կարևոր
2653 դիտում, 11 ամիս առաջ - 2023-04-20 13:19
Քաղաքական

Տիրող ներկայ իրավիճակին պատճառով պէտք չէ հիասթափուիլ Հայաստանէն, պէտք չէ յուսալքուիլ

Տիրող ներկայ իրավիճակին պատճառով պէտք չէ հիասթափուիլ Հայաստանէն, պէտք չէ յուսալքուիլ

Քալիֆորնիա կատարած այցելութենէն ետք, Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ եւ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան այցելեց Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան շրջան։ Ան զեկուցեց Հայաստանի, Արցախի եւ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի մարտահրաւէրներուն մասին եւ ներկայացուց Արցախի ու Հայաստանի այսօրուայ քաղաքական իրավիճակն ու հեռանկարները: Սաղաթէլեան այցելեց Տիթրոյթ (Ապրիլ 11), Ուաշինկթըն (Ապրիլ 12), Նիւ Ճըրզի (Ապրիլ 13), Նիւ Եորք (Ապրիլ 14) եւ Պոսթըն (Ապրիլ 15-16)։

Այս առթիւ, «Հայրենիք»-ի խմբագրատան մէջ յատուկ հարցազրոյց մը կատարուեցաւ անոր հետ, անդրադառնալու համար Հայաստանի մէջ վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին տիրող կացութեան, պատերազմեան ու յետպատերազմեան ժամանակաշրջանին արձանագրուած իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ հայրենիքը պարտուողական իր ընթացքէն դուրս բերելու ելքերուն մասին։ Ստորեւ լոյս կ՛ընծայենք մեր հարցազրոյցը։

Հ.- Բարի եկաք 1899-էն ի վեր լոյս տեսնող «Հայրենիք»-ի խմբագրատուն։ Կարճ է մեր ժամանակը եւ շատ բան կայ ըսելիք։ Վերջին ՀԻՆԳ տարիներուն հայրենիքը շարք մը տագնապներ կը դիմագրաւէ։ Ի՞նչ վիճակ կը պարզէ ընդդիմութիւնը՝ պատերազմէն առաջ եւ անկէ ետք։ 2018-էն սկսեալ Հայաստանի մէջ կայ փոփոխութիւն, հարցեր, խոչընդոտներ, գործելաձեւի փոփոխութիւն եւ այլն, կարելի՞ է ամփոփ ձեւով անդրադառնալ անոր։

Պ.- «Հայրենիք»-ը մեր ամէնէն հին մամուլներէն մէկն է եւ ան շատ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Սփիւռքի մէջ՝ հայապահպանութեան աշխատանքին եւ քաղաքական ուղղութեան պահպանումին առումով։ Հետեւաբար շատ ուրախ եմ այս հարցազրոյցին համար։

2018-ին Հայաստանի մէջ ըստ էութեան տեղի ունեցաւ գունաւոր յեղափոխութիւն մը, աւելի ճիշդը՝ իշխանափոխութիւն։ Իշխանութեան հասնող նոր անհատները խոստացան սէր, հանդուրժողականութիւն, արդարութիւն, անվտանգութիւն, բարեկեցութիւն, սակայն կարճ ժամանակամիջոցէ մը ետք, անոնք կատարեցին այդ խոստումներուն հակառակը։

Հայաստանի մէջ այսօր ամենամեծ ատելութեան ու պառակտումի ժամանակաշրջանն է։ Անվտանգութեան իմաստով ամբողջութեամբ ձախողած է ան, թշնամին կը գտնուի Հայաստանի տարածքին մէջ, Արցախի 75 տոկոսը թշնամիին տիրապետութեան տակ կը գտնուի եւ արդէն իսկ չորս ամիսէ ի վեր Արցախը շրջափակուած է։ Իսկ ժողովրդավարութեան եւ արդարութեան մասին խօսիլը աւելորդ է, որովհետեւ անոնք ըստ էութեան գոյութիւն չունին։

Այդ կարգախօսներով մարդիկ իշխանութիւն ստանձնած են, սակայն հեռացած են իրենց յայտարարած նպատակներէն։ Բայց եւ այնպէս Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ կար մեծ ոգեւորութիւն՝ այդ իշխանափոխութեան գծով, որովհետեւ այդ խոստումները որոնք տրուած էին՝ մարդիկ ցաւօք հաւատացած էին անոնց։

Կար նաեւ մեծ ոգեւորութիւն, որուն պատճառով հիմա կայ մեծ հիասթափութիւն։

Թէ ընդդիմութիւնը ի՞նչ ըրաւ։ Ընդդիմութեան գործը մինչեւ պատերազմ շատ դժուար էր, որովհետեւ մարդիկ անվերապահ կը հաւատային օրուան իշխանութիւններուն եւ արձանագրուած իւրաքանչիւր քննադատութիւն կամ այլ կարծիք մերժելի էր։

2019-ին Հ․Յ․ Դաշնակցութիւնը առաջին կազմակերպութիւնն էր, որ առաջին անգամ ըլլալով հանրահաւաք մը կազմակերպեց այս իշխանութիւններուն դէմ։ Հանրահաւաքը յատուկ կերպով նուիրուած էր Արցախին եւ կը կրէր «Զարգանալ չզիջելով» կարգախօսը։ Այդ հանրահաւաքին ընթացքին հնչեցին այն վտանգները, որոնք կ’երեւէին Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ։

23 Մայիս 2019-ին էր այդ հանրահաւաքը, որուն ընթացքին Հայաստանի իշխանութիւններուն դէմ դեղին քարտ բարձրացուեցաւ։ Բայց անշուշտ որ մեր կեցուածքին հանդէպ ըմբռնում չկար, որովհետեւ կար ընդհանուր մեծ հաւատք՝ այս իշխանութիւններուն հանդէպ։

Պատերազմէն ետք պարզուած վիճակը ուրիշ էր։ Արդէն ակնյայտ էր, որ օրուան իշխանութիւնը պէտք է հեռանայ, որպէսզի այս պարտութիւններու շղթան վերջ գտնէ անջատուելէ, եւ մենք կարենանք վերականգնիլ, վերագտնել մեր արժանապատուութիւնը եւ փոխել ընթացքը։

Դժբախտաբար իշխանութիւնը չունեցաւ այդ իշխանութենէն հեռանալու գիտակցութիւնը։ Մենք փորձեցինք ժողովրդային եւ փողոց իջնելու միջոցով։ Ըստ էութեան երեք փորձ կատարեցինք։ Անոնցմէ առաջինն էր «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»-ը, որ համախմբումն էր 17 ընդդիմադիր կուսակցութիւններու շարժումին եւ առաջադրած էր վարչապետի միասնական թեկնածու, երկրորդը՝ ընտրութիւններու ճամբով Հ․Յ․Դ․-ն ուղղուեցաւ դաշինքի եւ դիտարկեց անոր հնարաւորութիւնը՝ վարչապետը հեռացնելու, իսկ երրորդը՝ դիմադրութեան շարժումն էր, որ ժողովուրդին շարժումն էր։

Դիմադրութեան շարժումը Հայաստանի արդի պատմութեան մէջ ամէնէն լայնածաւալ եւ ժամանակի իմաստով ամէնէն երկար տեւողութեամբ շարժումներէն մէկն է։ Դիմադրութեան շարժումը շատ կարեւոր խնդիրներ լուծած է, որ օրուան իշխանութիւնը չունի իրաւունք երկիրը նոր զիջումներու տանելու, այնպէս չէ, որ Արցախի յանձնումը մեր ժողովուրդին կողմէ ընդունելի է, եւ այն որ երկրին մէջ կայ դիմադրութիւն։ Սակայն դիմադրութեան շարժումը չհասաւ իր կարեւորագոյն նպատակին, որն էր կատարել իշխանափոխութիւն եւ կանխել այս ամէն ինչը։

Այսօր ընդդիմութիւնը իր անցած ուղին վերարժեւորելու եւ նոր ու աւելի արդիւնաւէտ մեթոտներով պայքարի լծուելու հարց ունի։

Հ.- Կարճ ժամանակաշրջանի մը համար, պատերազմի առաջին շաբաթներուն ընթացքին, իսկապէս կա՞ր ակնկալութիւն, որ օրուան իշխանութիւնները գործակցութեան ձեռք կ’երկարեն։ Որովհետեւ պատերազմի սանձազերծումէն ետք կատարուեցաւ յայտարարութիւն, որ այլեւս ընդդիմութիւն չկայ, պարզ այն պատճառով որ պատերազմի մէջ է երկիրը եւ կենաց մահու հարցի դէմ յանդիման կը գտնուի։ Այդ ժամանակաշրջանին զգացի՞ք որոշ փոփոխութիւն, թէ նոյն կացութիւնն էր, որ շարունակուեցաւ։

Պ.- Պատերազմի օրերուն ընդդիմութեան կեցուածքը շատ յստակ էր։ Պատերազմի առաջին օրն իսկ, բոլոր ընդդիմադիր ուժերը հանդէս եկան յայտարարութեամբ, ուր անոնք հաստատեցին, թէ մէկդի կը դնեն քաղաքական թէ կուսակցական ամէն տեսակի տարակարծութիւն, եւ կը կանգնին պետութեան կողքին։

Ընդդիմութիւնը բացառիկ միասնութիւն ու համերաշխութիւն ցոյց տուաւ այդ օրերուն։ Իսկ պատերազմի կիսուն՝ 16 Հոկտեմբերին, մենք հանդէս եկանք նախաձեռնութեամբ՝ ստեղծելու ռազմա-քաղաքական գործնական հարցերու շտապ, որուն մէջ նկատի առնուեցան հանրապետութեան նախկին նախագահները, վարչապետները, պաշտպանութեան նախարարները, արտաքին գործոց նախարարները, որպէսզի անոնք համախմբեն ուժերը եւ միասնական ճակատով պայքարինք մեր հայրենիքին համար։

Այսինքն ընդդիմութիւնը ցոյց տուած է բացառիկ կեցուածք, որ սակայն իշխանութեան կողմէ ընդառաջում չգտաւ եւ ընդդիմութեան պարզած ձեռքը մնաց օդին մէջ։

Հ.- Հ․Յ․ Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինը պատերազմէն երեք տարի ետք վերատեսութեան ենթարկելով պատահածները, կը կարծէ՞, որ տարբեր արդիւնքի կարելի էր յանգիլ, եթէ պատերազմի ընթացքին հայրենիքը ղեկավարող այլ իշխանութիւններ ըլլային, տարբեր մօտեցում ցուցաբերէին եւ տարբեր ձեւերով ղեկավարէին երկիրը։

Պ.- Հաստատ։ Նիկոլ Փաշինեանը անընդհատ կ’ըսէ, թէ իր փոխարէն ո՛վ որ ալ ըլլար իշխանութեան վրայ՝ պատերազմը նոյն արդիւնքով պիտի աւարտէր։ Պատերազմէն ետք ալ ո՛վ որ ըլլար իշխանութեան վրայ, հնարաւորութիւն պիտի չունենար որեւէ բան փոխելու։ Փաշինեանը միանշանակ կը խաբէ։ Եթէ մենք ունենայինք ազգային իշխանութիւն՝ պատերազմի այս արդիւնքը չէինք ունենար, եթէ նոյնիսկ պատերազմէն ետք Փաշինեանէն ազատած ըլլայինք, բնականոն եւ սովորական իշխանութիւն ըլլար, ապա անցնող երկուքուկէս տարուան կորուստները չէինք ունենար։

Ակնյայտ է, որ պարտուած իշխանութիւնը ի վիճակի չէ, երբեմն նաեւ ցանկութիւնը չունի կազմակերպելու մեր երկրին ու քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը։

Հ.- Հայաստանի եւ Արցախի մէջ պատահած զարգացումներուն մասին Երեւանի եւ սահմանամերձ գիւղերու բնակչութեան կեցուածքներուն եւ մտայնութեան առումով ընդհանրապէս տարբերութիւն կա՞յ։

Պ.- Այն մարդիկ, ովքեր սահմանամերձ շրջաններու մէջ կ’ապրին եւ թշնամին մօտեցած է իրենց սահմաններուն, իրենց մորթին վրայ աւելի կը զգան, թէ ինչ վտանգ գոյութիւն ունի։ Երեւանի մէջ կայ գիտակից հսկայ հատուած մը, որ վտանգները լաւ կը հասկնայ, սակայն կայ նաեւ անտարբեր մաս մը, որ կը մտածէ, թէ այդ դժբախտութիւնը իր դրան պիտի չհասնի։

Այս է իրավիճակը։ Մարզերի բնակչութիւնը, որ արդէն իսկ կորսնցուցած են իրենց արօտավայրերը ու թշնամիին դէմ դիմադրութիւն ցուցաբերած են ու գոյատեւած, անոնք կը զգան այդ վտանգը։

Հ.- Ծանրանանք աւելի սահմանամերձ գիւղերու, կամ աւելի ճիշդը Երեւանէն ու Հիւսիսային պողոտայէն դուրս տիրող կացութեան վրայ։ Բազմիցս պատահած է եւ շաբաթ մը առաջ եւս պատահեցաւ, որ ատրպէյճանցի քանի մը զինուորներ հասած են մինչեւ Սիսիանի մօտակայքը. անոնք քիլոմեթրերով յառաջացած են եւ ոչ ոք նկատած է։ Բարեբախտաբար այն ընտանիքին, որուն դուռը թակած են, անոնց չարիք չեն հասցուցած, սակայն մտահոգութիւնը այն է, թէ մեր սահմանները անպաշտպա՞ն վիճակի մէջ կը գտնուին, որ հոն հասած ենք, իսկ երեւանցին, որ Հիւսիսային պողոտայի վրայ կը ճեմէ չե՞ն գիտակցիր թէ ի՛նչ կը պատահի։

Պ.- Դժբախտաբար այս իշխանութիւնը հրաժարած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները պաշտպանելու իր առաքելութենէն, ու ժողովուրդին կ’առաջարկէ թշնամիին բոլոր փափաքներուն ընդառաջել՝ հասնելու համար խաղաղութեան։ Անշուշտ սակայն, թշնամին խաղաղութիւն պիտի չտայ, այլ՝ նոր ցեղասպանութիւն։

Այս մասին լայն եւ մնայուն անդրադարձ կատարած ենք՝ դիմադրութեան շարժումի օրերուն, յուլիս ամսուան ընթացքին։ Այդ օրերէն սկսեալ անընդհատ կը յայտարարենք, որ եթէ Բերձորի շրջանը դարձեալ յանձնուի թշնամիին, ապա ան պիտի հասնի Տեղ գիւղ եւ հոն պէտք է առաջնագիծ կառուցել։

Պէտք էր այդ օրուան պատրաստ ըլլալ։ Սկսելու համար հողերը պէտք չէ յանձնուին, իսկ եթէ անպայման պիտի յանձնուին, ապա պէտք է սահմանագիծ ճշդուի, օրուան իշխանութիւնը այս իմաստով ոչինչ կատարած է, այդ պատճառով ալ թշնամին քալելով մուտք գործած է Հայաստանի տարածք, որուն մեղաւորն ու պատասխանատուն օրուան իշխանութիւնն է։

Հ.- Արեւմտեան աշխարհը հետզհետէ յաւելեալ հետաքրքրութիւն սկսած է ցուցաբերել Հայաստանով եւ Արցախով եւ ամէն գնով մուտք կ’ուզէ գործել քաղաքական գործընթացին մէջ։ Կը տեղեկանանք նաեւ, որ դուք կ’ունենաք հանդիպումներ մեծ պետութիւններու հետ, յատկապէս Ֆրանսայի եւ այլ բանալի երկիրներու դեսպաններու հետ։ Արդեօք շօշափելի արդիւնքնե՞ր կան այս իմաստով, թէ անոնք արարաղոկարգային հանդիպումներ եւ զրոյցներ կը նկատուին։

Պ.- Այդ մակարդակի հանդիպումներուն նպատակն է մեր տեսակէտները ներկայացնելու եւ իրենց տեսակէտները լսելու։ Մենք բոլոր դեսպաններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներ ունեցած ենք եւ մեր արտաքին յարաբերութիւններուն ընթացքին մենք մեր տեսակէտներն ու պատկերացումները մանրամասնօրէն կը ներկայացնենք։ Սակայն այս իրավիճակին մէջ, շատ կարեւոր է, որ պետութեան կողմէ առաջ տարուող գիծը՝ պետական քաղաքականութիւնը։

Մենք այլընտրանքային տեսակէտը կը ներկայացնենք եւ կը պայքարինք անոր համար, սակայն անիկա պետութեան կողմէ պէտք է կատարուի, ու մեր եւ պետութեան կամ օրուան իշխանութեան միջեւ տեսակէտները ակնյայտօրէն տարբեր են։

Հ.- Հ․Յ․ Դաշնակցութեան մասնակցութիւնը Հայաստանի ներկայ կառավարութեան մէջ, նոյնիսկ Փաշինեանի օրերուն եւ Փաշինեանէն ետք, ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք։

Պ.- Հ․Յ․ Դաշնակցութեան կողմէ Փաշինեանի կառավարութեան մաս կազմելը բացառուած է, որովհետեւ անկարելի է նման քայլ առնել։ Ժամանակին՝ 2018-ին այդ փորձը կատարած ենք, շեշտած ենք, որ ժողովուրդը ունի պահանջ եւ անկնկալութիւն եւ այդ պատճառով ալ որոշած ենք մաս կազմել եւ մեր հնարաւորութիւններով փորձած ենք այդ պահանջները իրականացնել։ Այդ առաքելութիւնը ընդամէնը չորս ամիս տեւեց, եւ մեզի համար յստակ դարձաւ, որ այդ մարդը այլ տեղ կ’ուղղուի։

Հիմա արդէն բացառուած է, որովհետեւ մեր պատկերացումները լրիւ տարբեր են՝ յատկապէս երկրի ապագային առումով, հետեւաբար մենք չենք կրնար միասին գործել անոր կառավարութեան մէջ։

Այն յայտարարութիւնները, որ պէտք է համախմբուիլ եւ այլն, կը հաստատեմ, որ Փաշինեանի շուրջ համախմբուիլը կարելի չէ, որովհետեւ ան չ’ուզեր պայքարիլ մեր երկրին համար։ Ինքը թրքահպատակ իշխանութիւն է, իսկ այդ իրավիճակին մէջ մենք չենք կրնար մաս կազմել այդ իշխանութեան։

Հ.- Դէպքերը, որոնք կը պատահին Երեւանի մէջ մոռացութեան կը մատնեն եւ կը նսեմացնեն հիմնական հարցը։ Վերջընթեր դէպքերը, որ արձանագրուեցան Մհեր Սահակեանի հարց եւ Կարէն Մկրտիչեանի պատմութիւնը Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի թքնելուն վերաբերեալ։ Արդեօք այս բոլորը ոչ մէկ մթնոլորտ կը ստեղծէ՞ բնակիչներուն մօտ։ Արդեօք անոնք չե՞ն տեսներ, թէ ներկայ ղեկավարութիւնը պէտք է դուրս շպրտուի իր իշխանութենէն։

Պ.- Այս մարդիկը միշտ ալ կը խօսէին ժողովրդավարութեան մասին եւ թէ պետական պաշտօնեաները իրենք զիրենք միշտ ալ բնական պէտք է պահեն, սակայն անոնք սովորականի եւ բնականի սահմանները անցնելու իմաստով բոլորին գերազանցած են։ Լկտիութիւնը չափ ու սահման չունի։ Այս իշխանութիւնը ոչ միայն լկտի է իր վարք ու փառքով, այլ նաեւ այս իշխանութիւնը Հայաստանի մեծաթիւ զոհեր ու աղէտ բերած է, սակայն կը շարունակէ մնալ իշխանութեան վրայ։

Անոնք ոչ թէ մէկ հոգիի երեսին թքնած են, այլ՝ հինգհազարամեայ ժողովուրդի երեսին։ Իսկ թէ ինչու այդ բոլորը կայծ կամ կրակ չեն յառաջացներ մարդոց մէջ, կը կարծեմ, որ Հայաստանի մէջ այս օրերուն կատարուածը անոր նախանշաններ են։ Մենք պէտք է կազմակերպենք ժողովուրդը եւ ուղղորդել զայն ճիշդ ուղղութեամբ՝ կարենալ յաջողութեան հասնելու համար։

Հ.- Աշխարհի հաւանաբար ամէնէն երիտասարդ, սակայն անշունչ թաղամաս մը ունինք Եռաբլուրի մէջ։ Այդ անշունչ թաղամասին ընտանեկան մօտիկ պարագաները սակայն շնչող են եւ անոնց թիւը հազարաւոր է։ Անոնք միակամութեամբ չե՞ն մօտենար իրենց ցասումը արտայայտելու եւ արդարութիւն պահանջելու։

Պ.- Հարցը խորքային է։ Հայաստանի մէջ բոլորը չեն կարծեր, թէ այս բոլոր դժբախտութիւններուն եւ աղէտին պատճառը Նիկոլն է, եւ թէ այս իշխանութիւնները հեռացնելէ ետք այդ խնդիրները լուծելու հնարաւորութիւն կ’ըլլայ։ Դժբախտութիւնը այս իրականութեան մէջ է, որովհետեւ ան կարողացած էր քարոզչութեան մեքենայով, կեղծելով, խարդախելով եւ արհեստագիտութեամբ խաբել ժողովուրդը եւ անոր համոզել, թէ ինք իր կարողութեան սահմաններուն մէջ կատարած է այն բոլորը ինչը կարելի էր կատարել։ Ան համոզած է ժողովուրդը, որ ինք մեղաւոր չէ եւ թէ ուրիշ ելք պիտի չունենար պատերազմը, այն իմաստով, որ Նիկոլի փոխարէն ով որ ալ ըլլար իշխանութեան վրայ, ապա նոյն արդիւնքը պիտի արձանագրուէր։

Այսինքն՝ մարդիկ անմիջականօրէն, իսկ կայ հատուած մը, որ շատ լուրջ ու ծայրայեղ կերպով կը հաւատայ անոր։ Իսկ ամբողջ հասարակութիւնը տակաւին այն տեսակէտին չէ, որ ինքն է Հայաստանին ողբերգութիւն բերողը, հետեւաբար մենք ունինք նաեւ պարտականութիւն՝ մարդոց բացատրելու այդ մասին։

Հ.- Հայաստանը վերածուած է ոստիկանական երկրի մը, ուր ոստիկանները աւելի հզօր են եւ աւելի լաւ կը վճարուին, քան՝ բանակը։ Հանգիստ կը շարժի՞ք Հայաստանի մէջ։ Կը կարծէք, որ մնայուն հետապնդող ունի՞ք։

