կարևոր
5803 դիտում, 1 տարի առաջ - 2022-11-18 10:54
Քաղաքական

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի լրիւ կազմը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի լրիւ կազմը

Հինգշաբթի, 17 Նոյեմբեր 2022-ին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հ.Յ.Դ. Բիւրոն լրիւ կազմով այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, առաջնորդութեամբ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի։

Աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին տեսակէտերու փոխանակում տեղի ունեցաւ, յատկապէս Հայաստանը ու Արցախը դիմագրաւող խնդիրներու ու մտահոգութիւններու շուրջ։ Թէ՛ Նորին Ս. Օծութիւնը եւ թէ Հ.Յ.Դ. Բիւրոն կարեւորութեամբ շեշտեցին Հայաստանն ու Արցախը ներկայ ճգնաժամային կացութենէն դուրս բերելու եւ դէպի հզօրացում ու փրկութիւն առաջնորդելու հրամայականը եւ այս ուղղութեամբ հաւաքական աշխատանք տանելու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը։