կարևոր
613 դիտում, 1 ժամ առաջ - 2026-08-27 21:15
Հասարակություն

Սփյուռքի ազգային զորաշարժի համաժողովի նոր կայքէջը

Սփյուռքի ազգային զորաշարժի համաժողովի նոր կայքէջը

Սփիւռքի ապագային, կազմակերպման եւ համահայկական ներուժի օգտագործման մասին վերջին ամիսներու քննարկումներուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ Փարիզի մէջ 11-12 Ապրիլ 2026-ին կայացած Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովը և Յուլիս ամսուն կայացած առցանց ժողովը։

Այս առումով կարեւոր է յատկապէս անդրադառնալ նոր ստեղծուած կայքէջին՝ spyurkconference.org։

Կայքէջը մէկտեղուած կերպով կը ներկայացնէ Խորհրդաժողովի օրակարգը, ելոյթները, կլոր սեղաններու քննարկումները, յայտարարութիւնները, մամուլի արձագանգները եւ յաջորդող աշխատանքները։ Խորհրդաժողովին մասնակցած էին Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի 26 երկիրներէ ժամանած աւելի քան 150 մտաւորականներ, քաղաքական, հանրային եւ համայնքային գործիչներ։ 

Կայքէջին ամենակարեւոր բաժիններէն մէկը կլոր սեղաններու համառօտագիրերն են։ Անոնք կարեւոր են ոչ միայն որպէս կլոր սեղաններու արձանագրութիւն, այլեւ որպէս փորձ՝ այսօրուան Սփիւռքի առջեւ դրուած հիմնական հարցերը համակարգելու եւ հետագայ աշխատանքներու համար քաղաքական ու ռազմավարական ուղղութիւններու ձեւակերպման։

Այս բոլորը պէտք է դիտարկել այսօրուան Սփիւռքի շուրջ տեղի ունեցող աւելի լայն քննարկումներու համատեքստին մէջ։ Այս պատճառով ալ համառօտագիրերը յատուկ ուշադրութեան արժանի են։ Անոնք կը փորձեն տարբեր մասնագէտներու, շրջանակներու կարծիքներն ու առաջարկները վերածել աւելի համակարգուած օրակարգի եւ կրնան հիմք հանդիսանալ հետագայ քննարկումներու, նախաձեռնութիւններու եւ համագործակցութեան։

Խորհրդաժողովին ընթացքին գումարուած չորս կլոր սեղանները քննեցին հետեւեալ նիւթերը (բոլորին համառօտագիրերը՝ այստեղ).

1. Սփիւռքի Ռազմավարական Դերը Ազգային Հիմնախնդիրներու Լուծման Մէջ. Ո՞րն է Սփիւռքի Քաղաքական Օրակարգը

2. Ազգային Արժէքներու եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը՝ Սփիւռքի մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման համար Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

3. ՀայաստանՍփիւռք Յարաբերութիւններու Հիմնահարցեր եւ Հորիզոններ

4. Սփիւռքի զօրաշարժ եւ վերաշխուժացում յանուն համազգային նպատակներու

Սփիւռքի ապագան չի կրնար որոշուիլ միայն Սփիւռքի մասին խօսելով։ Ան կը պահանջէ կազմակերպուած երկխօսութիւն, ազգային առաջնահերթութիւններու շուրջ համախոհութիւն եւ, ամենակարեւորը՝ այդ համախոհութիւնները գործի վերածելու կարողութիւն։

Այս կայքէջը այդ աշխատանքի մէկ կարեւոր հանգրուանն է եւ պիտի փորձէ դառնալ հարթակ՝ այդ ուղղութեամբ կատարուող հրապարակումներուն եւ քննարկումներուն համար։

Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի

Համադրող Կազմ

26/08/2026