կարևոր
2854 դիտում, 11 ամիս առաջ - 2023-04-19 13:18
Քաղաքական

Հալէպի մէջ զօրակցական միասնակամ հաւաք՝ յանուն Արցախի

Հալէպի մէջ  զօրակցական միասնակամ հաւաք՝ յանուն Արցախի

Կիրակի, 16 Ապրիլին, Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակէն ներս հազարաւոր հալէպահայերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ զօրակցական հաւաք` յաջակցութիւն աւելի քան 125 օր շրջափակուած Արցախին ու արցախցիներուն։

Հաւաքը կը վայելէր հովանաւորութիւնը եւ ներկայութիւնը Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանն ու Արցախի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան, ՀՅԴ Հայաստանի, Իրանի եւ Միջին Արեւելքի մարմիններու եւ Հայ Դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադոսեան, ՀՀ մարդասիրական խումբի հիւպատոսութեան ներկայացուցիչ, գնդապետ Արկատի Տօնոյեան, հալէպահայ երեք կազմակերպութիւններու, հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքներու ներկայացուցիչներ, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ՝ Ժիրայր Րէիսեան եւ դոկտ. Լիւսի Իսկէնեան, հալէպահայ բարեսիրական, մարզական եւ մշայութային միութիւններու ներկայացուցիչներ ու հալէպահայերու հոծ բազմութիւն մը։

Հանդիսականները պաշտօնապէս դիմաւորուեցան ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին հնչեցուցած ազգային-հայրենասիրական երգերով։

Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի հարնապետութիւններու քայլերգներով` կատարողութեամբ Սուրիոյ Պատանեկան եւ Երիտասարդական միութիւններու երիտասարդներուն։

Օրուան բեմավար Քրիստին Համմասեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը բոլոր նահատներուն։

Հայերէն բացման խօսքով Ներսէս Պարսումեան յայտնեց, որ «Արցախը մեր ինքնութեան, ինքնիշխանութեան եւ գոյատեւման դարպասն է։ Արցախով կը սկսի ու կը վերջանայ Հայաստանի սահմանը։ Արցախը նորանկախ Հայաստանին տուաւ ինքնավստահութիւն, ուժականութիւն եւ հպարտութիւն»։

Արաբերէն բացման խօսքով Կարօ Եղիայեան ըսաւ․ «Մեր ձայնը կը բարձրացնենք յաջակցութիւն բոլոր այն ազգերուն համար, որոնք կ'ապրին բռնաճնշումներու տակ»։

Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ պատանիներէ եւ երիտասարդներէ կազմուած երգչախումբին ազգային, հայրենասիրական երգերով։

Սիամանթոյի «Յաղթողը» քերթուածը ասմունքեցին պատանիներ Յակոբ Շաքարեանն ու Արփի Գրտանեանը։ Տուտուկի քաղցրահունչ նուագով Ժոզեֆ Արամեան ներկայացուց Արցախի ազատագրական պայքարին նուիրուած մեղեդիներու համադրում մը։

Օրուան բանախօսն էր Արցախի Ազգային ժողովը պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան։

Իշխանեան Արցախի պայքարող մեր հայրենակիցներուն ջերմ ողջոյնները փոխանցեց սուրիահայութեան այս դժուար օրերուն եւ ցաւակցութիւն յայտնեց Սուրիան ցնցած երկրաշարժի զոհերու հարազատներուն՝ ուժ ու կորով մաղթելով Սուրիոյ պայքարող ժողովուրդին, շեշտելով որ Արցախը եւս իր օժանդակութիւնը բերաւ սուրիահայութեան՝ Սուրիան ցնցած երկրաշարժի օրերուն, այնպէս ինչպէս սուրիահայութիւնը զօրավիգ կանգնեցաւ Արցախի ժողովուրդին:

Անդրադառնալով իրարայաջորդ աշխարհաքաղաքական ցնցումներուն եւ անոնց ազդեցութեան Հայաստանի ու Արցախի վրայ, Դաւիթեան անդրադարձաւ Արցախի յետ պատերազմեան ժամանակաշրջանի հիմնական ուղղութիւններուն եւ ոլորտներուն՝ անվտանգութեան, կարգավիճակին, տնտեսութեան, հասարակական հիմնահարցերուն, ժողովրդագրութեան եւ շրջափակման հարցերուն։

Ապա պարզաբանելով Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը ըսաւ․ «Ատրպէյճան յատուկ հաշուարկներ ունի հենց այս առումով, նախ շրջափակման միջոցով Արցախին պարտադրել հրաժարուել իր քաղաքական պահանջներից, իսկ յետոյ աստիճանաբար հայաթափել Արցախը:

«Պէտք է աւելացնել որ ՀՀ իշխանութիւնների կողմից վարուող ապազգային քաղաքականութիւնը, լուրջ հարուած է հասցնում ոչ միայն Արցախի հիմնահարցի հայանպաստ ու վերջնական հանգուցալուծմանը, այլև համազգային մեր միւս խնդիրներին»:

«Ինքնորոշման իրաւունքի իրացման ուղղութեամբ մեր քայլերը յստակ են ու նպատակային: Ժողովրդավարութիւն քարոզող աշխարհը չի կարող այն ստորադասել տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին եւ քողարկուած ու երկակի չափանիշներով փորձել թաղել Ղարաբաղեան հիմնահարցը»: (Դաւիթ Իշխանեանի խօսքը ամբողջութեամբ կը հրատարակենք՝ «Գանձասար»-ի Ապրիլ Գ․ համարով)։

Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ Մարիա Չիչեան-Պայրամեանի ազգային, հայրենասիրական երգերու հմայիչ կատարումով, որուն ընկերակցեցան հարիւրաւոր երիտասարդներ ու պատանիներ։

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան այս առիթով իր սրտի խօսքը ուղղելով ըսաւ։

«Վստահաբար գիտէք, թէ որքա՛ն հարազատ կը զգանք երբ Սուրիոյ հայութեան հայատրոփ կեդրոն՝ Հալէպի մէջ ենք... պաշտօնական հանգամանքներէն անդին ինծի համար տունդարձի համազօր է այսպիսի ամէն մէկ այց:

Եւ որքան յատկանշական է, որ երկրաշարժի ցնցումներէ անցած սուրիահայութիւնը Արցախի զօրակցական ձեռնարկ է կազմակերպած այսօր, իսկ տագնապահար ու շրջափակուած Արցախը դրամահաւաք էր կազմակերպած ու պատկառելի գումար է յատկացուցած սուրիահայութեան: Սա լաւագոյն ապացոյցներէն է մեր ժողովուրդի միասնականութեան:

Այսօր ձեզի բերած եմ ՀՅԴ հայրենի եւ աշխարհատարած ընտանիքի ողջոյններն ու սատար հանդիսանալու պատրաստակամութիւնը: Ահաւասիկ դարձեալ Սուրիա ենք ամուր կանգնելու ձեր կողքին ... հոս են ՀՅԴ Բիւրոյի ընկերները, Հայաստանի եւ Արցախի մեր ներկայացուցիչները, Միջին Արեւելքի (Իրանի եւ Արաբական Աշխարհի) մեր մարմիններու եւ Հայ Դատի գրասենեակի ու յանձնախումբի ընկերները՝ ոչ միայն մասնակցելու Հալէպի մէջ գումարուող մեր շրջանային խորհրդաժողովներուն, այլեւ ձեր կողքին ըլլալով ձեզի փոխանցելու բոլորիս անհուն սէրը, խոր յարգանքը եւ աներեր զօրակցութիւնը»: (Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի խօսքը ամբողջութեամբ կը հրատարակենք՝ «Գանձասար»-ի Ապրիլ Գ․ համարով)։

Օրուան եզրափակիչ խօսքըը ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Եպս․ Աշգարեան։

Անդրադառնալով Արցախի շրջափակման եւ մեր ժողովուրդի դիմադրողական ոգիին, սրբազան հայրը յայտնեց․

Արցախի մեր ազգակից եղբայրներուն եւ քոյրերուն զօրակցական այս հաւաքը կուգայ մեծագոյն եւ կենդանի վկայութիւնը հանդիսանալու մեր հայկական պինդ հոգիին, աննկուն կամքին եւ անյաղթահարելի ոգիին»։

«Կը պարտուինք եւ կը կորսնցնենք, երբ մեր հաւատքը կը տկարանայ, երբ մեր սէրը կը նուազի, երբ մեր յոյսը կը չքանայ: Այնքան ատեն, որ մեր սրտին մէջ սէրը կը բաբախէ, այնքան ատեն որ մեր էութեան մէջ հաւատքը զօրեղ կը մնայ եւ յաւիտենականութեան հանդէպ յոյսը վառ՝ որեւէ ոյժ աշխարհի վրայ չի կրնար ընկճել մեզ, այնպէս ինչպէս չէ կրցած ընկճել եւ պիտի չկարենայ ընկճել մեր միասնական ոգին»:

«Այսօր մենք որպէս ժողովուրդ չենք կրնար անտարբեր գտնուիլ, մանաւանդ յարութեան տօնական այս ժամանակաշրջանին մէջ բոլորս զօրակոչի կը հրաւիրուինք ու մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք Արցախի մեր քոյր եւ եղբայրներուն։ Մենք ձեզի հետ ենք, այնպէս ինչպէս դուք մեզի հետ եղաք: Մենք ձեզի հետ պիտի ըլլանք եւ պիտի շարունակենք ձեզի հետ տագնապիլ, պայքարիլ մինչեւ որ արդարութեան եւ յաղթանակի դրօշակը ծածանի Հայաստանի եւ Արցախի երկնակամարին վրայ»:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։