Պ.- Ակնյայտ է, որ Հայաստանի մէջ ընդդիմադիր գործիչները իշխանութեան կողմէ կ’ենթարկուին լրջագոյն ճնշումներու։ Իշխանութիւնը իր կարելին կը կատարէ եւ ամբողջ պետական կառոյցը թէ՛ մեր եւ թէ՛ մեր ընտանիքներուն, ընկերներուն եւ կուսակցութեան դէմ կ’աշխատին։ Սակայն այս բոլորը մեզի չեն կաշկանդեր։ Մենք գիտենք, թէ որո՞ւ հետ գործ ունինք եւ գիտենք, թէ ինչի՛ համար կը պայքարինք։ Հետեւաբար այդ ճնշումները վստահաբար անցողիկ են եւ երկար չեն կրնար դիմանալ։

Հ.- Այս որքան մե՞ծ է Հայաստանի գլխուն նիւթուած արտաքին դաւադրութիւնը՝ բոլոր կողմերու մասնակցութեամբ, եւ ինչպէ՞ս կարելի է այս քորթեան հանգոյցը քանդել եւ հարցը լուծել։

Պ.- Առաջին քայլերը՝ բոլորին խաղաքարտերը խառնելու տարբերակին համար՝ իշխանափոխութիւնն է։ Այդ արտաքին ուժերը իրենց բոլոր հաշուարկները կը կատարեն օրուան իշխանութեան հետ։ Երբ Հայաստանի մէջ իշխանափոխութիւն ըլլայ, բոլորին խաղաքարտերը կը խառնուին եւ կը փոխուի նաեւ տիրող մթնոլորտը։

Դարձեալ կը կրկնեմ, որ իշխանութիւնը մնայուն կերպով ժողովուրդին կը համոզէ, թէ անոնք թոյլ են, անկարող են, անպաշտպան են, թէ աշխարհը իրենց դէմ է, եւ եկէք համաձայնինք թշնամիին հետ, ընդառաջենք անոր բոլոր պահանջներուն՝ անոր յանձնելով այն ամէնը, որ կը պահանջէ։

Իսկ մենք կը մերժենք այդ մօտեցումը եւ կ’առաջարկենք պայքարիլ։ Աշխարհի մէջ ալ առանձին չենք մեր մղած պայքարով։ Մենք ունինք իսկական դաշնակիցներ եւ աղբիւրներ, ինչպէս նաեւ կը հաւատանք ու համոզուած ենք, որ խաղաղութեան հասնելու միակ ճամբան պայքարն է։

Եթէ Հայաստանի մէջ իշխանափոխութիւն կատարուի, արտաքին ուժերի ու Նիկոլի պայմանաւորուածութիւնը կը ձախողի, ինչպէս նաեւ իրավիճակ կը փոխուի՝ յօգուտ մեր պետութեան ու ժողովուրդին։ Այս է միակ ճամբան։

Հ.- Նիւթական օժանդակութենէն անկախ, Սփիւռքը ինչպէս իսկապէս կրնայ օժանդակել, որ Հայաստանի հետ մօտիկ կապեր հաստատած ըլլայ։

Պ.- Սփիւռքը շատ մեծ կարողականութիւն ունի, ու այսօր Հայաստանը հետեւողականօրէն իրմէ կը հեռացնէ նաեւ Սփիւռքը։ Դուք կը լսէք այն արտայայտութիւնը, թէ իրենք պատասխանատու են միայն Հայաստանի Հանրապետութեան ու Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն համար, այսինքն՝ հայրենիք, համահայկականութիւն եւ հայ ժողովուրդ մէկդի դրուած են։

Այս իրավիճակին պէտք է արձագանգէ Սփիւռքը՝ հաստատելով, որ ան տէր կը կանգնի իր հայրենիքին՝ հաստատելով, թէ այդ հայրենիքը միայն անոնցը չէ։ Այդ հայրենիքը միայն Հայաստանի մէջ ապրող Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն չէ, այլ նաեւ 10 միլիոն հայութեան։

Անշուշտ այդ մէկը կ’ենթադրէ ե՛ւ իրաւունքներ ե՛ւ պարտականութիւններ։ Սփիւռքը պէտք է ամբողջութեամբ մուտք գործէ այդ իրաւունքներուն եւ պարտականութիւններուն դաշտին մէջ։

Հայրենիքին օգնելու շատ ասպարէզներ կան, շատ բնագաւառներ կան, սկսեալ՝ քաղաքականէն, հասնելով տնտեսականին եւ վերջանալով պաշտպանութեան գործին մասնակցելուն։ Այդ բոլոր ուղղութիւններով պէտք է աշխատիլ։

Հ.- Ձեր կատարած այս վերջին այցելութեան լոյսին տակ ի՞նչ ունիք փոխանցելիք ամերիկահայութեան, ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները։

Պ.- Շատ հետաքրքրական եւ յագեցած օրակարգով կատարուեցաւ այս այցելութիւնը։ Կարճ էր՝ 10 օրուան ընթացքին խիտ այցելութիւն մըն էր՝ Ամերիկայի արեւմտեան եւ արեւելեան ափերուն մէջ։ Բոլոր շրջաններուն մէջ ունեցայ հանդիպումներ, որոնցմէ ամէնէն կարեւորը կուսակցական ընկերներուն հետ ունեցած հանդիպումներս էին, որպէսզի մօտէն անդրադառնամ եւ բացատրեմ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տիրող կացութեան մասին, ինչպէս նաեւ լսելու եւ պատասխանելու անոնց բոլորին հարցումներուն։

Ունեցայ նաեւ հանրային-ժողովրդային հանդիպումներ, որոնք իրենց կարգին շատ կարեւոր էին։

Ունեցայ նաեւ քաղաքական հանդիպումներ՝ Հայ Դատի գրասենեակին մէջ։ Ընդհանուր առմամբ Ամերիկա կատարած այցելութիւնս բաւական կարեւոր էր։

Այս օրերուն կը ձգտիմ Հայաստանէն երկու երեք օրէ աւելի չբացակայիլ, սակայն Ամերիկան բացառութիւն էր։

Ձեր ուղղած վերջընթեր հարցումը, որ կը վերաբերէր Սփիւռքի կատարելիք աշխատանքին, իմ այցելութիւններս նաեւ այդ օրակարգով էին՝ թէ ինչպէ՛ս պէտք էր համախմբել մեր ուժերը, ինչպէ՛ս կեդրոնանանք եւ ինչպէ՛ս տէր կանգնինք մեր հայրենիքին։

Պատերազմէն ետք Սփիւռքը վերարժեւորելու, նոր տեսլականի հարց ունի, որովհետեւ Սփիւռքը շատ տարբեր էր մինչեւ պատերազմ ու պատերազմէն ետք։

Իսկ Սփիւռքի յանձնակատարին վստահուած է Սփիւռքը պառակտելու պարտականութիւնը եւ ոչ թէ Սփիւռքի մէջ իսկական աշխատանք տանելու համար։

Այս իմաստով Սփիւռքը ունի կատարելու լուրջ աշխատանքներ, ունի շարք մը դժուարութիւններ, որոնց պէտք է յաղթահարէ։

Դուք պէտք է ուժ տաք Հայաստանին, իսկ Հայաստանը ուժ տայ Սփիւռքին։ Մէկս միւսով, 10 միլիոն հայութեամբ, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան վերականգնելու տեսլականով պէտք է յառաջ երթալ։

Շնորհակալութիւն Սփիւռքի մեր բոլոր հայրենակիցներուն եւ ամէնէն կարեւորը, որ ըսաւ եմ ու կ’ուզեմ կրկնել, որ Հայաստանի իշխանութիւնները դեռ Հայաստան չեն, եւ տիրող ներկայ իրավիճակին պատճառով պէտք չէ հիասթափուիլ Հայաստանէն, պէտք չէ յուսալքուիլ, այս բոլորը անցողիկ են, պէտք է զօրակցիլ հայրենիքին։