեմբեր 2025-ին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ու յանուն Բիւրոյին խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին հետ՝ Հայաստանը եւ Սփիւռքը յուզող հարցերուն շուրջ:

Բագրատունի Վեհափառ Հայրապետին պարզեց Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող վերջին զարգացումները, յատկապէս Սուրբ Էջմիածինը ներքնապէս պառակտելու ձգտող Հայաստանի իշխանութեան ճիգերը եւ անոր վտանգալից քաղաքականութիւնը երկրին ներկային ու ապագային գծով:

Միաժամանակ ան յանուն Հ.Յ.Դ. Բիւրոյին ողջունեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին պարզած տեսակէտները ու որդեգրած կեցուածքները՝ Հայաստանի իշխանութեան ապազգային քաղաքականութեան, ազգային արժէքներուն ու իտէալներու ոտնահարման եւ Սուրբ Էջմիածնի ներքին կեանքի պառակտման նկատմամբ:

Անդրադառնալով վերոյիշեալ խնդիրներուն եւ վերահաստատելով իր որդեգրած հետեւողական կեցուածքները, Վեհափառ Հայրապետը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Հայաստանի ներկայ վիճակին շուրջ՝ շեշտելով, թէ կորսնցուցինք Արցախը ու այս ընթացքով կրնանք կորսնցնել նաեւ Հայաստանի անկախութիւնը: Նորին Սրբութիւնը անընդունելի նկատեց Հայաստանի իշխանութեան միջամտութիւնը եկեղեցւոյ ներքին հարցերուն: Ան նաեւ ընդգծեց Սփիւռքը վերակազմակերպելու հրամայականը, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը նկատելով էական՝ համազգային իտէալներու հետապնդման համար, եւ այս ծիրէն ներս վեր առաւ Հ.Յ.Դ.ի կարեւոր դերը:

Բագրատունի յանուն Հ.Յ.Դ. Բիւրոյին շնորհաւորեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Նոր Տարին՝ մաղթելով եկեղեցաշէն ու ազգակերտ իրագործումներով հարուստ երկար գահակալութիւն: