|
Փոխարժեքներ
23 07 2026
|
||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 365.95 |
| EUR | ⚊ | € 417.29 |
| RUB | ⚊ | ₽ 4.6535 |
| GBP | ⚊ | £ 489.13 |
| GEL | ⚊ | ₾ 139.31 |
18 Յուլիս 2026-ին Սփիւռքի Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Համադրող Կազﬕ նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Փարիզի մէջ 2026 թ ականի Ապրիլ 11-12-ին գումարուած խորհրդաժողովին յաջորդող առցանց նիստը, որ համախմբեց խորհրդաժողովի մասնակիցները՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի 25 տարբեր երկիրներէ։
Ժողովը գումարուեցաւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ հայ ժողով րդը կը շարունակէ դիմագրաւել Արցախի բռնի հայաթափման հետեւանքները, արցախահայ թեան հաւաքական իրաւ նքներ պաշտպան թեան, Հայ Դատի ﬕջազգային հետապնդման, ազգային հոգեւոր արժէքներ պահպանման, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի համախմբուած դերակատար թեան առնչուող լուրջ մարտահրաւէրներ։ Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանի մէջ արձանագրուող ժողովրդավարական յետընթացը աւելի ակներեւ կը դարձնէ համազգային համախմբման եւ աշխուժութեան անհրաժեշտ թիւնը։
Նիստը առիթ հանդիսացաւ վերարժեւորել Փարիզի խորհրդաժողովին արդիւնքները, ներկայացնել վերջին երեք աﬕսներ ընթացքին կատարուած աշխատանքները եւ քննարկել հետագայ քայլերը։ Համադրող Կազմը ներկայացուց այն աշխատանքները, որոնք իրականացուած են խորհրդաժողովէն ի վեր՝ ներառեալ չորս կլոր սեղաններ մասնակիցներուն ﬕջեւ կազմակերպուած աշխատանքային հանդիպﬓերը, զեկոյցներ համառօտագիրներ պատրաստ թիւնը, ինչպէս նաեւ մամուլի, ընկերային ցանցերւ եւ համայնքային շրջանակներու մէջ արձագանգներ տարածումը։
Նիստի ընթացքին ցուցադրուեցաւ խորհրդաժողովը ամփոփող տեսանիւթը, որ դարձեալ ընդգծեց խորհրդաժողովի նշանակութիւնը եւ անոր շուրջ ձեւաւորուած դրական նոր հեռանկարները։
Քննարկուﬓերուն ընթացքին ներկայացուեցան նաեւ կլոր սեղաններ վերջնական ամփոփագիրները, որոնք կը վերաբերին Սփիւռքի դերակատարութեան, ազգային ինքնութեան եւ արժէքներ Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութիւններ ռազմավարական պահպանման, զարգացման եւ համազգային նպատակներ շուրջ սփիւռքեան զօրաշարժի ամրապնդման հարցերուն։
Յատուկ ներկայացուեցաւ խորհրդաժողովին նուիրուած կայքէջը, ուր պիտի տեղադրուի խորհրդաժողովի ամբողջ արխիւը՝ զեկոյցները, տեսագրութիւնները, լուսանկարները, յայտարարագիրը, յօդուածները, հարցազրոյցները եւ այլ նիւթեր՝ ապահովելով կատարուած աշխատանքներ երկարաժամկէտ պահպան թիւնն հանրային մատչելի թիւնը։
Ժողովի եզրափակիչ քննարկումը նուիրուեցաւ ապագայ ուղղութիւններուն։ Մասնակիցները վերահաստատեցին, որ Փարիզի խորհրդաժողովին մէջ ձեւակերպուած սկզբունքներն առաջնահերթութիւնները կը շարունակեն ﬓալ համահայկական օրակարգի առանցքային բաղադրիչներ, եւ ընդգծեցին համախմբուած, կազմակերպուած շարունակական աշխատանք տանելոււ անհրաժեշութիւնը՝ ի նպաստ Հայաստանի, Արցախի եւ աշխարհասփիւռ հայ թեան ազգային շահերուն։
Առցանց նիստը եւս մէկ անգամ հաստատեց, որ Փարիզի խորհրդաժողովը ոչ թէ եզակի ﬕջոցառում մը եղած է, այլ սփիւռքի ժեր համախմբման ընթացքի մը սկիզբը, որ նպատակ ունի ﬕաւորել սփիւռքեան ներուժը եւ զայն ծառայեցնել համազգային ռազմավարական նպատակներ իրականացման։
Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի
Համադրող Կազմ 1
8/07/2026