կարևոր
775 դիտում, 1 ժամ առաջ - 2026-08-17 13:03
Հասարակություն

Աստվածածնի վերափոխման տոնը նշվել է նաև Անթիլիասի Մայրավանքում

Աստվածածնի վերափոխման տոնը նշվել է նաև Անթիլիասի Մայրավանքում

Աստվածածնի վերափոխման տոնը նշվել է նաև Անթիլիասի Մայրավանքում։ Հաղորդագրության մեջ նշվում է.

Սուրբ Աստուածածնայ վերափոխման տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի, 16 Օգոստոս 2026-ի, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Սուրբ Պատարագը մատուցեց, յաւուր պատշաճի քարոզեց եւ խաղողօրհնէք կատարեց Կաթողիկոսարանիս դիւանապետ Գերաշնորհ Տ. Տաճատ Եպիսկոպոս Աշըգեան։

Սրբազան հայրը քարոզը հիմնեց «Մայր սուրբ, բարեխօսեա՛» աղերսանքին վրայ՝ բացատրելով տօնին առնչուած երկու կարեւոր խորհուրդները՝ «մայրութիւն» եւ «բարեխօսութիւն»։ Առանձնացնելով Աստուածամօր «Մայրութիւն» կերպարը՝ ան ըսաւ, որ Սուրբ Մարիամ մնաց խաչը բարձրացած Քրիստոսի ոտքերուն տակ։ Տաճատ սրբազան անոր մայրութեան անդրադարձաւ ոգեղէն եւ նիւթեղէն դիտանկիւններէ եւ ընդգծեց, որ քրիստոնէական հաւատքի մեծագոյն դասերէն է հաւատալ՝ երբ նոյնիսկ աչքերը չեն տեսներ, վստահիլ՝ երբ ճանապարհը մութ է, մնալ Քրիստոսի կողքին՝ երբ խաչը ծանր է։ Առ այդ, ան յորդորեց մայրերը ամուր մնալ Քրիստոսով, նոյնիսկ երբ զաւակներուն ծանրութիւնը կը տկարացնէ ուսերը, որովհետեւ Քրիստոս Իր մօր ընդմէջէն պիտի դառնայ օգնական դժուար պայմաններով շրջապատուած իւրաքանչիւր մօր։ Քարոզիչ սրբազանը յիշեցուց, որ Սուրբ Աստուածածին Վանքի ուխտի շաբթուան ընթացքին ուխտաւորներ վերանորոգուեցան Աստուածամօր մեզի փոխանցած պատգամներով ու խորհուրդներով, եւ քաջալերեց հաւատացեալները գործադրել զանոնք՝ վստահելով Քրիստոսի։

Բացատրելով «Բարեխօսութիւն» իմաստը, սրբազան հայրը յորդորեց հաւատացեալները չվարանելու դիմելէ Աստուածամօր բարեխօսութեան, ինչպէս որ մանուկ մը իր մօր բարեխօսութիւնը կը խնդրէ հօր մօտ. «Այս հրաշափառ տօնին առիթով, դիմենք Աստուածամօր եւ ըսենք.- Դո՜ւն, որ Քրիստոսը կրեցիր քու սրտիդ եւ արգանդին մէջ, դո՜ւն, որ խաչին մօտ չլքեցիր Որդիդ, դո՜ւն, որ այսօր կը կանգնիս երկնային փառքի մէջ, քու մայրական բարեխօսութիւնդ բարձրացո՜ւր առ Աստուած եւ բարեխօսէ մեր ժողովուրդին համար, մեր ընտանիքներուն, երիտասարդներուն, ննջեցեալներուն եւ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ համար։ Առաջնորդէ մեզ դէպի քու Որդիդ՝ Յիսուս Քրիստոսը, որուն կը պատկանի փառքը, իշխանութիւնն ու պատիւը» ըսելով՝ եզրափակեց իր քարոզը։

Սուրբ Պատարագի աւարտին, Տաճատ եպիսկոպոս նախագահեց խաղողօրհնէքի արարողութեան, որ աւանդութեան համաձայն առաջին բերքի նուիրումն է Աստուծոյ եւ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուի Աստուածածնայ վերափոխման տօնին, որովհետեւ անկէ ծնաւ Կեանքի Պտուղը՝ Քրիստոս, որ ըսած էր «Ես եմ ճշմարիտ որթատունկը» (Յհ 15.1):

Բոլորիս ուխտն ու աղօթքները ընդունելի ըլլան։