Միասին կարող ենք
կարևոր
682 դիտում, 1 ժամ առաջ - 2026-04-02 15:05
Հասարակություն

Շարունակվում է Հայաստանի Ազգային գրադարանի և «Ազդակ» օրաթերթի միջև համագործակցությունը

Շարունակվում է Հայաստանի Ազգային գրադարանի և «Ազդակ» օրաթերթի միջև համագործակցությունը

Հայաստանի Ազգային գրադարանին եւ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրական կազմին միջեւ համագործակցութիւնը աշխուժ կերպով կը շարունակուի: Ներկայիս կը կատարուի օրաթերթի ամբողջական մատենագիտութեան կազմութեան աշխատանքը:

Գրադարանի մատենագէտներուն կողմէ արդէն իսկ կը կազմուի «Ազդակ»-ի մատենագիտութիւնը`  նպատակ ունենալով համակարգել եւ գիտական շրջանառութեան մէջ դնել թերթի հարուստ բովանդակութիւնը: Կը նախատեսուի, որ այս ծաւալուն աշխատութիւնը պիտի հրատարակուի 2027 թուականին` «Ազդակ»-ի 100-ամեակին առիթով, դառնալով արժէքաւոր ուղեցոյց յատկապէս սփիւռքահայ կեանքի, պատմութեան եւ մամուլի ուսումնասիրութեամբ զբաղող հետազօտողներուն համար:

Յիշեցնենք, որ այս նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչուեցաւ Հայաստանի ազգային գրադարանին եւ «Ազդակ»-ի խմբագրական կազմին միջեւ 2021-ին կնքուած փոխըմբռնման յուշագիրով, որ կը նախատեսէ համագործակցութեան լայն շրջանակ` միացեալ ծրագիրներու իրականացումէն մինչեւ թուայնացման աշխատանքներ եւ մասնագիտական փորձառութեան փոխանակում: Արդէն իսկ «Ազդակ»-ի ամբողջական թուայնացուած արխիւը կը պահպանուի Ազգային գրադարանին մէջ, ինչ որ կարեւոր քայլ է սփիւռքահայ մամուլի ժառանգութեան պահպանման եւ հասանելիութեան ապահովման ուղղութեամբ:

Այս գործակցութեան ծիրին մէջ 31 մարտին Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէն Աննա Չուլեան Երեւանի մէջ ընդունեց «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ խմբագրապետ Շահան Գանտահարեանը, որ ծանօթացաւ ընթացիկ աշխատանքներուն, մասնակցեցաւ քննարկումներուն եւ գրադարանին նուիրեց «Ազդակ»-ի 2026-ի Նոր տարուան բացառիկը:  Այս առիթով հրապարակուած լրատուութեան մէջ Ազգային գրադարանը կը նշէ, որ «Ազդակ»-ի մատենագիտութեան կազմութիւնը ոչ միայն կարեւոր գիտական նախաձեռնութիւն է, այլ նաեւ նախադէպային քայլ` սփիւռքահայ մամուլի համակարգուած ուսումնասիրութեան եւ զայն Հայաստանի ազգային գրադարանի հենքին վրայ կեդրոնացնելու ուղիին վրայ:

Լրատուութեան մէջ կը յիշուի նաեւ, որ 1927 թուականէն լոյս տեսնող «Ազդակ» օրաթերթը մինչ այսօր անընդմէջ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը`«հանդէս գալով իբրեւ սփիւռքահայ մամուլի առանցքային հարթակներէն մէկը` կարեւոր դեր ունենալով աշխարհի տարբեր համայնքներուն մէջ հայ գիրի, լեզուի ու մշակոյթի պահպանման առումով»:

«Հայերէնով հրատարակուիլը «Ազդակ»-ին կու տայ առանձնայատուկ դեր` իբրեւ սփիւռքի մէջ հայոց լեզուի պահպանման ու տարածման գործուն միջոց», կը նշուի գրադարանի լրատուութեան մէջ:

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ «Ազդակ» օրաթերթի թուայնացուած թիւերը հասանելի են Հայաստանի Ազգային գրադարանի «Հայ մամուլ» ելեկտրոնային շտեմարանին մէջ: https://tert.nla.am/mamul/Azdak_Beyrut/NLA.html

 

Աղբյուրը՝ aztagdaily.com