|
Փոխարժեքներ
07 09 2026
|
||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 363.7 |
| EUR | ⚊ | € 422.76 |
| RUB | ⚊ | ₽ 4.2027 |
| GBP | ⚊ | £ 492.38 |
| GEL | ⚊ | ₾ 139.16 |
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած քանդումները ստուգելու եւ հայահոծ շրջաններու բնակիչներու վիճակին ծանօթանալու ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 14 օգոստոսին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան` ընկերակցութեամբ «Քրիստափոր» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վազգէն Պեքերեճեանի, այցելեցին Մար Մխայէլի եւ Էշրեֆիէի` նիւթական վնասներու ենթարկուած եւ վիրաւորուած հայորդիներուն բնակարանները, խանութները:
Այցելութիւններուն նպատակն էր գետնի վրայ գնահատումը կատարել պայթումին պատճառած քանդումներուն եւ զօրակցութիւն յայտնել նիւթական վնասներ կրած ու վիրաւոր հայորդիներուն:
Այցելութեանց ընթացքին շեշտը դրուեցաւ վնասուած հայորդիներուն դժուարութիւնները թեթեւցնելու անհրաժեշտութեան վրայ:
aztagdaily.com