կարևոր
5428 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-01-28 13:18
Սփյուռք

Արցախի Զօրակցական Հաւաք Այնճարի Մէջ` Ընդդէմ Ազրպէյճանի Կողմէ Ծաւալուած Հայաթափման Արշաւին

Արցախի Զօրակցական Հաւաք Այնճարի Մէջ` Ընդդէմ Ազրպէյճանի Կողմէ Ծաւալուած Հայաթափման Արշաւին

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, չորեքշաբթի, 25 յունուար 2023-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին տեղի ունեցաւ Արցախի զօրակցական հաւաք` Այնճարի կեդրոնական հրապարակին վրայ:

Բացման խօսքը արտասանեց Լալիկ Խոշեան ու ըսաւ. «Այն պահուն, երբ աշխարհը կը պատրաստուէր դիմաւորելու տօնական օրերը, հոն. Արցախի մէջ, տարբեր էր կացութիւնը, որովհետեւ 12 դեկտեմբեր 2022-էն, Ազրպէյճանի բեմադրած բնապահպանական գործողութեամբ ու կեղծ պատրուակներով, կը փակուէր Հայաստանը Արցախին կապող միակ ճանապարհը` Բերձորի միջանցքը, մարդասիրական աղէտ ստեղծելով, կազատար խողովակը խափանելով ու Արցախի բնակչութիւնը զրկելով ջեռուցման կարելիութենէն: Բայց, աւա՜ղ, միայն ցաւով ու ցասումով կարելի է զարմանալ Հայաստանի ժողովուրդին եւ մանաւանդ քաղաքամայր Երեւանի ամանորեան ու Սուրբ Ծննդեան չափազանցուած ցնծութիւններու երեւոյթին ի տես, որ կ՛արտայայտէր իշխանութիւններուն անտարբերութիւնն ու թշնամիին կամքին ենթարկուելու անողնայար քաղաքականութիւնը:

«Բայց այսօր մեր հիմնահարցն ու կիզակէտը անվերապահօրէն ու վճռակամօրէն Արցախի ինքնութեան խնդիրն է: Արցախի հայութիւնը պիտի չյուսահատի` հակառակ միջազգային հանրութեան անգործունեայ վերաբերմունքին»:

Ան իր խօսքը եզրափակեց` հաստատելով. «Այս պահուն մենք Այնճարի այս հրապարակէն բարձրաձայն ու հրապարակային կոչ կ՛ուղղենք ամբողջ հայութեան` մէկ անձի նման ու մէկ բռունցքով արդար պահանջատիրութեամբ ներկայանալու ամբողջ աշխարհին, ամբողջ մարդկութեան` որեւէ ժամանակէ աւելի շեշտելով Հայաստան – Արցախ – սփիւռք եռամիասնութեան անհրաժեշտութիւնը»:

Օրուան առաջին պատգամաբերն էր Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ Աւետարանական վարժարանի տնօրէն պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան: Ան դիտել տուաւ, որ Արցախի հայ մանուկները շրջափակման, սնունդի եւ վառելանիւթի սակաւութիւն պատճառով զրկուած են դպրոց յաճախելէ եւ բնական ուսում ստանալէ: Մենք` իբրեւ գիւղի վարժարաններ, պարտականութիւնը ունինք ձայնը ըլլալու Արցախի մէջ գտնուող 2000-է աւելի աշակերտներուն, որոնք չեն վայելեր իրենց ուսման իրաւունքը, ինչպէս նաեւ կը տառապին սնունդի անբաւարարութենէն: Եզրափակելով` ան կոչ ուղղեց. «Մեր ձայնը միացնենք հայ մանուկին, հայուն ձայնին եւ ո՛չ ըսենք մարդկային իրաւունքներու ամէն տեսակի խախտումի: Ըլլանք Արցախի մեր հայրենակիցներուն կողքին»:

Զահլէի ՀՅԴ «Արամ» կոմիտէի խօսքը արաբերէնով արտասանեց Խաժակ Բալուլեան, որ ըսաւ. «Այսօր հաւաքուած ենք դատապարտելու ազերիներու վայրագութիւնը Արցախի ժողովուրդին դէմ: 45 օրերէ ի վեր Արցախի մանուկները կը մնան առանց դպրոցի, հիւանդները` առանց դեղի, Արցախի ամբողջ ժողովուրդը շրջափակուած ըլլալով` զրկուած է նուազագոյն իրաւունքներէն: Դժբախտաբար միջազգային ընտանիքը միայն կը դիտէ եւ անտարբեր կը մնայ Արցախի նկատմամբ: Կը պահանջենք միջազգային կազմակերպութիւններէն, որ միջամտեն եւ պահանջեն Ազրպէյճանէն` բանալ Հայաստանը Արցախին կապող ճանապարհը եւ արտօնէ Արցախի ժողովուրդին, որ իր հայրենիքին մէջ ապրի ազատ եւ արժանապատուութեամբ»:

Յաջորդ խօսքը դարձեալ արաբերէնով արտասանեց Պեքաայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, որ դիտել տուաւ, թէ Արցախի ժողովուրդը աշխարհի ամէնէն դժուար եւ խիստ շրջափակումը կ՛ապրի ու կ՛ենթարկուի կենցաղային դժուար պայմաններու, բայց եւ այնպէս, միջազգային ընտանիքը աւելի հետաքրքրուած է Ազրպէյճանի քարիւղով, քան` Արցախի ճակատագիրով: Հայր սուրբը նշեց, որ հայ ժողովուրդը վարժ է տառապանքի, կը պայքարի յանուն իր հողի ազատագրութեան, թշնամին կը փորձէ հայաթափել Արցախը, սակայն Արցախի ժողովուրդը տոկուն է եւ կը պայքարի իր ինքնորոշման իրաւունքին համար:

ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի խօսքը արտասանեց Յակոբ Այնթապլեան, որ ըսաւ. «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի եւ համայն մուսալեռցի-այնճարցիներուն անունով մեր գիւղի այս կեդրոնական հրապարակէն կ՛ողջունեմ հերոսական Արցախի քաջարի ժողովուրդը եւ մեր ամբողջական զօրակցութիւնն ու յարգանքը կը յայտնեմ անոնց եւ կը շեշտեմ, որ անոնց հայրենասիրութիւնը վառ օրինակ է համայն հայութեան, իրենց կամքի ուժը` հիացնող, պայքարի ոգին` ազատագրական պայքարի ներշնչման աղբիւր, անոնց տոկունութիւնը` թշնամին սարսափեցնող, հաւատոյ հանգանակը` անկախութեան կերտումով իւրաքանչիւր ազատատենչ հայու արժանապատուութեան վերադարձը»:

Բնութագրելով Արցախ աշխարհը` ան ըսաւ, որ Արցախը հայկական ճարտարապետական կոթողներու շքերթ է ու ազգային մշակութային արժէքներու քառաձայն պատարագ, անիկա արծիւներու խոյանք է ու արծուաբոյն, Արցախը հայոց պատմութեան վերջին քառորդ դարուն համազգային մեր արժանապատուութիւնը բարձր պահող ամրակուռ բերդն է:

«Յետ 2020-ի քառասունչորսօրեայ պատերազմին այս օրերուն փորձ կը կատարուի ամբողջական շրջափակումի ենթարկել վիրաւոր Արցախի մնացորդացը, շղթայել բերդը, շնչահեղձ ընել Արցախը, զգետնել մեր համազգային արժանապատուութիւնը: Քաղաքագէտ ըլլալու կարիքը չկայ, նոյն համաթուրանական ծրագիրն է, որ կը փորձեն իրականացնել արիւնարբու Թուրքիան եւ անոր կրտսեր եղբայրը` նոյնքան վայրագ Ազրպէյճանը»:

«Հարուածը ամբողջ հայութեան գլխուն է, Ստեփանակերտէն մինչեւ Երեւան, Սիւնիքէն մինչեւ սփիւռք… Այդպէս էր երէկ` Ցեղասպանութեան օրերուն եւ փաստօրէն այդպէս է նաեւ այսօր: Պատմութիւնը ոսկի տառերով արձանագրած է նաեւ այն, որ երբ բաժակը յորդի կամ դանակը ոսկորին հասնի, համահայկական աստուածային ուժը կը ծնի հայութեան այս կամ այն հատուածին մէջ, ու կը փոխուի պատմութեան գահավէժ ընթացքը, այդպէս էր պարագան Սարդարապատի հերոսամարտերուն, Մուսա Լերան քառասնօրեայ հրաշագործութեան կամ 30-ամեակ մը առաջ անկարելի թուացող, բայց յաղթանակի փառքով պսակուած Շուշիի ազատագրումն ու Արցախի անկախացման», շեշտեց պատգամաբերը:

Յակոբ Այնթապլեան դիտել տուաւ, որ դժբախտաբար այս օրերուն բազմահազար զոհեր եւ բիւրաւոր հաշմանդամներ պատճառած ու հայրենիք խլած Արցախի 44-օրեայ պատերազմին իբրեւ հետեւանք` յուսահատութեան ու յուսախաբութեան մթնոլորտը թափանցած է հայկական բոլոր շրջաններու եւ շրջանակներու մէջ: «Բայց կայ նաեւ աւելի սարսափելին, երբ քու իշխանութիւններդ` անկախ Հայաստանի կառավարութիւնդ, Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի հարցով լուռ է ու անգործ, ասիկա ցաւալի է ու զայրոյթ պատճառող»:

Իր խօսքը եզրափակելով` Յակոբ Այնթապլեան շեշտեց. «44 օրերէ ի վեր ազերիները կը շարունակեն փակ պահել Արցախը Հայաստանին եւ արտաքին աշխարհին կապող միակ արիւնատար երակը, կ՛ընդհատեն կազի հոսանքը, կապի միջոցները, կ՛ահաբեկեն խաղաղ քաղաքացիները եւ այս բոլորը` լոյս աչքով եւ ռուս խաղաղապահներու աչքերու դիմաց: Թրքական գոռոզութեամբ կը սաստկացուի աւելի քան 120 հազար հաշուող արցախահայութեան կեանքին սպառնացող մարդկային եւ հողային աղէտը` դուռը լայն բանալով Արցախի հայաթափման ու պարպումին:

«Ուստի մենք` մուսալեռցիներս, իբրեւ արցախահայութեան հետ ճակատագրական բազմաթիւ նմանութիւններ ունեցող հերոսական ժողովուրդ, Մուսա Լեռ – Այնճարի սրտէն եւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի առաջնորդութեամբ, բուռն կերպով կը դատապարտենք թուրք-ազերիական հակամարդկային ու հակահայկական նման գործելաոճ ու սպառնալիք: Կոչ կ՛ուղղենք մեր հայրենիքի իշխանութիւններուն` վերջ դնելու ապազգային ու ազգակործան քաղաքականութեան, ազգային ու քաղաքական ուժերը համայնքներուն եւ կուսակցութիւններուն` համախմբուելու եւ վերակենդանացնելու Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով յայտարարուած ազգային յուշագիրին տարրն ու ոգին»:

Աւարտին ան խնդրեց ներկայ ժողովուրդէն եւ աշակերտներէն` բռունցքները վեր պահած` կրկնեն իր կողմէ արտասանուած հետեւեալ կարգախօսները.

«Արցախը մերն է, մե՛նք ենք մեր Արցախը,
Արցախը Հայաստանին է, Հայաստանը մերն է,
Մենք ենք Հայաստանը, ապագան հայաշխարհինն է:
Ապագան ամբողջական հայութեամբ ամբողջական Հայաստանին է»:

Հաւաքը վերջ գտաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով: