կարևոր
2461 դիտում, 11 ամիս առաջ - 2023-05-15 11:25
Քաղաքական

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Նիքոս ­Տեն­տիաս այ­ցե­լեց «Ա. ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բը

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Նիքոս ­Տեն­տիաս այ­ցե­լեց «Ա. ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բը

­Չո­րեք­շաբ­թի, 10 ­Մա­յիս 2023-ի ե­րե­կո­յեան, ­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ա­կումբ այ­ցե­լեց ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Նի­քոս ­Տեն­տիաս եւ հան­դի­պում ու­նե­ցաւ ժո­ղո­վուր­դին հետ։

­Ներ­կայ ե­ղան ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը, ­Հայ կա­թո­ղի­կէ ժո­ղովր­դա­պե­տը, Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­պա­տո­ւե­լին, շրջան­նե­րու հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րը, Ազ­գա­յին վար­չու­թիւ­նը, Հ.Յ.Դ. ­Կեդր. ­Կո­մի­տէն, ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը, Հ.Կ.­Խա­չի, ­Հա­մազ­գա­յի­նի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջ. վար­չու­թիւն­նե­րը, Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. ­Միու­թիւ­նը եւ բազ­մա­թիւ հայ­րե­նակց­ներ։

Իր բաց­ման խօս­քին մէջ, Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.-ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան բա­րի գա­լուստ մաղ­թե­լով նա­խա­րա­րին, հա­կիրճ անդ­րա­դար­ձաւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի 100-ա­մեայ բազ­մաբ­նոյթ եւ կազ­մա­կերպ ներ­կա­յու­թեան ­Յու­նաս­տա­նէն ներս, ա­պա շեշ­տը դրաւ նա­խա­րա­րի հա­յա­սի­րա­կան զգա­ցում­նե­րուն վրայ, ո­րոնք գործ­նա­պէս ի­րենց ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը ու­նե­ցան երբ ար­ցա­խեան 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մին ան այ­ցե­լեց Ե­րե­ւան։ Ըն­կե­րու­հին ընդգ­ծեց, թէ հա­յու­թեան հա­մար ան­հա­ւա­սար մար­տի այն օ­րե­րուն, նա­խա­րա­րի ներ­կա­յու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տան` հա­մայն մարդ­կու­թեան ցոյց տո­ւաւ ­Թուր­քիոյ եւ Ատրպէյ­ճա­նի փան­թու­րա­նա­կան ծրա­գիր­նե­րուն դէմ միա­ւոր­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, ո­րուն ար­դէն զոհ գա­ցած է հայ ժո­ղո­վուր­դը։

Ըն­կե­րու­հին մատ­նան­շեց նա­խա­րա­րի ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տան եւ Ար­ցախ մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան ա­ռա­քու­մին առն­չու­թեամբ՝ եր­կու օ­դա­նա­ւե­րու տրա­մադ­րու­թեան գծով։

Ըն­կե­րու­հին անդ­րա­դար­ձաւ թրքա­կան յար­ձա­կո­ղա­պաշ­տու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, ո­րուն հե­տե­ւանք­նե­րը կը կրեն ­Յու­նաստ­անն ու ­Հա­յաս­տա­նը, յա­տուկ նշում կա­տա­րե­լով Ար­ցա­խի շրջա­փակ­ման ու ա­նոր ժո­ղո­վուր­դին վրայ ցցո­ւած նոր ցե­ղաս­պա­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։

Անդ­րա­դարձ ե­ղաւ հայ եւ յու­նա­կան դա­րա­ւոր բա­րե­կա­մու­թեան մա­սին, ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի մէջ յու­նա­կան հա­մայնք­նե­րու ներ­կա­յու­թեան, ա­պա իր խօս­քը ա­ւար­տեց շեշ­տե­լով, թէ ատր­պէյ­ճա­նա­կան վտան­գի դի­մագ­րա­ւու­մը կը պա­հան­ջէ եւ­րո­պա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րու զօ­րա­շար­ժը, գլխա­ւո­րու­թեամբ բա­րե­կամ ­Յու­նաս­տա­նի, որ­պէս­զի գոր­ծադ­րո­ւին Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան եւ ­Լա ­Հէ­յի դա­տա­րա­նի ո­րո­շում­նե­րը։ Ըն­կե­րու­հին եզ­րա­փա­կեց ը­սե­լով, թէ ­Յու­նաս­տան ­Հա­յաս­տա­նի մի­ջազ­գա­յին ա­մե­նա­կա­րե­ւոր բա­րե­կամ­ներէն մէկն է. եր­կու եր­կիր­նե­րու խա­ղաղ եւ ստեղ­ծա­գործ գո­յակ­ցու­թի­նը ե­րաշ­խիքն է փայ­լուն ա­պա­գա­յի մը հա­մար գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն առ­ջեւ։

­Բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, որ յու­նա­րէն խօս­քով բա­րի գալս­տեան ար­տա­յայ­տու­թիւն ու­նե­ցաւ նա­խա­րա­րին հան­դէպ։ Ան անդ­րա­դար­ձաւ յոյն նա­խա­րա­րի նո­ւա­ճում­նե­րուն ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ, մատ­նան­շե­լով այն բո­լոր զգու­շա­ւոր եւ ար­դիւ­նաւէտ քայ­լե­րը, ո­րոնք կը յատ­կան­շեն ­Յու­նաս­տա­նի զօ­րեղ ներ­կա­յու­թիւ­նը մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ։
Ա­ռաջ­նոր­դը յայտ­նեց, թէ յու­նա­հա­յու­թի­նը կը հե­տե­ւի ­Յու­նաս­տա­նի մօ­տե­ցու­մը ­Հա­յաս­տա­նի հան­դէպ, յատ­կա­պէս 2020-ի պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին եւ ան­կէ ետք ցու­ցա­բե­րած ա­ջակ­ցու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ։ Սր­բա­զա­նը նաեւ նշում­ներ ը­րաւ հա­յու­թեան 100-ա­մեայ ներ­կա­յու­թեան հա­մար ­Յու­նաս­տա­նի հիւ­րըն­կալ եր­կին­քին տակ, ը­սե­լով, թէ ­Յու­նաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան վսեմ գա­ղա­փար­նե­րը ներշնչ­ման աղ­բիւր կը հան­դի­սա­նան ի­րենց ա­զա­տու­թիւ­նը եւ գե­րիշ­խան գո­յակ­ցու­թիւ­նը հե­տապն­դող ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն հա­մար։

­Վեր­ջին խօ­սո­ղը ե­ղաւ հա­յա­սէր ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը, որ ջերմ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ի­րեն ե­ղած ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար։ ­Նի­քոս ­Տեն­տիաս նախ նշեց, թէ քա­նիցս այ­ցե­լած է ­Հա­յաս­տան, թէ՛ իբ­րեւ ե­րես­փո­խան, բայց մաս­նա­ւո­րա­պէս որ­պէս ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար, եւ ա­ռի­թը ու­նե­ցած է ճանչ­նա­լու շարք մը իր պաշ­տօ­նա­կից­նե­րէն։ ­Յա­տուկ նշում ը­րաւ ար­ցա­խեան 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի օ­րե­րուն իր կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան հա­մար Ե­րե­ւան, որ նպա­տակ ու­նէր իր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նել ­Հա­յաս­տա­նին՝ ճա­կա­տագրա­կան այդ օ­րե­րուն եւ ցոյց տալ ­Յու­նաս­տա­նի պատ­րաս­տա­կա­մու­թի­նը հար­ցի լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ։

­Նա­խա­րա­րը շեշ­տեց, թէ ­Յու­նաս­տան մօ­տէն կը հե­տե­ւի եւ լիո­վին ի­րա­զեկ է ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի դի­մագ­րա­ւած հիմ­նախն­դիր­նե­րուն, ատրպէյ­ճա­նա­կան ներ­կայ գրգռու­թիւն­նե­րուն, կով­կա­սեան տա­րա­ծաշր­ջա­նի ա­րագ զար­գա­ցում­նե­րուն մասին։ Ան նաեւ իր խօս­քին մէջ լայ­նօ­րէն նշում­ներ ը­րաւ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան նո­ւա­ճում­նե­րուն մա­սին, յատ­կա­պէս տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս դրա­ցի եր­կի­րի ցու­ցա­բե­րած յար­ձա­կո­ղա­պաշտ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան դի­մաց՝ ­Յու­նաս­տա­նի բազ­մե­րես եւ ար­դիւ­նա­ւէտ ընտ­րանք­նե­րուն հա­մար։ ­Նա­խա­րար ­Տեն­տիաս դրո­ւա­տի­քով խօ­սե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին հետ բա­րե­կա­մա­կան ա­ւան­դա­կան կա­պե­րուն մա­սին, ո­րոնք խո­րա­ցած են եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ գո­յա­ցած գործ­նա­կան հա­մա­ձայ­նա­գիր­նե­րով եւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ամ­րապն­դու­մով։

Իր խօս­քը եզ­րա­փա­կե­լով, նա­խա­րա­րը շեշ­տեց, թէ ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին ներ­կայ պայ­ման­նե­րուն տակ, ­Հա­յաս­տա­նի հզօ­րաց­ման ու բար­գա­ւաճ­ման ու­ղին կ­՚անց­նի եւ­րո­պա­կան ա­տեան­նե­րէն։ ­Յու­նաս­տան ա­մէն ջանք պի­տի թա­փէ՝ սա­տար հան­դի­սա­նա­լով ­Հա­յաս­տա­նի լիի­րաւ ներ­կա­յու­թեան հա­մար Եւ­րո­պա­յի մեծ ըն­տա­նի­քէն ներս։

Ան ա­ւար­տեց ը­սե­լով, որ պատ­մու­թիւ­նը փաս­տած է, թէ այն ժո­ղո­վուրդ­նե­րը, ո­րոնք կա­րո­ղա­ցած են մեծ ա­ղէտ­ներ դի­մագ­րա­ւել, ա­ւե­լի հզօր եւ պինդ դուրս ե­լած են նման փոր­ձու­թիւն­նե­րէ։ ­Յու­նաս­տան եւ ­Հա­յաս­տան փաս­տած են, որ կա­րո­ղա­ցած են գո­յա­տե­ւել շնոր­հիւ ի­րենց տո­կու­նու­թեան եւ ապ­րե­լու վճռա­կա­մու­թեան։

­Յա­ջոր­դեց հիու­րա­սի­րու­թիւն եւ ներ­կա­նե­րը ա­ռի­թը ու­նե­ցաւ ա­ւե­լի մտեր­միկ խօ­սակ­ցու­թիւն ու­նե­նա­լու հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­կեղծ բա­րե­կամ նա­խա­րա­րին հետ։