|
Փոխարժեքներ
25 04 2026
|
||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 371.83 |
| EUR | ⚊ | € 434.37 |
| RUB | ⚊ | ₽ 4.9452 |
| GBP | ⚊ | £ 501.41 |
| GEL | ⚊ | ₾ 138.2 |
Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն Կողմէ 19 սեպտեմբերին շղթայազերծուած գործողութենէն անմիջապէս ետք, ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը լիբանանեան լրատուամիջոցներու յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը․
«Ազրպէյճան դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր իր կիրարկած Արցախի շրջափակումէն ետք, անցած է Արցախի Հանրապետութեան (Լեռնային Ղարաբաղ) ժողովուրդը ցեղասպանութեան ենթարկելու քաղաքականութեան 2-րդ փուլին։ Ազրպէյճանական բռնապետութիւնը, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ Բերձորի միջանցքով եւ Ակնա-Ստեփանակերտ ճամբով մարդասիրական օգնութեան մատակարարումէն մէկ օր ետք, Արցախի ժողովրդավարական պետութեան դէմ կեղծ մեղադրանքներ հնչեցնելով, ձեռնարկած է զինուորական գործողութեան՝ խախտելով 9 նոյեմբեր 2020-ին հաստատուած զինադադարը։ Պաքու այսպիսով անգամ մը եւս յաչս աշխարհին ցոյց կու տայ իր անվստահելիութիւնն ու ոճրային նպատակները»։