Փոխարժեքներ
27 08 2025
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 384.03 |
EUR | ⚊ | € 443.29 |
RUB | ⚊ | ₽ 4.795 |
GBP | ⚊ | £ 510.11 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.29 |
Մուսա Լեռան Բիթիաս գյուղի բնակիչները պահանջում են վերականգնել հայկական կիսակառույց եկեղեցին, հաղորդում է Horizon Weekly-ն։
Թուրքիայի Հաթայ նահանգի Սամանդաղ շրջանի Պիթիաս գիւղին մէջ գտնուող աւելի քան մէկ դար առաջ կառուցուած եւ շինաւարտին չհասած հայկական եկեղեցւոյ շուրջ ծաւալ’ող իրադարձութիւնները կը շարունակեն մնալ թրքական մամլոյ ուշադրութեան կեդրոնը։ Այս մասին կը հաղորդէ Antakya gazetesi կայքէջը։
Տեղացիները կոչ կ’ընեն Թուրքիոյ իշխանութիւններուն շուտափոյթ քայլերու ձեռնարկել Մուսա լերան ստորոտին կառուցուած եկեղեցւոյ վերականգնման համար՝ այդպիսով դարձնելով զայն նաեւ զբօսաշրջիկներու համար գրաւիչ վայր:
20-րդ դարու երկրորդ տասնամեակին սկսած շինարարութիւնը տարբեր պատճառներով երկու անգամ կիսատ մնացեր է: Կը նշուի սակայն, որ նոյնիսկ այս վիճակին մէջ եկեղեցին իր հզօր ճարտարապետական կառուցուածքով կը տպաւորէ այցելուները։
Զուգահեռ կը նշուի, որ այն արդէն դարձած է լուսանկարիչներու եւ նորապսակներու սիրելի վայրերէն մէկը։
Մասնագէտներու կարծիքով՝ համապարփակ վերականգնման պարագային եկեղեցին կրնայ վերածուիլ Հաթայի զբօսաշրջութեան նոր կեդրոնի։ Տեղացիներուն համոզմամբ՝ այդ քայլը ոչ միայն կը պահպանէ տարածաշրջանի բազմաշերտ պատմամշակոյթի արժէքաւոր մասը, այլեւ տնտեսական նոր հնարաւորութիւններ կու տայ։
Համայնքին կարծիքով՝ Պիթիասի հայկական եկեղեցին պէտք է պահպանուի որպէս անցեալի համատեղ կեանքի խորհրդանիշ եւ փոխանցուի ապագայ սերունդներուն։
Նշենք, որ մինչեւ 1939 թուական Սուրիոյ հիւսիս արեւմուտքը գտնուող Ալեքսանտրէթի Սանճագը ֆրանսական հոգատարութեան ներքոյ ինքնավար նահանգ էր։ 1936-ին սկիզբ առած քաղաքական ճգնաժամ մը ցնցեց Սանճագի բնակչութիւնը, երբ ինքնավար նահանգի ֆրանսական հոգատարութենէն թրքական գերիշխանութեան փոխանցումը իրարանցում ստեղծեց։ Այդ մէկը արաբներու, ալեւիներու եւ քրիստոնեաներու համար ահազանգային մակարդակներու հասաւ, երբ 1938-ին խեղաթիւրուած ընտրութիւններու իբրեւ արդիւնք, Սանճագի օրէնսդիր մարմինին մէջ գոյացաւ թրքական մեծամասնութիւն մը։ Մէկ տարի ետք՝ Թուրքիա շրջանը իրեն կցեց։ Այդ քայլը, շրջանի հայերու մեծամասնութեան, ներառեալ այլ ազգային խմբաւորումներու, մղեց գաղթելու եւ ապաստանելու Սուրիոյ եւ Լիբանանի տարբեր տարածքներու մէջ։ 4500 մուսալեռցիներ 23 Յուլիս 1939-ին տարագրութեան ճանապարհը բռնեցին եւ ժամանակ մը ետք հաստատուեցան Այնճար։
Ներկայիս, Մուսա լերան միայն Վագըֆ գիւղին մէջ կը բնակին հայեր։