կարևոր
4390 դիտում, 9 ամիս առաջ - 2023-05-30 19:45
Աշխարհ

Հայ-յունական բարեկամութեան նուիրուած հոյակապ յուշարձանի բացում Նէա Զմիռնիի մէջ

Հայ-յունական բարեկամութեան նուիրուած հոյակապ յուշարձանի բացում Նէա Զմիռնիի մէջ

Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շա­կո­թո­ղէն՝ ծա­նօթ իբ­րեւ «­Զան­գակ» իր ա­նո­ւա­նու­մով, կարճ հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ, Նէա Զ­միռ­նիի կեդրո­նա­կան ըն­դար­ձակ հրա­պա­րա­կին կից գտնո­ւող Քա­րի­լու հրա­պա­րա­կին վրայ, իր տե­ղը գտաւ հայ-յու­նա­կան բա­րե­կա­մու­թիւ­նը խորհր­դան­շող գե­ղե­ցիկ յու­շար­ձան մը։

Յու­նա­կան մար­մա­րով քան­դա­կուած կո­թո­ղը գործն է հայ­րե­նիք ծնած ու եր­կար տա­րի­ներ Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ ստեղ­ծա­գոր­ծած ա­նո­ւա­նի քան­դա­կա­գործ եւ նկա­րիչ Ա­րամ Թո­րո­սի։ Յու­շա­կո­թո­ղը ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ շնոր­հիւ Հ.Յ.Դ. «Ա­րամ Մա­նու­կեան» կո­մի­տէի եւ Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան բազ­մա­մեայ գոր­ծակ­ցու­թեան։ Ա­նոր գա­ղա­փա­րը ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձաւ Նէա Զ­միռ­նիի հա­յազ­գի փոխ­քա­ղա­քա­պետ Վա­կէ­լի Խա­չա­տու­րեա­նի ա­ռա­ջար­կին եւ քա­ղա­քա­պե­տին ու քա­ղա­քա­պե­տու­թեան խոր­հուր­դի ո­րո­շու­մին վրայ, իսկ ե­լոյ­թը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր քա­ղա­քա­պե­տու­թեան եւ կո­մի­տէի հա­մա­տեղ ջան­քե­րով։

Կի­րա­կի, 28 Մա­յիս 2023-ի ե­րե­կո­յեան, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան եւ ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան հռչակ­ման 105-ա­մեա­կի նշա­նա­կա­լից օ­րը, ան­նա­խըն­թաց հայ եւ յոյն բազ­մու­թիւն մը ներ­կայ ե­ղաւ հրա­պա­րա­կին վրայ, յար­գե­լու հա­մար եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու դա­րա­ւոր բա­րե­կա­մու­թեան նո­ւի­րո­ւած կո­թո­ղի բա­ցու­մը։

Ներ­կայ էին Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պետ Ս­թաւ­րոս Ծու­լա­քիս, փոխ­քա­ղա­քա­պետ Վա­կէ­լիս Խա­չա­տու­րեան, նախ­կին նա­խա­րար եւ այժ­մու ե­րես­փո­խան Խա­րիս Թէո­խա­րիս, քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դի բազ­մա­թիւ ան­դամ­ներ, Հա­յաս­տա­նի մէջ Յու­նաս­տա­նի ա­ռա­ջին դես­պան եւ հայ-յու­նա­կան բա­րե­կա­մու­թեան լի­կա­յի փոխ­նա­խա­գահ Լէո­նի­տաս Խ­րի­սան­թո­փու­լոս եւ այլ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ։

Հայ­կա­կան կող­մէն ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ ե­լոյ­թը պա­տո­ւե­ցին յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Գե­ղամ արք. Խա­չե­րեան, Հայ կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի ժո­ղովր­դա­պետ Յով­սէփ թ.ծ.վ. Պէ­զա­զեան, Գո­քի­նիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Պա­րէտ քհնյ. Խա­չե­րեան, Հ.Հ. փոխ դեսպան տիկ. Աննա Մկրտչեան, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Թագ­ւոր Յո­վա­կի­մեան եւ ան­դամ­նե­րը, Հ.Յ.Դ. Յու­նաս­տա­նի Կեդր. կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ Յա­րու­թիւ­նեան եւ ան­դամ­նե­րը, շրջան­նե­րու կո­մի­տէ­նե­րու, Հ.Կ.­Խա­չի, Հա­մազ­գա­յի­նի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։

Բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց ընկ. Ար­շա­լոյս Սափ­րի­չեան, որ հա­յե­րէն եւ յու­նա­րէն լե­զու­նե­րով անդ­րա­դար­ձաւ օ­րո­ւան զոյգ ի­մաստ­նե­րուն։ Ան մաս­նա­ւո­րա­պէս շեշ­տեց.

«Շ­նոր­հա­ւո՛ր Մա­յիս 28: Այ­սօր հա­յե­րուս կա­րե­ւո­րա­գոյն ազ­գա­յին տօնն է: Դա­րե­րու ստրկու­թե­նէն ետք, ցե­ղասպա­նու­թեան ար­հա­ւիր­քէն ետք, ահ­ռե­լի պայ­ման­նե­րու տակ, 1918-ի այս օ­րը հայ ազ­գը մէկ բռունցք դար­ձաւ ու փիւ­նի­կի նման կո­տո­րա­ծի ու ա­ւե­րի մո­խիր­նե­րէն յառ­նե­լով, իր անձ­նու­րաց ղե­կա­վա­րու­թեամբ ու գո­յա­տեւ­ման ան­կոտ­րում կամ­քով, կեր­տեց ա­զատ ու ան­կախ Հա­յաս­տա­նը:

«­Մենք մեզ ճանչ­նանք Սար­դա­րա­պա­տէն», կը յոր­դո­րէ մեր մեծ բանաստեղծ Պա­րոյր Սե­ւակ: Մենք մեր ձեռ­քով կը կեր­տենք մեր ներ­կան ու ա­պա­գան: Մեր ինք­նո­րոշ­ման ու ա­զատ ապ­րե­լու տեն­չան­քը սոսկ քմա­հա­ճոյք չէ՛, այլ մարդ­կա­յին հիմ­նա­կան ի­րա­ւունք: Ար­ցա­խի մէջ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը ուխ­տած են ապ­րիլ ու ա­րա­րել ա­զա՛­տօ­րէն ի­րենց պա­պե­նա­կան հո­ղե­րուն վրայ: Ո՛չ ոք կրնայ ի­րենց­մէ խլել այդ ի­րա­ւուն­քը: Սար­դա­րա­պա­տի խեն­թե­րը վկայ, մենք կրկի՛ն ոտ­քի պի­տի կանգ­նինք ու յաղ­թա­նա­կի դրօշ պի­տի պար­զենք:

Սի­րե­լի հայ­րե­նա­կից­ներ,

Երբ ամ­բողջ աշ­խար­հը ան­տար­բեր կը մնայ Ար­ցա­խի մէջ կա­տա­րո­ւող նոր ո­ճի­րին դի­մաց, յոյժ կա­րե­ւոր է կա­տա­րել այ­սօր մեր ազ­գա­յին տօ­նի օ­րը, բա­ցու­մը այս նոր յու­շար­ձա­նին, որ կը խորհր­դան­շէ յոյն եւ հայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բա­րե­կա­մու­թիւ­նը:

Մենք դա­րեր շա­րու­նակ զու­գա­հեռ ու­ղի­նե­րով քա­լած ենք: Դառն ճա­կա­տա­գի­րը զրկեց հա­յերս ու յոյ­նե­րը մեր տուն ու տե­ղէն: Գաղ­թա­կան հա­սած ենք հիւ­րըն­կալ Յու­նաս­տան ու բաժ­նած ենք ցա­ւը, կա­րօտն ու պա­տառ մը հա­ցը մեր եղ­բայր­նե­րուն՝ յոյ­նե­րուն հետ:

Գ­րե­թէ հա­րիւր տա­րի ետք, Հ.Յ.Դ. Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ջան­քե­րուն եւ Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան ազ­նիւ ա­ջակ­ցու­թեան շնոր­հիւ, այ­սու­հե­տեւ քա­ղա­քի ա­մե­նա­բա­նուկ հրա­պա­րա­կին վրայ կը զե­տե­ղո­ւի յու­շար­ձան մը, որ կը պա­տո­ւէ մեր ազ­գե­րու մի­ջեւ բա­րե­կա­մու­թիւնն ու հա­մե­րաշ­խու­թիւ­նը:

Շ­նոր­հա­կալ ենք Նեա Զ­միռ­նի: Շ­նոր­հա­կալ ենք պա­րոն Ծու­լա­քիս: Շ­նոր­հա­կալ ենք պա­րոն Խա­չա­տու­րեան»:

Իր սրտի խօս­քը հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ ար­տա­սա­նե­լու փոխ­քա­ղա­քա­պետ Վա­կէ­լիս Խա­չա­տու­րեան, որ յու­զու­մով անդ­րա­դար­ձաւ յու­շա­կո­թո­ղի ի­րա­կա­նաց­ման ամ­բողջ ծրա­գի­րին։ Ան նշում կա­տա­րեց ա­ւե­լի քան 24 տա­րի շրջա­նի հայ գա­ղու­թին եւ Հ.Յ.Դ. մար­մի­նին հետ սերտ գոր­ծակ­ցու­թեան մա­սին, ո­րուն շնոր­հիւ բազ­մա­թիւ ծրա­գիր­ներ ի­րա­կա­նա­ցան, ա­ւե­լի մօտ բե­րե­լով հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ան­քակ­տե­լի բա­րե­կա­մու­թիւ­նը։ Ան յայտ­նեց, թէ ի­րեն հա­մար սրբա­զան պար­տա­կա­նու­թիւն եւ բա­րո­յա­կան մեծ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն է իր հան­րա­յին դիր­քե­րէն ծա­ռա­յել հայ տար­րը ու եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հա­սա­րա­կաց պատ­մու­թիւ­նը։

Հ.Յ.Դ. «Ա. Մա­նու­կեան» կո­մի­տէին կող­մէ յու­նա­րէն խօ­սե­ցաւ ընկ. Սեր­գօ Գու­յում­ճեան, ո­րուն խօս­քը կու տանք ա­ռան­ձին։

Ա­պա, յու­շա­կո­թո­ղի քան­դա­կա­գործ Ա­րամ Թո­րոս, իր շնոր­հա­կա­լու­թեան խօս­քը ար­տա­սա­նեց, որ ուղ­ղո­ւած էր քա­ղա­քա­պե­տու­թեան եւ կո­մի­տէին։

Պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մէն ա­ռաջ, օ­րո­ւան նա­խա­գա­հու­հին ներ­կա­յա­ցուց յու­շա­կո­թո­ղի ի­մաս­տը ու ա­նոր վրայ տեղ գտած պատ­մա­կան ու ազ­գա­յին խորհր­դա­նիշ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ անդ­րա­դար­ձաւ հե­ղի­նա­կի՝ ա­րո­ւես­տա­գէտ Ա­րամ Թո­րո­սի կեն­սագ­րու­թեան։

Յու­զու­մի եւ ո­գե­ւո­րու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ, Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դը, Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պե­տը եւ Հ.Յ.Դ. Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին կող­մէ ընկ. Ար­ման Գ­րի­գո­րեան միաս­նա­բար կա­տա­րե­ցին յու­շար­ձա­նի բա­ցու­մը, ժո­ղո­վուր­դի ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րուն տակ։ Յու­զու­մը իր գա­գաթ­նա­կէ­տին հա­սաւ, երբ լսո­ւե­ցան Հա­յաս­տա­նի եւ Յու­նաս­տա­նի ո­գերգ­նե­րը։

Յայ­տա­գի­րի վեր­ջին մա­սը կը պա­րու­նա­կէր գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բա­ժին, ո­րուն մաս կազ­մե­ցին Հա­մազ­գա­յի­նի «­Նա­նօր» պա­րա­խում­բի ան­դամ­նե­րը հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան ե­րեք պա­րե­րով, պա­րու­սու­ցու­թեամբ Էտ­կար Է­կեա­նի եւ Ան­նա Պօ­ղո­սեա­նի։ Ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան «Ցն­ծու­թիւն», «­Նի­նօ» եւ «Հ­զօր Հա­յաս­տան» պա­րե­րը, ո­րոնք խան­դա­վա­ռե­ցին ներ­կա­նե­րը։

Ա­պա, յոյն երգ­չու­հի Անտ­րո­մա­խի Ք­սե­նու եւ ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ Խ­րիս­թոս Քու­մու­սիս ու Անտ­րէաս Քա­լո­ղե­րաս յա­ջո­ղու­թեամբ կա­տա­րե­ցին հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ծա­նօթ եր­գեր։

Օ­րո­ւան նա­խա­գա­հու­հիին փակ­ման խօս­քով վերջ գտաւ հայ եւ յոյն բա­րե­կա­մու­թեան նո­ւի­րո­ւած յու­շա­կո­թո­ղի բաց­ման յու­զիչ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։

Ա­րո­ւես­տա­գէտ եւ քան­դա­կա­գործ Ա­րամ Թո­րոս

Ա­րամ Թո­րոս ծնած է Ե­րե­ւան։ Փոքր տա­րի­քէն ան ցոյց տուաւ բա­ցա­յայտ սէր եւ տա­ղանդ գծագրու­թեան ու քան­դա­կա­գոր­ծու­թեան ա­րո­ւես­տին հան­դէպ։ Իր պա­տա­նե­կան տա­րի­նե­րէն ան նաեւ ծա­նօթ դար­ձաւ իր յօ­դո­ւած­նե­րով ա­րո­ւես­տի պար­բե­րա­թեր­թե­րու մէջ։ Իր ու­սու­մը կա­տա­րեց Հա­յաս­տա­նի ա­րո­ւես­տի բարձ­րա­գոյն ու­սում­նա­րա­նէն ներս։
Ա­ւե­լի քան 27 տա­րիէ ի վեր հաս­տա­տո­ւած է Թե­սա­ղո­նի­կէ եւ ան­դամ է Հիւ­սի­սա­յին Յու­նաս­տա­նի քան­դա­կա­գործ­նե­րու ու գծագ­րիչ­նե­րու միու­թիւն­նե­րուն։

Իր գլխա­ւոր ի­րա­գոր­ծում­նե­րէն ե­ղած է Խալ­քի­տի­քիի ե­կե­ղեց­ւոյ մը սրբան­կար­նե­րու լրիւ վե­րա­կանգ­նու­մը, իսկ զա­նա­զան քան­դակ­ներ զե­տե­ղո­ւած են շրջա­նի այլ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մէջ։

Մաս կազ­մած է բազ­մա­թիւ ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու Յու­նաս­տա­նի եւ ար­տա­սահ­մա­նի մէջ, ինչ­պէս նաեւ իր ան­հա­տա­կան ե­լոյթ­նե­րով գրա­ւած է ա­րո­ւես­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը։ Ար­ժա­նա­ցած է յա­տուկ մրցա­նա­կի Փա­րի­զի մէջ ցու­ցադ­րած իր գոր­ծե­րուն հա­մար, իսկ 2023-ին Յու­նաս­տա­նին մէջ ան ստա­ցաւ ա­ռա­ջին եւ երկ­րորդ պար­գե­ւը իր մար­մա­րեայ ստեղ­ծա­գործու­թիւն­նե­րուն հա­մար։

Ի՞նչ կը խորհր­դան­շէ յու­շա­կո­թո­ղը

Յու­նա­կան սպի­տակ մար­մա­րով քան­դա­կո­ւած յու­շա­կո­թո­ղը իւ­րա­յա­տուկ ստեղծագործութիւն մըն է, ո­րուն վրայ կ­՚ար­տա­ցո­լան հայ մշա­կոյ­թի ա­մէ­նէն յատ­կան­շա­կան նմուշ­նե­րը։ Ա­րե­ւը՝ որ­պէս լոյ­սի, բա­րու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան խորհր­դա­նիշ, զոյգ Մա­սիս­նե­րը, Նու­ռը՝ որ­պէս վե­րած­նուն­դի ու բա­րօ­րու­թեան նշան, Որ­թա­տուն­կը՝ որ­պէս Հա­յաս­տա­նի ա­նուշ գի­նիի հա­զա­րա­մեայ գանձ, Ար­ծի­ւը՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի քա­ջու­թեան ու խի­զա­խու­թեան խորհր­դա­նիշ։ Խոր Վի­րա­պը կը յի­շեց­նէ, թէ հայ ժո­ղո­վուր­դը 301 թո­ւա­կա­նին ա­ռա­ջին ըն­դու­նեց քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քը, իսկ Ար­ցա­խի խորհր­դա­նի­շը՝ Մա­միկն ու Պա­պի­կը, կը կանգ­նի մեր խրոխտ լեռ­նե­րուն վրայ, հա­յը կը կա­պէ իր ար­մատ­նե­րուն ու կը յի­շեց­նէ, թէ «­Մենք ենք մեր սա­րե­րը»։

Մայիս 28-ի տօնը նշուեցաւ Յունաստանի մէջ

Շա­բաթ, 27 Մա­յի­սի ե­րե­կո­յեան, Ֆիք­սի «Ա. Մա­նու­կեան» ա­կում­բին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ խրախ­ճանք, նո­ւի­րո­ւած Ան­կախ Հա­յաս­տա­նի հռչակ­ման 105-րդ տա­րե­դար­ձին։ Ե­լոյ­թը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. Միու­թեան Ֆիք­սի «Դրօ» խում­բին կող­մէ։ Ներ­կայ ե­ղան Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.-ի, շրջա­նի կո­մի­տէի, Հ.Կ.Խաչի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ պա­տա­նե­կան խում­բե­րու ան­դամ­նե­րը եւ շրջա­նի հա­յու­թիւ­նը։

Բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց ընկ. Սա­մո­ւէլ Սա­մո­ւէ­լեան, որ անդ­րա­դար­ձաւ Մա­յիս 28-ի խոր­հուր­դին ու պատ­մա­կան ար­ժէ­քին, ա­պա ան յայտ­նեց հայ կազ­մա­կերպ ե­րի­տա­սա­դու­թեան յանձ­նա­ռու­թիւ­նը տէր կանգ­նե­լու Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի ինք­նիշ­խա­նու­թեան, դէմ ըլ­լա­լով ատրպէյ­ճա­նա­կան ա­մէն տե­սա­կի ոտնձ­գու­թիւն­նե­րուն։

Պա­տա­նե­կան միու­թեան ան­դամ­նե­րուն կող­մէ գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գիր յե­ղա­փո­խա­կան եր­գե­րով։ Ս­տեղ­ծո­ւե­ցաւ խան­դա­վառ մթնո­լորտ հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րով։

Կի­րա­կի, 28 Մա­յի­սին, Ա­թէն­քի, Թե­սա­ղո­նի­կէի եւ Թ­րա­կիոյ ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ գո­հա­բա­նա­կան մաղ­թանք Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան 105-րդ տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով։ Պա­տա­րա­գիչ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը անդրա­դար­ձան ան­կա­խու­թեան ի­մաս­տին, վեր առ­նե­լով 1918-ի հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան ստեղծ­ման հե­րո­սա­պա­տու­մը։

Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Գե­ղամ արք. Խա­չե­րեան նա­խա­գա­հեց Ֆիք­սի Ս. Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւած պա­տա­րա­գին եւ օ­րո­ւան պատ­շաճ քա­րո­զով խօ­սե­ցաւ մա­յի­սեան ան­կա­խու­թեան խոր­հուր­դին մա­սին։