կարևոր
4309 դիտում, 1 տարի առաջ - 2022-11-12 11:46
Սփյուռք

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւնները Կը Դատապարտեն Ազրպէյճանի Զինուորական Ոճրագործներու Ոգեկոչումը Լիբանանի Մէջ

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւնները Կը Դատապարտեն Ազրպէյճանի Զինուորական Ոճրագործներու Ոգեկոչումը Լիբանանի Մէջ

Ուրբաթ, 11 նոյեմբեր 2022-ին, Նոր Հաճնոյ Հնչակեան կուսակցութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու արտակարգ ժողովը: Ժողովի աւարտին հրապարակուեցաւ մամլոյ հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները խստիւ կը դատապարտեն Աքքարի Քաուաշրա գիւղին մէջ այսպէս կոչուած «Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նահատակներու» յիշատակին յուշարձանի մը բացման դէպքը, այլ խօսքով` ազրպէյճանական բանակի «զոհեր»-ուն յիշատակին կանգնեցուած յուշակոթողի երեւոյթը:

Ժողովականները զարմանք եւ վրդովմունք յայտնեցին այս յուշարձանի տեղադրման եւ արարողութեան ընդհանուր հոլովոյթին մասին հաստատելով` որ արարքը իր էութեան մէջ կը հակասէ պաշտօնական Պէյրութի հրապարակած յայտարարութեան, առ այն, որ ազրպէյճանական զօրքերը ներխուժած են Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներ եւ այնտեղ գործած ոճիրներ: Նման հաստատում կատարած են նաեւ միջազգային ընտանիքի բազմաթիւ պետութիւններ` բացայայտելով Ազրպէյճանի ռազմական յանցագործ ըլլալու դիմագիծը եւ պահանջելով հայաստանեան տարածքներէն ազրպէյճանական բանակին հեռացումը:

Հիմա Լիբանանի մէջ, լիբանանեան պետական դէմքերու ներկայութեան կ՛ոգեկոչուի յանցագործ բանակ մը, որ կը շարունակէ սպառնալ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն եւ որ փաստերը տուած է Սումկայիթի, Կիրովապատի, Թալիշի եւ Պուտափէշտի մէջ ռազմական ամէնէն վայրագ ոճիրները գործադրելու եւ ցեղային զտումի քաղաքականութիւնը շարունակելու:

Ժողովը անհրաժեշտ գտաւ, որ Լիբանան չներքաշուի ազրպէյճանական թափանցումի ու պատմութեան նենգափոխման այս նոր ծուղակին մէջ եւ յարգէ հայ ժողովուրդի իրաւունքներն ու յատկապէս լիբանանահայ համայնքի արժանապատուութիւնը:
 

ՍԴՀԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