|
Փոխարժեքներ
24 04 2026
|
||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 371.83 |
| EUR | ⚊ | € 434.37 |
| RUB | ⚊ | ₽ 4.9452 |
| GBP | ⚊ | £ 501.41 |
| GEL | ⚊ | ₾ 138.2 |
Մօտէն հետեւելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանագիծին վրայ ատրպէյճանցիներու կատարած ոտնձգութիւններու ծաւալումը Սիւնիքի մէջ, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ հրապարակում մը կատարեց, որով կը յայտնէ, թէ պէտք է յարգուի Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը։ Նախարարարութիւնը, ակնարկելով նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի սահմաններու հատումին ու ներթափանցումին, կը նշէ, թէ պէտք է կանք առնեն միակողմի արարքները, որոնք կը խափանեն շրջանային խաղաղութիւնը եւ կայութիւնը։
Ստորեւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան գրառումը։
«Մասնաւորապէս մտահոգիչ է լարուածութիւնը, որ ստեղծուած է Հայաստանի սահմաններու երկայնքին։ Պէտք է յարգուի Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը։ Անհրաժեշտ է խուսափիլ որեւէ միակողմի արարքներէ, որոնք կրնան խափանել շրջանային խաղաղութիւնը եւ կայութիւնը։
azator.gr