Իրենց ալ միացնողը Դաշնակցութիւնն է ...
Սփյուռքի ձայնը

Յաճախ չէ, թէ համայնավար եւ աջակողմեան կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ քով քով կուգան, հասարակ յայտարար ունեցող հարցեր քննելու եւ միասնաբար աշխատելու համար:
Ահա բացառութեան կանոնը երբ Արցախի ու Հայաստանի քաղաքական օրակարգով իրենց քով քով բերաւ գործակցութեան հրաւէրը Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ ՀՅԴաշնակցութեան Կիպրոսի Կոմիտէի:
Ժողովին - որուն արդիւնքները պիտի հրապարակուին շուտով - կը մասնակցէին Եւրոխորհրդարանի անդամներ, աջակողմեան ՏԻՍԻ կուսակցութեան Լուկաս Ֆուրլաս, Համայնավար Եւրոխորհրդարանական Եորղոս Եորղիու, Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ ընկեր Յակոբ Գազանճեան եւ ՀՅԴաշնակցութեան Կիպրոսի Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Սիմոն Այնէճեան: